ՍԱՂՄՈՍ 16
16
ՎՍՏԱՀՈՒԹԵԱՆ ԱՂՕԹՔ ՄԸ
Երգ Դաւիթի
1Ո՛վ Աստուած, զիս պահէ՛,
Վասն զի քեզի յուսացի։
2Տէրոջը ըսի. «Իմ Տէրս դուն ես,
Առանց քեզի բարիք մը չունիմ»։
3Երկրի մէջ եղող սուրբերուն ու պատուականներուն վրայ է իմ բոլոր հաճութիւնս։
4Անոնց ցաւերը պիտի շատնան, որոնք ուրիշ աստուած մը կը նախընտրեն.
Անոնց արիւնի նուէրները պիտի չնուիրեմ
Ու անոնց անունները շրթունքներուս վրայ պիտի չառնեմ։
5Տէրն է իմ ժառանգութեանս ու բաժակիս բաժինը.
Իմ վիճակս դուն պիտի պահես։
6Վիճակներ ելան ինծի զուարճալի տեղերու մէջ.
Իրաւ իմ ժառանգութիւնս ինծի գեղեցիկ եղաւ։
7Պիտի օրհնեմ Տէրը որ զիս խրատեց.
Նաեւ իմ երիկամունքներս գիշերուան մէջ ինծի կը սորվեցնեն։
8Ամէն ատեն Տէրը իմ առջեւս դրի.
Որովհետեւ իմ աջ կողմս է, պիտի չսասանիմ։
9Ասոր համար սիրտս ուրախ եղաւ ու #16:9 Այսինքն, անձս կամ, լեզուսփառքս բերկրեցաւ
Ու մարմինս ալ յոյսով պիտի հանգստանայ։
10Վասն զի իմ անձս գերեզմանին մէջ պիտի չթողուս
Ու քու սուրբիդ ալ ապականութիւն տեսնել պիտի չտաս։
11Կենաց ճամբան ինծի պիտի ցուցնես.
Երեսիդ առջեւ լեցուն ուրախութիւն կայ,
Քու աջ կողմդ միշտ հաճութիւններ կան։
Currently Selected:
ՍԱՂՄՈՍ 16: WARMB
Highlight
Copy
Compare
Share
Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in
Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981.

:
Highlight
Copy
Compare
Share
Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in
Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981.