ՍԱՂՄՈՍ 17
17
ԱՆՄԵՂԻ ՄԸ ԱՂՕԹՔԸ
Դաւիթին Աղօթքը
1Ո՛վ Տէր, լսէ՛ արդար դատս,
Մտիկ ըրէ իմ աղաղակիս։
Ականջ դիր աղօթքիս,
Որ խաբեբայ շրթունքներով չէ։
2Իմ դատաստանս քու երեսէդ թող ելլէ.
Քու աչքերդ ուղղութիւնը թող տեսնեն։
3Իմ սիրտս փորձեցիր, գիշեր ատեն քննեցիր,
Զիս կրակով փորձեցիր ու բան մը չգտար.
# 17:3 Կամ, Բերանս իմ խորհուրդէս պիտի չհեռանայ Միտքս դրի որ բերանս պատուիրանազանց չըլլայ՝ ՝։
4Մարդոց գործերուն նայելով եւ
Քու շրթունքներուդ խօսքերովը ես բռնաւորին ճամբաներէն զգուշացայ։
5Իմ քայլերս քու ճամբաներուդ մէջ պահէ,
Որպէս զի իմ գնացքներս չսասանին։
6Ես քեզի կանչեցի, վասն զի ինծի պատասխան պիտի տաս, ո՛վ Աստուած։
Խոնարհեցո՛ւր ինծի քու ականջդ, լսէ՛ իմ խօսքս։
7Սքանչելի կերպով քու ողորմութիւններդ ցուցուր,
Դուն որ քեզի յուսացողները աջ ձեռքովդ կ’ազատես
Հակառակ կեցողներէն։
8Աչքի բիբի պէս զիս պահէ՛,
Թեւերուդ հովանաւորութեանը տակ զիս ծածկէ՛
9Ինծի տառապանք տուող ամբարիշտներուն երեսէն։
Իմ անձիս թշնամիները զիս պաշարեցին։
10Իրենց պարարտութիւնովը ծածկուեցան,
Իրենց բերնովը ամբարտաւանութեամբ խօսեցան։
11Հիմա մեր քայլերուն չորս կողմը պատելով՝
Աչքերնին մեր վրայ տնկեցին գետինը զարնելու համար,
12Առիւծի պէս, որ կը փափաքի գիշատել,
Առիւծի կորիւնի պէս, որ դարանակալ կ’ըլլայ։
13Ելի՛ր, ո՛վ Տէր, անոր առջեւ ինծի օգնութեան հասիր,
Զանիկա գետի՛նը զարկ։
Քու սրովդ փրկէ՛ իմ անձս ամբարիշտներէն,
14Քու ձեռքովդ՝ մարդոցմէն, ո՛վ Տէր,
Աշխարհի մարդոցմէն, որոնց բաժինը այս կեանքին մէջ է
Ու անոնց փորերը շտեմարաններէդ կը լեցնես.
# 17:14 Կամ, Անոնք որդիներով Անոնց որդիներն ալ՝ ՝ կը կշտանան
Ու իրենցմէ աւելցածը իրենց տղոցը կը թողուն։
15 Իսկ ես արդարութեամբ պիտի տեսնեմ քու երեսդ.
Երբ արթննամ քու դէմքէդ պիտի կշտանամ։
Currently Selected:
ՍԱՂՄՈՍ 17: WARMB
Highlight
Copy
Compare
Share
Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in
Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981.