ՍԱՂՄՈՍ 26
26
ԲԱՐԻ ՄԱՐԴՈՒ ՄԸ ԱՂՕԹՔԸ
Սաղմոս Դաւիթի
1Ո՛վ Տէր, զիս դատէ,
Վասն զի իմ անարատութիւնովս քալեցի։
Տէրոջը յուսացի, պիտի չսասանիմ։
2Ո՛վ Տէր, զիս փորձէ ու քննէ,
Փորձէ իմ երիկամունքներս ու սիրտս։
3Վասն զի քու ողորմութիւնդ իմ աչքերուս առջեւ է
Ու քու ճշմարտութեանդ մէջ քալեցի։
4Խարդախ մարդոց հետ չնստեցայ
Ու կեղծաւորներու պիտի չընկերանամ։
5Չարերուն ժողովը ատեցի
Ու ամբարիշտներուն հետ պիտի չնստիմ։
6Անմեղութիւնով ձեռքերս պիտի լուամ
Եւ քու սեղանիդ չորս կողմը պիտի պտըտիմ, ո՛վ Տէր,
7Որպէս զի շնորհակալութեան ձայնը լսել տամ
Ու քու բոլոր սքանչելիքներդ պատմեմ։
8Ո՛վ Տէր, սիրեցի քու տանդ բնակութիւնը
Եւ քու փառքիդ կեցած տեղը։
9Մի՛ կորսնցներ իմ անձս մեղաւորներուն հետ
Ու իմ կեանքս՝ արիւնահեղ մարդոց հետ,
10Որոնց ձեռքերուն մէջ անօրէնութիւն կայ
Ու անոնց աջ ձեռքը կաշառքով լեցուն է։
11Բայց ես իմ անարատութիւնովս պիտի քալեմ.
Զիս փրկէ՛ ու ինծի ողորմէ՛։
12Իմ ոտքս ուղղութեան մէջ կը կենայ։
Ժողովներուն մէջ Տէրը պիտի օրհնեմ։
Currently Selected:
ՍԱՂՄՈՍ 26: WARMB
Highlight
Copy
Compare
Share
Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in
Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981.