ՍԱՂՄՈՍ 18
18
ԴԱՒԻԹԻՆ ՅԱՂԹՈՒԹԵԱՆ ԵՐԳԸ
Գլխաւոր երաժշտին՝ Տէրոջը ծառային Դաւիթին Սաղմոսը
1Ո՛վ Տէր, իմ զօրութի՛ւնս, քեզ պիտի սիրեմ։
2Տէրը իմ վէմս, ամրութիւնս ու փրկիչս է։
Իմ Աստուածս իմ պարիսպս է, ես անոր կը յուսամ,
Անիկա իմ վահանս ու իմ փրկութեանս եղջիւրը
Ու իմ բարձր աշտարակս է։
3Օրհնեալ Տէրը կը կանչեմ
Ու իմ թշնամիներէս կ’ազատիմ։
4Մահուան լարերը իմ բոլորտիքս առին
Ու անօրէնութեան հեղեղները զիս վախցուցին։
5Գերեզմանին լարերը զիս պաշարեցին
Ու մահուան որոգայթները իմ առջեւս առին։
6Իմ նեղութեանս մէջ Տէրոջը կանչեցի
Ու իմ Աստուծոյս աղաղակեցի.
Անիկա իր տաճարէն իմ ձայնս լսեց
Ու իմ աղաղակս անոր առջեւ՝ անոր ականջը հասաւ։
7Այն ատեն երկիր սասանեցաւ ու դողաց
Ու լեռներուն հիմերը շարժեցան ուսասանեցան,
Քանզի անիկա բարկացաւ։
8Անոր քթէն ծուխ ելաւ
Ու բերնէն՝ մաշող կրակ,
Անկէ կայծակներ բռնկեցան։
9Անիկա երկինքը խոնարհեցուց ու իջաւ,
Անոր ոտքերուն տակ մառախուղ կար։
10Քերովբէի մը վրայ ելաւ ու թռաւ
Ու հովին թեւերուն վրայ սլացաւ։
11Խաւարը իրեն ծածկոյթ ըրաւ
Ու իր բոլորտիքը՝ իրեն բնակարան,
Թանձր ջուրերը ու երկնքի ամպերը ըրաւ։
12Անոր պայծառութենէն ամպերը անցան
Կարկուտով ու կրակի կայծակներով։
13Տէրը երկնքին մէջ որոտաց
Եւ Բարձրեալը իր ձայնը լսել տուաւ
Կարկուտով ու կրակի կայծակներով։
14Իր նետերը ղրկեց ու զանոնք ցրուեց
Եւ շատ կայծակներ ղրկեց ու զանոնք խռովեցուց։
15Քու յանդիմանութիւնովդ, ո՛վ Տէր,
Քու բարկութեանդ հովին փչելովը
Ջուրերուն յատակները երեւցան
Ու աշխարհի հիմերը յայտնուեցան։
16Բարձրէն ղրկեց ու զիս բռնեց
Եւ շատ ջուրերէն զիս հանեց։
17Իմ զօրեղ թշնամիէս ու զիս ատողներէն ազատեց զիս.
Թէեւ ինծմէ զօրաւոր էին։
18Իմ նեղութեանս օրը իմ առջեւս առին,
Բայց Տէրը ինծի հաստատութեան գաւազան եղաւ
19Եւ զիս լայնարձակ տեղ մը հանեց
Ու զիս ազատեց, վասն զի ինծի հաւնեցաւ։
20Տէրը իմ արդարութեանս փոխարէն կը հատուցանէ,
Իմ ձեռքերուս մաքրութեանը համեմատ հատուցում կ’ընէ ինծի.
21Վասն զի Տէրոջը ճամբաները պահեցի
Ու իմ Աստուծոյս դէմ ամբարշտութիւն չըրի։
22Քանզի անոր բոլոր դատաստանները իմ առջեւս էին
Ու անոր օրէնքները ինծմէ չհեռացուցի։
23Նաեւ անոր առջեւ կատարեալ եղայ
Ու անօրէնութենէ զգուշացայ։
24Տէրը ինծի հատուցում ըրաւ իմ արդարութեանս համեմատ,
Իմ ձեռքերուս մաքրութեանը համեմատ՝ որ անոր աչքերուն առջեւ է։
25Ողորմածին հետ ողորմած կ’ըլլաս,
Կատարեալ մարդուն հետ կատարեալ կ’ըլլաս.
26Մաքուրին հետ մաքուր կ’ըլլաս
Ու ծուռին հետ կը ծռիս։
27Վասն զի դուն վշտացած ժողովուրդը կ’ազատես
Ու ամբարտաւան աչքերը կը ցածցնես։
28Քանզի դուն իմ ճրագս կը վառես։
Իմ Տէր Աստուածս իմ խաւարս կը լուսաւորէ։
29Քանզի քեզմով գունդի մը վրայ կ’արշաւեմ
Ու իմ Աստուծմովս պարիսպէ կ’անցնիմ։
30Աստուծոյ ճամբան կատարեալ է
Տէրոջը խօսքերը փորձուած են։
Անիկա ամէն իրեն յուսացողներուն ասպար է։
31Քանզի Տէրոջմէն զատ ո՞վ է Աստուած,
Կամ մեր Աստուծմէն զատ ո՞վ է վէմ։
32Աստուած է որ ինծի զօրութիւն կը հագցնէ
Ու իմ ճամբաս կատարեալ կ’ընէ։
33Իմ ոտքերս եղջերուի ոտքերուն պէս կ’ընէ
Ու իմ բարձր տեղերուս վրայ զիս կը կայնեցնէ։
34Ձեռքերս պատերազմի կը վարժեցնէ
Ու իմ #18:34 Կամ, բազուկներովս պղնձէ աղեղ մը կը կոտրուիբազուկներս պղնձէ աղեղ կը լարեն՝ ՝։
35Ինծի քու փրկութեանդ ասպարը տուիր.
Եւ քու աջ ձեռքդ զիս զօրացուց
Ու քու քաղցրութիւնդ զիս մեծցուց։
36Քալելու համար ճամբաս ներքեւս լայնցուցիր
Ու իմ ոտքիս յօդուածները չսասանեցան։
37Իմ թշնամիներս հալածեցի ու անոնց հասայ
Ու ետ չդարձայ՝ մինչեւ որ զանոնք հատցուցի.
38Զանոնք գետինը զարկի ու կանգնելու կարող չեղան։
Անոնք իմ ոտքերուս տակ ինկան։
39Պատերազմի համար ինծի զօրութիւն հագցուցիր,
Իմ վրաս ելլողները տակս ձգեցիր։
40Իմ թշնամիներուս #18:40 Կամ, պարանոցը ինծի տուիրկռնակը ինծի դարձնել տուիր՝ ՝,
Որպէս զի զիս ատողները ջարդեմ։
41Աղաղակեցին, բայց ազատող չկար։
Տէրոջը աղաղակեցին, բայց անոնց պատասխան չտուաւ։
42Ու զանոնք հովին առջեւէն մղուած փոշիի պէս մանրեցի
Եւ փողոցներուն ցեխին պէս մէկդի ձգեցի զանոնք։
43Ժողովուրդին կռիւներէն զիս ազատեցիր
Ու զիս ազգերու գլուխ ըրիր։
Ժողովուրդը, որ չէի ճանչնար, ինծի ծառայեց։
44Իրենց ականջներով լսածներուն պէս՝ ինծի հնազանդեցան.
Օտարները ինծի #18:44 Եբր., ստեցինխոնարհութիւն ըրին՝ ՝։
45Օտարները տկարացան
Եւ իրենց պահուըտած տեղերէն դողացին։
46Տէրը կենդանի է։
Իմ Վէմս օրհնեալ ըլլայ
Եւ իմ փրկութեանս Աստուածը բարձր ըլլայ։
47Աստուած է, որ իմ վրէժս կը լուծէ
Ու ժողովուրդները ինծի կը հնազանդեցնէ։
48Իմ թշնամիներէս զիս կը փրկէ.
Նաեւ զիս իմ հակառակորդներէս աւելի բարձրացուցիր
Ու բռնաւոր մարդէն զիս ազատեցիր։
49Անոր համար, ո՛վ Տէր, ազգերուն մէջ քեզ պիտի գովեմ։
Ես քու անուանդ սաղմոս պիտի երգեմ։
50Իր թագաւորին փրկութիւնները մեծցնողը
Ու իր օծեալին՝ Դաւիթին ու անոր սերունդին
Յաւիտեան ողորմութիւն ընողը՝ Ա՛ն է։
Currently Selected:
ՍԱՂՄՈՍ 18: WARMB
Highlight
Copy
Compare
Share
Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in
Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981.

:
Highlight
Copy
Compare
Share
Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in
Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981.