ՍԱՂՄՈՍ 141
141
ԻՐԻԿՈՒԱՆ ԱՂՕԹՔ ՄԸ
Սաղմոս Դաւիթի
1Ո՛վ Տէր, քեզի կը կանչեմ, շուտով հասիր ինծի.
Ակա՛նջ դիր իմ ձայնիս, երբ քեզի կը կանչեմ։
2Թո՛ղ իմ աղօթքս խունկի պէս սեպուի քու առջեւդ
Եւ իմ ձեռքերուս վեր վերցուիլը՝ իրիկուան պատարագին պէս։
3Ո՛վ Տէր, պահապա՛ն դիր իմ բերնիս
Ու իմ շրթունքներուս դուռը պահպանէ։
4Մի՛ թողուր որ սիրտս չար բանի ետեւէ խոտորի,
Որպէս զի անօրէնութիւն գործող մարդոց հետ գէշ գործեր չընեմ
Ու անոնց համադամ կերակուրներէն չուտեմ։
5Արդարը թող զիս խրատէ եւ զարնէ ողորմութեամբ,
Բայց անօրէնին իւղը թող չօծէ գլուխս,
Վասն զի անդադար անոնց չարութիւններուն դէմ պիտի աղօթեմ։
6 Երբ անոնց դատաւորները ապառաժներու մէջ ձգուին,
Այն ատեն իմ խօսքերս պիտի լսեն, վասն զի քաղցր են։
7Ինչպէս #141:7 Կամ, փայտ կտրողըհերկողը ու ճեղքողը կը ցրուէ երկրի վրայ,
Այնպէս անոնց ոսկորները գերեզմանին բերանը ցիրուցան եղան.
8Սակայն, ո՛վ Տէր Եհովա, իմ աչքերս դէպի քեզ են.
Քեզի՛ յուսացի, իմ հոգիս անպաշտպան մի՛ ձգեր։
9Ինծի համար լարուած որոգայթէն
Ու անօրէնութիւն գործողներուն վարմերէն զիս պահէ։
10Ամբարիշտները իրենց ցանցերուն մէջ պիտի իյնան,
Մինչ միայն ես անվնաս պիտի անցնիմ։
Currently Selected:
ՍԱՂՄՈՍ 141: WARMB
Highlight
Copy
Compare
Share
Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in
Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981.

: