YouVersion Logo
Search Icon

ՍԱՂՄՈՍ 13

13
ԱՂՕԹՔ ՄԸ ՕԳՆՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՐ
Գլխաւոր երաժշտին՝ Դաւիթին Սաղմոսը
1Ո՛վ Տէր, մինչեւ ե՞րբ բոլորովին զիս պիտի մոռնաս,
Մինչեւ ե՞րբ քու երեսդ ինծմէ պիտի ծածկես։
2Մինչեւ ե՞րբ մտքիս մէջ հոգեր պիտի ունենամ,
Ամէն օր սրտիս մէջ տրտմութիւն ունենալով.
Մինչեւ ե՞րբ թշնամիս իմ վրաս պիտի բարձրանայ։
3Նայէ՛, ո՛վ իմ Տէր Աստուածս ու պատասխան տուր ինծի.
Լուսաւորէ՛ իմ աչքերս,
Որպէս զի մահուան քունը չքնանամ։
4Չըլլայ որ թշնամիս ըսէ թէ՝ «Յաղթեցի անոր»,
Կամ թէ ինծի դէմ կեցողները խնդան իմ սասանելու ատենս։
5Ես քու ողորմութեանդ յուսացի,
Իմ սիրտս քու փրկութիւնովդ պիտի ցնծայ։
6Պիտի երգեմ Տէրոջը,
Վասն զի ինծի բարերարութիւն ըրաւ։

Currently Selected:

ՍԱՂՄՈՍ 13: WARMB

Highlight

Copy

Compare

Share

None

Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in