ԱՌԱԿԱՑ 29
29
1 # 29:1 Կամ, Կռուասէր Շատ անգամ յանդիմանուած մարդը, երբ իր պարանոցը խստացնէ,
Յանկարծ պիտի կոտրուի ու բժշկութիւն պիտի չգտնէ։
2Եթէ արդարները զօրանան, ժողովուրդը կ’ուրախանայ,
Բայց երբ ամբարիշտը իշխանութիւն ունենայ, ժողովուրդը կը հեծէ։
3Իմաստութիւն սիրող մարդը իր հայրը կ’ուրախացնէ,
Բայց պոռնիկներուն ընկեր եղողը ստացուածքը կը ցրուէ։
4Արդարութեա՛մբ թագաւորը կը հաստատէ իր երկիրը,
Բայց կաշառք առնողը զանիկա կը կործանէ։
5Իր ընկերին շողոքորթութիւն ընող մարդը,
Անոր քայլերուն որոգայթ կը լարէ։
6Չար մարդուն ամբարշտութեանը մէջ որոգայթ կայ,
Բայց արդարը ցնծութեան եւ ուրախութեան մէջ պիտի ըլլայ։
7Արդարը աղքատներուն իրաւունքը կը ճանչնայ,
Բայց չար մարդը տեղեակ չըլլար։
8Ծաղրող մարդիկ քաղաքը կը բռնկեցնեն,
Բայց իմաստունները բարկութիւնը կը դադրեցնեն։
9Իմաստուն մարդը, երբ յիմարին հետ վիճաբանութիւն ընէ,
Թէ՛ սրդողի եւ թէ՛ ծիծաղի՝ հանգիստ չըլլար։
10Արիւնահեղ մարդիկ արդարը կ’ատեն,
Բայց ուղիղները անոր որպիսութիւնը կը հարցնեն։
11Յիմարը իր միտքը բոլորովին կը յայտնէ,
Բայց իմաստունը զանիկա ուրիշ ատենի կը պահէ։
12Սուտ խօսքերու ականջ դնող իշխանին
Բոլոր ծառաները չար կ’ըլլան։
13Աղքատն ու բռնաւորը իրարու հանդիպեցան.
Երկուքին ալ աչքերուն լոյս տուողը Տէրն է։
14Աղքատները ճշմարտութեամբ դատող թագաւորին աթոռը
Յաւիտեան հաստատ պիտի ըլլայ։
15Գաւազանն ու յանդիմանութիւնը իմաստութիւն կու տան,
Բայց իր կամքին ձգուած տղան իր մայրը կ’ամչցնէ։
16Երբ ամբարիշտները շատնան, յանցանքը կը շատնայ,
Բայց արդարները անոնց իյնալը պիտի տեսնեն։
17Խրատէ՛ քու որդիդ, որպէս զի քեզ հանգստացնէ
Եւ քու հոգիդ զուարճացնէ։
18Առանց մարգարէութեան՝ ժողովուրդը կը խոտորի,
Բայց օրէնքը պահողը երջանիկ կ’ըլլայ։
19Հասկցող ու պատասխան տուող ծառան
Խօսքերով չի խրատուիր։
20Իր խօսքերուն մէջ արտորացող մարդ մը տեսա՞ր.
Աւելի յոյս կայ յիմարէն, քան թէ՝ անկէ։
21Եթէ մէկը իր ծառան տղայութենէն փափկութեամբ մեծցնէ,
Վերջապէս անիկա իր տղան կ’ըլլայ։
22Բարկասիրտ մարդը կռիւ կը հանէ
Եւ ցասկոտ մարդը շատ յանցանքներ կը գործէ։
23Մարդուն հպարտութիւնը զինք կը կործանէ,
Բայց հեզահոգի մարդը փառք կը վաստկի։
24Գողին ընկեր եղողը իր հոգին կ’ատէ,
Անիկա կ’երդնու, բայց իր գիտցածը չի յայտներ։
25Վախը մարդը որոգայթի մէջ կը ձգէ,
Բայց Տէրոջը ապաւինողը ամուր ապաստանարան կ’ունենայ։
26Շատերը իշխանին օգնութիւնը կը փնտռեն,
Բայց Տէրոջմէն է մարդուն իրաւունքը։
27Անօրէն մարդը արդարներուն զզուելի է,
Իսկ ուղղութեամբ քալողը ամբարշտին զզուելի է։
Currently Selected:
ԱՌԱԿԱՑ 29: WARMB
Highlight
Copy
Compare
Share
Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in
Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981.

: