ՍԱՂՄՈՍ 15
15
ՏԷՐԸ Ի՞ՆՉ ԿԸ ՊԱՀԱՆՋԷ
Սաղմոս Դաւիթի
1Տէ՛ր, ո՞վ պիտի կենայ քու վրանիդ մէջ,
Ո՞վ պիտի բնակի քու սուրբ լերանդ վրայ։
2Ան որ անմեղութեամբ կը քալէ ու արդարութիւն կ’ընէ
Եւ ճշմարտութիւն կը խօսի իր սրտէն։
3Ան որ լեզուովը չի զրպարտեր,
Ընկերին չարութիւն չ’ըներ,
Եւ իր դրացիին վրայ նախատինք չի դներ.
4Որուն առջեւ անարգուած է չարագործը,
Բայց աստուածավախները կը պատուէ.
Երդում կ’ընէ իր #15:4 Կամ, դրացիինվնասին ու չի դառնար.
5Իր արծաթը վարձքով չի տար
Ու անմեղին դէմ կաշառք չ’առներ։
Ով որ ասոնք կ’ընէ, յաւիտեան պիտի չսասանի։
Currently Selected:
ՍԱՂՄՈՍ 15: WARMB
Highlight
Copy
Compare
Share
Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in
Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981.

:
Highlight
Copy
Compare
Share
Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in
Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981.