ԱՌԱԿԱՑ 28
28
ԾԱՆՕԹՈՒԹԻՒՆ
1Ամբարիշտը առանց մէկէն հալածուելու կը փախչի,
Բայց արդարները առոյգ առիւծի պէս քաջասիրտ կ’ըլլան։
2Երկրին յանցանքովը անոր իշխանները շատ կ’ըլլան,
Բայց անոր վիճակը իմաստուն ու գիտուն մարդուն ձեռքով շատ ատեն կը դիմանայ։
3Աղքատները զրկող չքաւոր մարդը
Հացի կարօտութիւն բերող յորդահոս անձրեւի պէս է։
4Օրէնքը մերժողները ամբարիշտները կը գովեն,
Բայց օրէնքը պահողները անոնց դէմ կը կենան։
5Չար մարդիկ իրաւունքը չեն հասկնար,
Բայց Տէրը փնտռողները ամէն բան կը հասկնան։
6Իր կատարելութեանը մէջ քալող աղքատը՝
Ծուռ ճամբաներու մէջ քալող հարուստ մարդէն աղէկ է։
7Օրէնքը պահողը իմաստուն տղայ է,
Բայց շռայլներուն բարեկամ եղողը իր հայրը կ’ամչցնէ։
8Իր ստացուածքը տոկոսով եւ վաշխով աւելցնողը,
Զանիկա աղքատին ողորմութիւն ընողին համար կը հաւաքէ։
9Ան որ օրէնքին մտիկ չընելու համար կը գոցէ իր ականջը,
Անոր աղօթքն անգամ պիղծ է։
10Ան որ ուղիղները չար ճամբու կ’առաջնորդէ, իր փոսին մէջ ինք պիտի իյնայ.
Սակայն արդարները բարիք պիտի ժառանգեն։
11Հարուստ մարդը իր աչքերուն իմաստուն կ’երեւնայ,
Բայց հանճարեղ աղքատը անոր անմտութիւնը երեւան կը հանէ։
12Երբ արդարները ուրախանան, մեծ փառք կ’ըլլայ,
Բայց երբ ամբարիշտները բարձրանան, մարդ #28:12 Կամ, կը պահուըտիկը փնտռուի։
13Իր յանցանքները ծածկողը յաջողութիւն չի գտներ,
Բայց զանոնք խոստովանողն ու մէկդի ձգողը ողորմութիւն կը գտնէ։
14Միշտ վախցող մարդը երանելի է,
Բայց իր սիրտը խստացնողը չարիքի մէջ պիտի իյնայ։
15Աղքատ ժողովուրդի վրայ իշխող ամբարիշտը
Մռնչողը առիւծի ու անյագ արջի կը նմանի։
16Խոհեմութիւն չունեցող իշխանը շատ զրկանքներ կ’ընէ,
Բայց ագահութենէ զզուողը իր կեանքը կ’աւելցնէ։
17 # 28:17 Եբր., Անձի մը արիւնովը ճնշուած Արիւնապարտ մարդը մինչեւ գուբը կը փախչի։
Թող մէ՛կը չպաշտպանէ զանիկա։
18Կատարելութեամբ քալողը փրկութիւն կը գտնէ,
Բայց ծուռ մարդը, որ երկու ճամբով կը քալէ, անոնց մէկուն մէջ կ’իյնայ։
19Երկրագործը հացով պիտի կշտանայ,
Բայց դատարկ մարդոց հետեւողը աղքատութեամբ պիտի լեցուի։
20Հաւատարիմ մարդը շատ օրհնութիւններ կ’առնէ,
Բայց հարուստ ըլլալու արտորացողը անպատիժ պիտի չմնայ։
21Աչառութիւն ընելը աղէկ չէ,
Վասն զի պատառ մը հացի համար մարդ կրնայ յանցանք գործել։
22Չար աչք ունեցող մարդը հարուստ ըլլալու կ’արտորայ,
Ու չի գիտեր թէ իր վրայ աղքատութիւն պիտի գայ։
23Մարդ յանդիմանողը վերջապէս շնորհք կը գտնէ
Լեզուով շողոքորթութիւն ընողէն աւելի։
24Ան որ իր հայրը կամ մայրը կը կողոպտէ եւ կ’ըսէ՝ «Յանցանք չէ»,
Անիկա ապականող մարդուն ընկերն է։
25Հպարտ սիրտ ունեցող մարդը կռիւ կը հանէ,
Բայց Տէրոջը ապաւինողը պիտի գիրնայ։
26Իր սրտին ապաւինողը անմիտ է,
Բայց իմաստութեամբ քալողը պիտի ազատի։
27Աղքատին տուողը կարօտ չըլլար,
Բայց անկէ երես դարձնողը շատ անէծքներ պիտի առնէ։
28Եթէ ամբարիշտները բարձրանան, մարդիկ կը պահուին,
Բայց եթէ անոնք կորսուին, արդարները կը շատնան։
Currently Selected:
ԱՌԱԿԱՑ 28: WARMB
Highlight
Copy
Compare
Share
Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in
Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981.

: