ՍԱՂՄՈՍ 35
35
ԱՂՕԹՔ ՄԸ ՕԳՆՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՐ
Սաղմոս Դաւիթի
1Ո՛վ Տէր, ինծի հետ հակառակողներուն հետ հակառակէ՛.
Ինծի հետ պատերազմողներուն հետ պատերազմէ՛։
2Ասպարը ու վահանը ա՛ռ
Ու ելի՛ր ինծի օգնութիւն ընելու։
3Նաեւ նիզակը քաշէ՛ ու ճամբան գոցէ՛ զիս հալածողներուն դէմ.
Ըսէ՛ անձիս. «Քու փրկութիւնդ ես եմ»։
4Իմ անձս փնտռողները թող ամչնան ու խայտառակ ըլլան։
Թող ետ դառնան ու ամչնան
Անոնք, որ ինծի համար չարութիւն կը խորհին։
5Հովին առջեւ եղած մղեղին պէս թող ըլլան անոնք
Եւ Տէրոջը հրեշտակը փախցնէ զանոնք։
6Անոնց ճամբան թող խաւար ու սահուն ըլլայ
Եւ Տէրոջը հրեշտակը թող հալածէ զանոնք։
7Վասն զի զո՜ւր տեղը իրենց որոգայթը փոսի մէջ ինծի համար ծածկեցին
Ու զո՜ւր տեղը փոս փորեցին անձիս համար։
8Թող անոր վրայ յանկարծ աւերում գայ
Եւ իր ծածկած որոգայթը զինք բռնէ,
Նոյն աւերման մէջ իյնայ։
9Սակայն իմ անձս Տէրոջմով պիտի ցնծայ,
Անոր փրկութիւնովը ուրախ պիտի ըլլայ։
10Իմ բոլոր ոսկորներս պիտի ըսեն.
«Տէ՛ր, ո՞վ քեզի նման է,
Որ աղքատը կ’ազատես անկէ, որ կը բռնանայ անոր վրայ
Ու աղքատը եւ տնանկը՝ իրենց յափշտակողէն»։
11Սուտ վկաներ ելան,
Չգիտցածներս կը հարցնէին ինծի։
12Աղէկութեան փոխարէն ինծի գէշութիւն ըրին։
Հոգիս անօգնական է։
13Բայց ես անոնց հիւանդութեան ատեն քուրձ կը հագնէի.
Իմ անձս ծոմով կը չարչարէի
Ու իմ աղօթքս իմ ծոցս #35:13 Կամ, կը դառնարպիտի դառնայ՝ ՝։
14Ինչպէս իմ ընկերիս կամ եղբօրս հետ՝ այնպէս ալ անոնց հետ կը վարուէի,
Իր մօրը համար սուգ ունեցողի մը պէս տրտմութեամբ կը խոնարհէի։
15Բայց անոնք իմ ինկած ատենս միասնաբար խնդացին։
Զարնողները իմ դէմ հաւաքուեցան, բայց ես բան մը չէի գիտեր։
Պատռեցին զիս, առանց դադարի.
16Խնճոյքի կեղծաւոր խեղկատակներու հետ
Ակռանին իմ վրաս կը կրճտէին։
17Ո՛վ Տէր, մինչեւ ե՞րբ պիտի նայիս։
Ազատէ՛ իմ անձս անոնց աւերումներէն,
Իմ կեանքս՝ առիւծի կորիւններէն։
18Այն ատեն մեծ ժողովին մէջ քեզ պիտի գովեմ,
Մեծ բազմութեան մէջ քեզ պիտի օրհնեմ։
19Զուր տեղը ինծի թշնամի եղողները՝ թող իմ վրաս չխնդան,
Առանց պատճառի զիս ատողները աչքով նշան թող չընեն։
20Վասն զի խաղաղութիւն չեն խօսիր,
Հապա երկրին մէջ հանդարտներուն դէմ նեղութիւն կը խորհին,
21Իրենց բերանը ինծի դէմ կը լայնցնեն՝ ըսելով.
«Վա՛շ, վա՛շ, մեր աչքերը տեսան»։
22Ո՛վ Տէր, դուն տեսար, լուռ մի՛ կենար.
Ո՛վ Տէր, ինծմէ մի՛ հեռանար։
23Արթնցի՛ր, ո՛վ իմ Աստուածս ու Տէրս
Ու իմ դատաստանիս ու դատիս հսկէ։
24Քու արդարութեանդ համեմատ իրաւունք ըրէ ինծի, ո՛վ իմ Տէր Աստուածս,
Որպէս զի վրաս չխնդան.
25Իրենց սրտին մէջ թող չըսեն թէ «Ահա մեր փափաքածը եղաւ»։
Ու թող չըսեն թէ «Կլլեցինք զանիկա»։
26Թող ամչնան ու մէկտեղ խայտառակ ըլլան
Անոնք, որ իմ չարիքիս վրայ կը խնդան.
Իմ վրաս հպարտացողները
Թող ամօթ եւ խայտառակութիւն հագնին։
27Թող ցնծան եւ ուրախանան
Անոնք, որ իմ արդարութիւնս կ’ուզեն
Ու միշտ թող ըսեն. «Աստուած թող մեծնայ,
Որ իր ծառային խաղաղութիւն կ’ուզէ»։
28Իմ լեզուս քու արդարութիւնդ պիտի պատմէ
Ու ամէն օր՝ քու գովութիւնդ։
Currently Selected:
ՍԱՂՄՈՍ 35: WARMB
Highlight
Copy
Compare
Share
Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in
Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981.

:
Highlight
Copy
Compare
Share
Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in
Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981.