ՍԱՂՄՈՍ 127
127
ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԲԱՐՈՒԹԵԱՆ ՓԱՌՔԸ
Սողոմոնին աստիճաններուն երգը
1Եթէ Տէրը չշինէ տունը,
Զուր տեղ կ’աշխատին անոր շինողները։
Եթէ Տէրը չպահպանէ քաղաքը,
Զուր տեղ կը հսկեն պահապանները։
2Պարապ բան է ձեզի համար կանուխ ելնելը եւ ուշ հանգչիլը
Ու ցաւով հաց ուտելը։
Արդարեւ անիկա իր սիրելիին քուն կու տայ։
3Ահա տղաքը Տէրոջը ժառանգութիւնն են.
Որովայնի պտուղը անոր #127:3 Կամ, վարձքնպարգեւն է։
4Ինչպէս են նետերը զօրաւորին ձեռքին մէջ,
Այնպէս են երիտասարդներուն տղաքը։
5Երանի՜ այն մարդուն,
Որ իր կապարճը անոնցմով լեցուց։
Երբ դրանը մէջ թշնամիներուն հետ խօսելու ըլլան,
Պիտի չամչնան։
Currently Selected:
ՍԱՂՄՈՍ 127: WARMB
Highlight
Copy
Compare
Share
Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in
Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981.

:
Highlight
Copy
Compare
Share
Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in
Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981.