ՍԱՂՄՈՍ 36
36
ՄԱՐԴՈՒՆ ՉԱՐՈՒԹԻՒՆԸ
Գլխաւոր երաժշտին՝ Դաւիթին Սաղմոսը
1Ամբարշտին չարութեանը վրայով սրտիս մէջի խօսքը այս է.
Աստուծոյ վախը չկայ իր աչքերուն առջեւ։
2Վասն զի ինքզինք կը շողոքորթէ իր աչքերուն առջեւ՝
Խորհելով թէ իր անօրէնութիւնը յայտնի եւ ատելի չըլլար։
3Անոր բերնին խօսքերը անօրէնութիւն ու նենգութիւն են.
Իմաստութիւն չունի բարին ընելու համար։
4Իր անկողնին մէջ անօրէնութեան վրայ կը մտածէ
Ու կը կենայ այնպիսի ճամբու մը մէջ, որ աղէկ չէ
Եւ չարէն չի զզուիր։
5Ո՛վ Տէր, քու ողորմութիւնդ մինչեւ երկինք կը հասնի
Ու քու ճշմարտութիւնդ՝ մինչեւ ամպերը։
6Քու արդարութիւնդ հզօր լեռներու պէս է,
Քու իրաւունքդ մեծ անդունդ մըն է.
Մարդիկն ու անասունները դուն կ’ապրեցնես, ո՛վ Տէր։
7Ո՛վ Աստուած, ի՜նչ գերազանց է քու գթութիւնդ։
Մարդոց որդիները քու թեւերուդ հովանաւորութեանը կ’ապաւինին։
8Անոնք քու տանդ պարարտութենէն պիտի կշտանան
Ու քու հաճութիւններուդ գետէն պիտի խմցնես անոնց։
9Վասն զի կեանքի աղբիւրը քու քովդ է.
Քու լուսովդ լոյս պիտի տեսնենք։
10Քու ողորմութիւնդ քեզ ճանչցողներուն շարունակէ
Ու քու արդարութիւնդ՝ սրտով ուղիղներուն։
11Ամբարտաւանութեան ոտքը թող իմ վրաս չգայ
Ու չարերուն ձեռքը զիս չշարժէ։
12Հոն ինկան անօրէնութիւն գործողները.
Գետինը զարնուեցան ու չկրցան վեր ելլել։
Currently Selected:
ՍԱՂՄՈՍ 36: WARMB
Highlight
Copy
Compare
Share
Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in
Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981.