YouVersion Logo
Search Icon

ՍԱՂՄՈՍ 34

34
ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԲԱՐՈՒԹԵԱՆ ՓԱՌԱԲԱՆՈՒԹԻՒՆԸ
Սաղմոս Դաւիթի, այն ատեն որ Աբիմելէքի առջեւ յիմար ձեւացաւ
1Ամէն ժամանակ Տէրը պիտի գովեմ։
Անոր գովութիւնը միշտ իմ բերանս պիտի ըլլայ։
2Իմ անձս Տէրոջմով պիտի պարծի։
Խոնարհները պիտի լսեն եւ ուրախ ըլլան։
3Ինծի հետ Տէրը մեծցուցէ՛ք
Ու մէկտեղ բարձրացնենք անոր անունը։
4Տէրը փնտռեցի ու ինծի պատասխան տուաւ
Եւ իմ ամէն երկիւղներէս զիս փրկեց։
5Անոր նայեցան ու լոյս առին
Եւ անոնց երեսները չամչցան։
6Այս աղքատը աղաղակեց ու Տէրը լսեց անոր
Եւ զանիկա իր բոլոր նեղութիւններէն փրկեց։
7Տէրոջը հրեշտակը իր բանակը անկէ վախցողներուն չորս կողմը կը դնէ
Ու զանոնք կ’ազատէ։
8Ճաշակեցէ՛ք ու տեսէք թէ Տէրը բարի է։
Երանի՜ այն մարդուն որ անոր կը յուսայ։
9Տէրոջմէ վախցէ՛ք, ո՛վ անոր սուրբեր,
Վասն զի անկէ վախցողներուն բան մը պակաս չըլլար։
10Առիւծի կորիւնները չքաւորութիւն ու անօթութիւն կը կրեն,
Սակայն Տէրը փնտռողներուն բարութիւն մը պակաս պիտի չըլլայ։
11Եկէ՛ք, ո՛րդիք, մտի՛կ ըրէք ինծի,
Տէրոջը վախը ձեզի պիտի սորվեցնեմ։
12Ո՞վ է այն մարդը որ ապրիլ կ’ուզէ
Ու շատ օրեր կը սիրէ՝ բարութիւն տեսնելու համար։
13Քու լեզուդ չարութենէ պահէ
Ու շրթունքներդ՝ նենգութիւն խօսելէ։
14Չարութենէ հեռացիր ու բարութիւն ըրէ,
Խաղաղութիւն փնտռէ ու անոր ետեւէն գնա՛։
15Տէրոջը աչքերը արդարներուն վրայ են
Ու անոր ականջները՝ անոնց աղաղակին։
16Տէրոջը երեսը չարագործներուն դէմ է,
Անոնց յիշատակը երկրէն բնաջնջելու համար։
17 Արդարները կ’աղաղակէն ու Տէրը կը լսէ
Ու իրենց բոլոր նեղութիւններէն կը փրկէ զանոնք։
18Տէրը մօտ է անոնց, որոնց սիրտը կոտրած է
Ու հոգիով խոնարհածները կ’ապրեցնէ։
19Արդարին նեղութիւնները շատ են,
Բայց Տէրը բոլորէն կը փրկէ զանիկա։
20Անոր բոլոր ոսկորները կը պահէ,
Անոնցմէ մէկը չի կոտրուիր։
21Չարութիւնը ամբարիշտը պիտի մեռցնէ
Ու արդարը ատողները պիտի դատապարտուին։
22Տէրը իր ծառաներուն անձը կը փրկէ
Եւ իրեն յուսացողներէն բնաւ մէկը պիտի չդատապարտուի։

Currently Selected:

ՍԱՂՄՈՍ 34: WARMB

Highlight

Copy

Compare

Share

None

Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in