YouVersion Logo
Search Icon

ՍԱՂՄՈՍ 116

116
ՄԱՀՈՒԱՆԷ ԱԶԱՏՈՒԱԾԸ ՏԷՐԸ ԿԸ ԳՈՎԷ
1 # 116:1 Կամ, Տէրը կը սիրեմ Ուրախ եմ ես, վասն զի Տէրը
Իմ ձայնս ու աղաչանքս լսեց,
2Վասն զի անիկա իր ականջը ինծի խոնարհեցուց,
Ուստի բոլոր կեանքիս մէջ անոր պիտի կանչեմ։
3Մահուան լարերը զիս պատեցին
Ու գերեզմանին վիշտերը զիս գտան։
Նեղութիւն ու տրտմութիւն գտայ։
4Բայց ես Տէրոջը անունը կանչեցի։
Կ՛աղաչեմ, ո՛վ Տէր, փրկէ՛ իմ անձս։
5Ողորմած ու արդար է Տէրը
Եւ մեր Աստուածը գթած է։
6Տէրը միամիտները կը պահէ։
Ես խեղճ եղայ ու անիկա զիս ազատեց։
7Ո՛վ իմ անձս, դարձիր քու հանգստութեանդ,
Քանզի Տէրը քեզի բարիք ըրաւ։
8Վասն զի դուն իմ անձս մահուանէ փրկեցիր,
Իմ աչքերս՝ արցունքի ու իմ ոտքերս՝ գայթակղելէն։
9Տէրոջը առջեւ պիտի քալեմ
Կենդանիներուն երկրին մէջ։
10Հաւատացի, անոր համար խօսեցայ։
«Ես խիստ թշուառացայ»։
11Իմ շփոթութեանս մէջ ըսի.
«Ամէն մարդ սուտ է»։
12Ի՞նչ հատուցանեմ Տէրոջը՝
Անոր ինծի ըրած բոլոր բարութեանը փոխարէն։
13Փրկութեան բաժակը պիտի առնեմ
Ու Տէրոջը անունը պիտի կանչեմ։
14Իմ ուխտերս Տէրոջը պիտի հատուցանեմ
Իր բոլոր ժողովուրդին առջեւ
15Պատուական է Տէրոջը առջեւ
Իր սուրբերուն մահը։
16Կ’աղաչեմ, ո՛վ Տէր, վասն զի եւ քու ծառադ եմ։
Ես քու ծառադ եմ ու քու աղախինիդ՝ որդին։
Դո՛ւն իմ կապերս արձակեցիր։
17Գոհութեան պատարագ պիտի մատուցանեմ քեզի
Ու Տէրոջը անունը պիտի կանչեմ։
18Իմ ուխտերս Տէրոջը պիտի հատուցանեմ
Իր բոլոր ժողովուրդին առջեւ,
19Տէրոջը տանը սրահներուն մէջ,
Քու մէջդ, ո՛վ Երուսաղէմ։ Ալէլուիա՜։

Currently Selected:

ՍԱՂՄՈՍ 116: WARMB

Highlight

Copy

Compare

Share

None

Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in