YouVersion Logo
Search Icon

ՍԱՂՄՈՍ 140

140
ԱՂՕԹՔ ՄԸ ԱՊԱՀՈՎՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՐ
Գլխաւոր երաժշտին՝ Դաւիթին Սաղմոսը
1Ո՛վ Տէր, չար մարդէն զիս փրկէ՛
Ու բռնաւոր մարդէն զիս պահէ՛,
2Որոնք սրտերնուն մէջ չար բաներ կը մտածեն
Ու ամէն օր կռիւներու համար կը հաւաքուին։
3Իրենց լեզուները օձի պէս սրեցին։
Իժի թոյն կայ անոնց շրթունքներուն տակ։ (Սէլա։)
4Ո՛վ Տէր, զիս ամբարշտին ձեռքէն պահէ՛.
Զիս բռնաւոր մարդէն պահպանէ՛,
Որոնք իմ գնացքներս խափանելու խորհուրդ ըրին։
5Ամբարտաւանները ինծի համար գաղտնի որոգայթ ու չուաններ լարեցին,
Ուռկան փռեցին իմ ճամբուս վրայ,
Վարմեր դրին ինծի համար։ (Սէլա։)
6Ըսի Տէրոջը. «Դուն ես իմ Աստուածս»։
Ո՛վ Տէր, լսէ՛ իմ աղաչանքիս ձայնը։
7Ով Տէր Եհովա, իմ փրկութեանս զօրութիւնը,
Դուն իմ գլխուս հովանի եղար պատերազմին օրը։
8Ո՛վ Տէր, ամբարշտին ցանկութիւնները մի՛ գոհացներ,
Անոր չար խորհուրդը մի՛ յաջողցներ,
Որ չըլլայ թէ բարձրանան։ (Սէլա։)
9Զիս պաշարողները բարձրացուցին իրենց գլուխները եւ
Իրենց շրթունքներուն չարախօսութիւնը թող զիրենք ընկճէ։
10Վառած ածուխներ թող իյնան անոնց վրայ.
Խորունկ ջուրերու մէջ թող ձգէ, որպէս զի բնաւ վեր չելլեն։
11Չարախօս մարդը երկրի վրայ պիտի չհաստատուի.
Թշուառութիւնը պիտի որսայ բռնաւոր մարդը,
Որպէս զի զանիկա կործանէ։
12Գիտեմ թէ Տէրը խեղճին դատաստանը պիտի տեսնէ
Ու իրաւունք պիտի ընէ աղքատներուն։
13Յիրաւի արդարները քու անունդ պիտի գովեն.
Ուղիղները քու առջեւդ պիտի բնակին։

Currently Selected:

ՍԱՂՄՈՍ 140: WARMB

Highlight

Copy

Compare

Share

None

Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in