YouVersion Logo
Search Icon

ՍԱՂՄՈՍ 118

118
ՇՆՈՐՀԱԿԱԼՈՒԹԵԱՆ ԱՂՕԹՔ ՄԸ ՅԱՂԹԱՆԱԿԻ ՀԱՄԱՐ
1Գոհացէ՛ք Տէրոջմէն, վասն զի բարի է.
Վասն զի անոր ողորմութիւնը յաւիտեան է։
2Իսրայէլ թող ըսէ.
«Անոր ողորմութիւնը յաւիտեան է»։
3Ահարոնին տունը թող ըսէ.
«Անոր ողորմութիւնը յաւիտեան է»։
4Տէրոջմէն վախցողները թող ըսեն.
«Անոր ողորմութիւնը յաւիտեան է»։
5Նեղութեան մէջ Տէրոջը կանչեցի
Եւ Տէրը պատասխան տուաւ ինծի, լայնարձակ տեղ մը հանելով։
6Տէրը ինծի հետ է, չեմ վախնար,
Մարդը ինծի ի՞նչ կրնայ ընել։
7Տէրը իմ օգնականներուս հետ մէկտեղ ինծի հետ է
Ու ես թշնամիներուս կորուստը պիտի տեսնեմ։
8Լաւ է Տէրոջը յուսալ,
Քան թէ մարդոց ապաւինիլ։
9Լաւ է Տէրոջը յուսալ,
Քան թէ իշխաններուն ապաւինիլ։
10Բոլոր ազգերը զիս պաշարեցին.
Բայց Տէրոջը անունովը պիտի ջարդեմ զանոնք։
11Իմ բոլորտիքս առին եւ զիս պաշարեցին,
Բայց Տէրոջը անունովը պիտի ջարդեմ զանոնք։
12Մեղուներու պէս իմ բոլորտիքս առին,
Փուշերու կրակի պէս վառեցան։
Տէրոջը անունովը պիտի ջարդեմ զանոնք։
13Սաստիկ հրեցին զիս, որպէս զի վար իյնամ.
Բայց Տէրը օգնեց ինծի։
14Տէրը իմ զօրութիւնս ու սաղմոսս է
Ու իմ փրկութիւնս եղաւ։
15Արդարներուն բնակարաններուն մէջ ցնծութեան ու փրկութեան ձայն կայ։
Տէրոջը աջ ձեռքը զօրութիւն կը գործէ։
16Տէրոջը աջ ձեռքը բարձր է։
Տէրոջը աջ ձեռքը զօրութիւն կը գործէ։
17Պիտի չմեռնիմ, հապա պիտի ապրիմ,
Որ Տէրոջը գործերը պատմեմ։
18Տէրը զիս շատ խրատեց,
Բայց մահուան չմատնեց զիս։
19Բացէ՛ք ինծի արդարութեան դռները,
Որ անոնց մէջ մտնեմ ու Տէրոջը գոհութիւն մատուցանեմ։
20Ա՛յս է Տէրոջը դուռը,
Արդարները ասկէ պիտի մտնեն։
21Կը գոհանամ քեզմէ, որ ինծի պատասխան տուիր
Ու ինծի փրկութիւն եղար։
22Այն քարը, որ շինողները անարգեցին,
Անկիւնին գլուխը եղաւ։
23Ասիկա Տէրոջմէն եղաւ եւ
Զարմանալի է ասիկա մեր աչքերուն։
24Այս այն օրն է, որ Տէրը ստեղծեց.
Ցնծանք եւ ուրախ ըլլանք անոր մէջ։
25Հիմա կ’աղաչեմ, ո՛վ Տէր, փրկէ՛.
Հիմա կ’աղաչեմ, ո՛վ Տէր, յաջողցուր։
26Օրհնեալ ըլլայ ա՛ն, որ Տէրոջը անունովը կու գայ։
Օրհնեցինք քեզ Տէրոջը տունէն։
27Տէրը Աստուած է եւ լոյս կը ցուցնէ մեզի։
Զոհի անասունները չուաններով կապեցէք
Ու սեղանին եղջիւրներուն մօտեցուցէք։
28Դուն ես իմ Աստուածս ու քեզի գոհութիւն պիտի մատուցանեմ։
Ո՛վ իմ Աստուածս, քեզ պիտի բարձրացնեմ։
29Գոհացէ՛ք Տէրոջմէն, վասն զի բարի է,
Վասն զի անոր ողորմութիւնը յաւիտեան է։

Currently Selected:

ՍԱՂՄՈՍ 118: WARMB

Highlight

Copy

Compare

Share

None

Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in