YouVersion Logo
Search Icon

ՍԱՂՄՈՍ 39

39
ՏԱՌԱՊՈՂ ՄԱՐԴՈՒ ՄԸ ԽՈՍՏՈՎԱՆՈՒԹԻՒՆԸ
Գլխաւոր երաժշտին՝ Դաւիթին Սաղմոսը
1Ըսի թէ ճամբաներուս զգուշութիւն ընեմ,
Որպէս զի լեզուովս մեղք չգործեմ։
Բերանս սանձով պահեմ՝
Ամբարիշտին իմ առջեւս եղած ատենը։
2Մունջ եղայ լռութիւնով,
Աղէկութեան վրայով ալ լռեցի
Ու ցաւս շարժեցաւ։
3Սիրտս բորբոքեցաւ ներսիդիս,
# 39:3 Կամ, մտածութեանս Ջերմութեանս մէջ կրակը վառեցաւ,
Այն ատեն լեզուովս խօսեցայ.
4«Ցուցո՛ւր ինծի, ո՛վ Տէր, իմ վերջս
Եւ օրերուս չափը որչափ է»,
Որպէս զի գիտնամ թէ ի՛նչպէս անցաւոր եմ։
5Ահա իմ օրերս թիզերու չափ դրիր
Ու իմ կեանքս ոչնչի պէս է քու առջեւդ։
Իրաւ ամէն մարդ թէեւ հաստատուած ըլլայ,
Բայց բոլորովին ունայնութիւն է։ (Սէլա։)
6Արդարեւ մարդը ստուերի մը պէս կը պտըտի.
Արդարեւ փուճ տեղը անհանգիստ կ’ըլլայ.
Կը դիզէ, բայց չի գիտեր թէ ո՞վ պիտի առնէ զանոնք։
7«Ու հիմա ի՞նչ բանի սպասեմ, ո՛վ Տէր.
Իմ յոյսս դուն ես։
8Փրկէ զիս իմ բոլոր յանցանքներէս,
Զիս յիմարներուն նախատինքին առարկայ մի՛ ըներ։
9Մունջ եղայ ու բերանս չբացի,
Վասն զի դուն ըրիր։
10Քու հարուածդ հեռացո՛ւր ինծմէ.
Ձեռքիդ զարնելովը ես կորսուեցայ։
11Անօրէնութեան համար յանդիմանութիւններով կը խրատես մարդը,
Ցեցի մը պէս կը մաշեցնես անոր ցանկալի բաները.
Իրաւ ամէն մարդ ունայնութիւն է։ (Սէլա։)
12Ո՛վ Տէր, լսէ՛ իմ աղօթքս ու ակա՛նջ դիր աղաղակիս.
Արցունքներս մի՛ անտեսեր.
Վասն զի քու առջեւդ պանդուխտ մըն եմ ես,
Հիւր մը իմ բոլոր նախնիքներուս պէս։
13Թոյլտուութիւն ըրէ ինծի, որ զուարթանամ,
Քանի որ չեմ գացեր այն տեղը որ ա՛լ պիտի չգտնուիմ»։

Currently Selected:

ՍԱՂՄՈՍ 39: WARMB

Highlight

Copy

Compare

Share

None

Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in