YouVersion Logo
Search Icon

ՍԱՂՄՈՍ 126

126
ԱՂՕԹՔ ՄԸ ՓՐԿՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՐ
Աստիճաններուն երգը
1Երբ Տէրը Սիօնին գերութիւնը դարձուց,
# 126:1 Կամ, Առողջացողներու Երազ տեսնողներու՝ ՝ պէս եղանք։
2Այն ժամանակ մեր բերանը խնդութիւնով լեցուեցաւ
Ու մեր լեզուն՝ ցնծութիւնով։
Այն ժամանակ հեթանոսներուն մէջ ըսին.
«Տէրը մեզի համար մեծ բաներ ըրաւ»։
3Տէրը մեզի համար մեծ բաներ ըրաւ
Ու մենք ուրախացանք։
4Ո՛վ Տէր, դարձուր մեր գերութիւնը
Հարաւի առուներուն պէս։
5Անոնք որ արցունքով կը ցանեն,
Ցնծութիւնով պիտի հնձեն։
6Ան որ լալով կ’երթայ,
Ցանելու սերմը տանելով,
Անշուշտ ցնծութեամբ ետ պիտի դառնայ,
Իր ցորենի խուրձերը բերելով։

Currently Selected:

ՍԱՂՄՈՍ 126: WARMB

Highlight

Copy

Compare

Share

None

Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in