YouVersion Logo
Search Icon

ԱՌԱԿԱՑ 8

8
ԳՈՎԵՍՏ ԻՄԱՍՏՈՒԹԵԱՆ
1Իմաստութիւնը կ’աղաղակէ
Ու հանճարը կը ձայնակցի քեզի։
2Անիկա բարձր տեղերու գլուխը
Եւ շաւիղներու մէջ կը կենայ։
3Անիկա դռներուն քով՝ քաղաքներուն բերանը կը կենայ
Ու դռներուն մուտքը աղաղակելով՝ կ’ըսէ.
4«Ո՛վ մարդիկ, ձեզի կը կանչեմ
Եւ իմ ձայնս մարդոց որդիներուն է։
5Ո՛վ տգէտներ, իմաստութիւն սորվեցէք,
Ո՛վ անմիտներ, ուշադրութիւն ըրէ՛ք։
6Լսեցէ՛ք, վասն զի ազնիւ բաներ պիտի խօսիմ
Ու իմ շրթունքներս պիտի բանամ ուղիղ բաներ խօսելու համար։
7Քանզի իմ քիմքս ճշմարտութիւն պիտի խօսի,
Իմ շրթունքս ամբարշտութենէ կը զզուի։
8Բերնիս բոլոր խօսքերը արդարութեամբ են
Եւ անոնց մէջ խոտորնակ ու ծուռ բան չկայ։
9Ամէնքն ալ հասկցողին ուղիղ են
Ու գիտութիւն գտնողներուն շիտակ են։
10Իմ խրատս առէ՛ք եւ ոչ թէ արծաթ։
Ու ընտիր ոսկիէն աւելի գիտութիւնը սիրեցէ՛ք։
11Վասն զի իմաստութիւնը գոհարներէն աղէկ է
Եւ բոլոր ցանկալի բաները չեն կրնար անոր հաւասարիլ։
12Ես եմ իմաստութիւնը եւ խոհականութեան մէջ կը բնակիմ
Եւ խոհեմութեան գիտութիւնը ունիմ։
13Տէրոջը վախը չարութիւնը ատել կը նշանակէ,
Հպարտութիւնը, ամբարտաւանութիւնը, չար ընթացքը
Ու նենգաւոր բերանը կ’ատեմ։
14Խորհուրդը եւ խոհականութիւնը,
Հանճարն ու զօրութիւնը իմս են։
15Թագաւորները ինծմով կը թագաւորեն
Ու նախարարները ինծմով արդարութեան կանոններ կը դնեն։
16Ինծմով կ’իշխեն իշխանները,
Ազնուականներն ու երկրին բոլոր դատաւորները։
17Ես կը սիրեմ զիս սիրողները։
Զիս կանուխ փնտռողները զիս կը գտնեն։
18Իմ քովս հարստութիւն ու փառք,
Ընտիր ստացուածք եւ արդարութիւն կայ։
19Իմ պտուղս ոսկիէն ու զուտ ոսկիէն
Եւ իմ արդիւնքս ընտիր արծաթէն աղէկ է։
20Ես արդարութեան ճամբուն մէջ,
Իրաւունքի շաւիղներուն մէջ կը քալեմ,
21 # 8:21 Կամ, Զիս սիրողներուն ժառանգութիւն տալու կարողութիւն ունիմ Որպէս զի զիս սիրողներուն ստացուածք պարգեւեմ՝ ՝,
Անոնց գանձարանը լեցնեմ։
22Տէրը զիս ստեղծեց իր գործը սկսելու ատեն,
Երկիրը ստեղծելէ առաջ,
Իր գործին սկիզբը,
23Դարեր առաջ շինուեցայ։
Սկիզբէն, երկիրը կազմուելէն առաջ։
24Անդունդները չեղած,
Առատ ջուրերուն աղբիւրները չեղած ես ծնած էի։
25Լեռները չտեղաւորուած,
Բլուրներէն առաջ ես ծնած էի։
26Տակաւին երկիրն ու դաշտերը
Եւ աշխարհիս հողերը չստեղծուած,
27Երբ երկինքները կը պատրաստէր
Ու անդունդներուն երեսին վրայ կամար կը ձգէր, ես հոն էի։
28Երբ վերի ամպերը կ’ուժովցնէր
Եւ անդունդներուն աղբիւրները կը հաստատէր,
29Երբ ծովուն կանոն կը դնէր,
Որպէս զի ջուրերը իր հրամանէն դուրս չելլեն
Ու երբ երկրի հիմերը կը ձգէր,
30Այն ատեն ես անոր քով ճարտարապետ էի
Եւ ամէն օր անոր զուարճութիւնն էի
Ու միշտ անոր առջեւ կ’ուրախանայի։
31Ես աշխարհի մէջ ու բնակելի երկրի վրայ կ’ուրախանայի
Ու իմ զուարճութիւնս մարդոց որդիներուն հետ էր։
32Եւ հիմա, ո՛վ որդիներ, ինծի՛ մտիկ ըրէք,
Վասն զի իմ ճամբաներս պահողները երջանիկ կ’ըլլան։
33Խրատի մտիկ ըրէք ու իմաստուն եղէ՛ք
Ու զանիկա մի՛ մերժէք։
34Երանի՜ այն մարդուն, որ ինծի մտիկ կ’ընէ,
Ամէն օր իմ դռներուս քով կը հսկէ
Եւ իմ դրանդիքներս կը դիտէ։
35Վասն զի զիս գտնողը կեանք կը գտնէ
Ու Տէրոջմէ շնորհք կը ստանայ։
36Բայց ինծի դէմ մեղանչողը իր հոգիին անիրաւութիւն կ’ընէ։
Բոլոր զիս ատողները մահը կը սիրեն։

Currently Selected:

ԱՌԱԿԱՑ 8: WARMB

Highlight

Copy

Compare

Share

None

Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in