ՍԱՂՄՈՍ 109
109
ՄԱՐԴՈՒ ՄԸ ՏՐՏՈՒՆՋԸ ՆԵՂՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ
Գլխաւոր երաժշտին՝ Դաւիթին Սաղմոսը
1Ո՛վ իմ օրհնութեանս Աստուածը, լուռ մի՛ կենար.
2Վասն զի ամբարշտին
Ու նենգաւորին բերանը բացուեցաւ իմ վրաս,
Ինծի դէմ սուտ լեզուով խօսեցան։
3Ատելութեան խօսքերով զիս պատեցին
Եւ ինծի հետ անիրաւ տեղը կռուեցան։
4Իմ սիրոյս փոխարէն հակառակութիւն ըրին ինծի,
Բայց ես աղօթք կ’ընէի։
5Նաեւ իմ բարիքիս տեղ չարիք հատուցանեցին
Ու իմ սիրոյս տեղ՝ ատելութիւն։
6Անոր վրայ ամբարիշտ մը վերակացու դիր
Եւ #109:6 Կամ, հակառակորդըՍատանան թող կայնի անոր աջ կողմը.
7Երբ դատուի՝ յանցաւոր թող ելլէ
Ու անոր աղօթքը մեղք թող սեպուի։
8Անոր օրերը թող պակսին
Եւ անոր պաշտօնը ուրիշը թող առնէ։
9Անոր որդիները որբ թող ըլլան
Ու անոր կինը՝ որբեւարի։
10Անոր որդիները թափառական թող ըլլան ու մուրան
Եւ իրենց աւերակներէն ելլելով հաց փնտռեն։
11Փոխ տուողը թող առնէ անոր բոլոր ունեցածը
Ու օտարները յափշտակեն անոր վաստկածը։
12Բնաւ մէկը գթութիւն թող չընէ անոր
Ու մէ՛կը թող չողորմի անոր որբերուն։
13Անոր զաւակները կորուստի թող մատնուին,
Անոնց անունը գալու ազգին մէջէն թող ջնջուի։
14Անոր հայրերուն անօրէնութիւնը Տէրոջը առջեւ թող յիշուի
Եւ անոր մօրը մեղքը՝ չջնջուի։
15Անոնք ամէն ժամանակ Տէրոջը առջեւ թող ըլլան,
Որպէս զի անոնց յիշատակը երկրէն վերցուի։
16Վասն զի անիկա ողորմութիւն ընելը չյիշեց,
Հապա խեղճը ու աղքատը հալածեց,
Որպէս զի սիրտը կոտրածը սպաննէ։
17Նաեւ անէծքը սիրեց։ Անէծքը թող անոր վրայ գայ։
Օրհնութիւնը չուզեց, ուստի օրհնութիւնը թող անկէ հեռանայ։
18Անէծքը իր հանդերձին պէս հագաւ,
Ուստի անէծքը ջուրի պէս անոր փորը թող մտնէ
Ու ձէթի պէս՝ անոր ոսկորներուն մէջ։
19Հագնելու հանդերձի պէս
Ու միշտ մէջքը կապելու գօտիի պէս թող ըլլայ անոր։
20Ինծի հակառակ կեցողներուն
Ու իմ անձիս համար չար խօսողներուն վարձքը այս թող ըլլայ Տէրոջմէն։
21Բայց դո՛ւն, ո՛վ Տէր Եհովա, #109:21 Եբր., ինծի հետ գործէօգնէ՛ ինծի՝ ՝ քու անուանդ համար.
Փրկէ՛ զիս քու բարի ողորմութեամբդ։
22Վասն զի ես խեղճ ու աղքատ եմ
Ու իմ սիրտս ներսիդիս խոցուած է։
23Ես երկնցող ստուերի պէս անցայ,
Մարախի պէս թօթուըուեցայ։
24Ծունկերս ծոմապահութենէն տկարացան
Ու մարմինս իր պարարտութենէն մաշեցաւ։
25Ես անոնց նախատինք եղայ,
Երբ զիս տեսնեն՝ գլուխնին կը շարժեն։
26Օգնէ՛ ինծի, ո՛վ Տէր, իմ Աստուածս.
Փրկէ՛ զիս քու ողորմութեանդ համեմատ։
27Թող գիտնան թէ ա՛յս է քու ձեռքդ
Եւ դուն ըրիր ասիկա, ո՛վ Տէր։
28Թող անոնք անիծեն, բայց դուն օրհնէ՛,
Երբ ինծի դէմ ելլեն, թող ամչնան,
Բայց քու ծառադ թող ուրախ ըլլայ։
29Իմ թշնամիներս թող նախատինք հագնին
Ու իրենց ամօթը պատմուճանի պէս իրենց վրայ առնեն։
30Շատ պիտի գոհանամ Տէրոջմէն իմ բերնովս
Ու շատերուն մէջ պիտի օրհնեմ զանիկա։
31Վասն զի ինք աղքատին աջ կողմը կը կենայ,
Որպէս զի անոր անձը դատապարտողներէն փրկէ։
Currently Selected:
ՍԱՂՄՈՍ 109: WARMB
Highlight
Copy
Compare
Share
Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in
Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981.

:
Highlight
Copy
Compare
Share
Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in
Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981.