YouVersion Logo
Search Icon

ՍԱՂՄՈՍ 110

110
ԱՍՏՈՒԱԾ ԵՒ ԸՆՏՐՈՒԱԾ ԹԱԳԱՒՈՐԸ
Սաղմոս Դաւիթի
1Տէրը իմ Տէրոջս ըսաւ. «Նստէ՛ իմ աջ կողմս,
Մինչեւ քու թշնամիներդ ոտքերուդ պատուանդան ընեմ»։
2Տէրը քու զօրութեանդ գաւազանը Սիօնէն պիտի ղրկէ։
Քու թշնամիներուդ մէջտեղը դո՛ւն տիրէ։
3Ժողովուրդդ քու զօրութեանդ օրը
Յօժարակամ պիտի ըլլայ սրբութեան զարդարանքներով.
Քու #110:3 Եբր., երիտասարդութեանդ ցօղը արշալուսին արգանդէներիտասարդներդ արշալոյսին արգանդի ցօղէն՝ ՝
Աւելի պիտի ըլլան քեզի։
4Տէրը երդում ըրաւ ու պիտի չզղջայ.
«Դուն յաւիտեան Մելքիսեդեկի կարգին պէս քահանայ ես»։
5Տէրը քու աջ կողմդ է,
Անիկա իր բարկութեան օրը թագաւորներ պիտի ջարդէ։
6Անիկա հեթանոսներուն մէջ դատաստան պիտի ընէ,
Մեռելներով պիտի լեցնէ,
Շատ երկիրներու վրայ գլուխ եղողները պիտի ջարդէ։
7Ճամբուն մէջ գետէն պիտի խմէ.
Անոր համար գլուխ պիտի բարձրացնէ։

Currently Selected:

ՍԱՂՄՈՍ 110: WARMB

Highlight

Copy

Compare

Share

None

Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in