ՍԱՂՄՈՍ 19
19
ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՓԱՌՔԸ ՍՏԵՂԾԱԳՈՐԾՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ
Գլխաւոր երաժշտին՝ Դաւիթին Սաղմոսը
1Երկինք Աստուծոյ փառքը կը պատմէ
Ու երկնքի հաստատութիւնը անոր ձեռքերուն գործերը կը ցուցնէ։
2Օրը օրին կը յայտնէ խօսքը
Ու գիշերը գիշերին կը ցուցնէ գիտութիւնը։
3Չկայ զրոյց ու չկան խօսքեր.
Անոնց ձայնը չի լսուիր։
4 Բայց ամէն երկիր ելաւ անոնց հնչիւնը
Ու մինչեւ աշխարհի ծայրը՝ անոնց խօսքը։
Անոնց մէջ արեւին համար վրան մը կանգնեց.
5 # 19:5 Այսինքն, արեւը Անիկա իր առագաստէն ելած փեսայի պէս է,
Հզօր մարդու պէս իր ճամբան վազելով կ’ուրախանայ։
6Անոր ելքը երկնքի ծայրէն է
Ու անոր շրջանը մինչեւ անոնց ծայրերը
Եւ անոր տաքութենէն բան մը չի ծածկուիր։
ՏԷՐՈՋԸ ՕՐԷՆՔԸ
7Տէրոջը օրէնքը կատարեալ է, հոգին կը նորոգէ.
Տէրոջը վկայութիւնը ճշմարիտ է, տգէտը իմաստուն կ’ընէ։
8Տէրոջը կանոնները շիտակ են, սիրտը կ’ուրախացնեն։
Տէրոջը պատուիրանքները պայծառ են, աչքերուն լոյս կու տան։
9Տէրոջը վախը սուրբ է, յաւիտեան կը մնայ։
Տէրոջը դատաստանները ճշմարիտ ու բոլորովին արդար են։
10Ցանկալի են անոնք ոսկիէն ու շատ փորձուած ոսկիէն.
Մեղրէն անոյշ են ու խորիսխէ կաթած մեղրէն։
11Քու ծառադ անոնցմով կը խրատուի
Ու զանոնք պահելուն վարձքը շատ է։
12Ո՞վ կրնայ միտք առնել իր յանցանքները։
Ծածուկ մեղքերէն զիս մաքրէ.
13Ամբարտաւան մեղքերէն ալ պահէ քու ծառադ,
Թող անոնք ինծի չտիրեն։
Այն ատեն անմեղ կ’ըլլամ
Ու կը մաքրուիմ մեծ անօրէնութենէ։
14Բերնիս խօսքերը ու սրտիս խորհուրդը
Քու առջեւդ ընդունելի ըլլան,
Ո՛վ Տէր, իմ վէ՛մս ու փրկի՛չս։
Currently Selected:
ՍԱՂՄՈՍ 19: WARMB
Highlight
Copy
Compare
Share
Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in
Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981.

:
Highlight
Copy
Compare
Share
Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in
Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981.