YouVersion Logo
Search Icon

ՍԱՂՄՈՍ 125

125
ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՆ ԱՊԱՀՈՎՈՒԹԻՒՆԸ
Աստիճաններուն երգը
1Տէրոջը յուսացողները Սիօն լերանը պէս են,
Որ չսասանիր, հապա յաւիտեան կը մնայ։
2 Ինչպէս Երուսաղէմ լեռներով շրջապատուած է,
Նոյնպէս Տէրը իր ժողովուրդին չորս կողմն է
Ասկէ յետոյ մինչեւ յաւիտեան։
3Վասն զի ամբարշտին գաւազանը արդարներուն վիճակին վրայ պիտի չմնայ,
Որպէս զի արդարները ձեռքերնին անօրէնութեան չերկնցնեն։
4Ո՛վ Տէր, բարիք ըրէ բարիներուն
Ու սրտով ուղիղներուն։
5Սակայն զանոնք որ իրենց ծուռ ճամբաներուն մէջ կը մոլորին,
Տէրը պիտի #125:5 Եբր., տանիկորսնցնէ անօրէնութիւն ընողներուն հետ։
Խաղաղութիւն ըլլայ Իսրայէլի վրայ։

Currently Selected:

ՍԱՂՄՈՍ 125: WARMB

Highlight

Copy

Compare

Share

None

Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in