ԱՌԱԿԱՑ 20
20
1Գինին ծաղրող է ու ցքին՝ կռուազան։
Ով ո՛ր ասոնց անձնատուր ըլլայ՝ իմաստուն չըլլար։
2Թագաւորին ահը առոյգ առիւծին մռնչիւնին պէս է
Ու զանիկա բարկացնողը իր անձին վնաս կ’ընէ։
3Կռիւէն ետ կենալը մարդուն փառք է,
Բայց ամէն յիմար կռուասէր է։
4Ձմեռ ըլլալուն համար ծոյլը գետինը չի հերկեր,
Ուստի հունձքի ատենը պիտի մուրայ ու բան մը պիտի չունենայ։
5Մարդու մը սրտին խորհուրդը խորունկ ջուրերու պէս է,
Բայց խելացի մարդը զանիկա դուրս կը հանէ։
6Մարդոցմէ շատերը իրենց բարերարութիւնը կը հրատարակեն,
Բայց հաւատարիմ մարդը ո՞վ կրնայ գտնել։
7Իր անարատութեանը մէջ քալողը արդար է, ուստի
Անոր որդիները իր ետեւէն երջանիկ պիտի ըլլան։
8Դատաստանի աթոռը նստող թագաւորը
Իր աչքերովը ամէն չարիք կը ցրուէ։
9Ո՞վ կրնայ ըսել թէ ‘Իմ սիրտս սրբեցի,
Իմ մեղքէս մաքրուեցայ’։
10Երկու տեսակ կշիռքի քար, երկու տեսակ #20:10 Եբր., արդուչափ՝
Հաւասարապէս Տէրոջը առջեւ պիղծ են։
11Մինչեւ անգամ տղու մը վարքին մաքրութիւնը եւ ուղղութիւնը
Անոր գործերէն կը հասկցուի։
12Լսող ականջն ու տեսնող աչքը,
Երկուքն ալ Տէրը ստեղծեր է։
13Քունը մի՛ սիրեր, որպէս զի չաղքատանաս։
Աչքերդ բաց, որպէս զի հացով կշտանաս։
14Ծախու առնողը «Գէշ է, գէշ է», կ’ըսէ,
Բայց երբ երթայ, այն ատեն կը պարծենայ։
15Ոսկի ու շատ գոհար կը գտնուի,
Բայց գիտութեան շրթունքները մեծագին զարդեր են։
16Օտարականի մը երաշխաւոր եղողին՝ զգեստը առ
Եւ օտար կնոջ համար երաշխաւոր եղողէն՝ գրաւ ա՛ռ։
17Ստութեան հացը մարդուն ախորժելի է,
Բայց ետքը անոր բերանը խիճով պիտի լեցուի։
18Դիտաւորութիւնը խորհրդով կը հաստատուի,
Ուստի իմաստութեամբ պատերազմ ըրէ։
19Բանսարկութիւն ընողը գաղտնիքը կը յայտնէ,
Ուրեմն շողոքորթութիւն ընողին հետ հաղորդակցութիւն մի՛ ունենար։
20Ով որ իր հայրն ու մայրը կ’անիծէ,
Անոր ճրագը մութ խաւարի մէջ պիտի մարի։
21Այն ժառանգութիւնը, որ սկիզբը արտորնօք կ’առնուի,
Անոր վերջը պիտի չօրհնուի։
22«Չարութեան փոխարէնը պիտի հատուցանեմ», մի՛ ըսեր,
Տէրոջը սպասէ ու անիկա քեզի պիտի օգնէ։
23Զանազան տեսակ կշիռքի քարերը Տէրոջը առջեւ պիղծ են
Ու նենգաւոր կշիռքը աղէկ չէ։
24Մարդուն քայլերը Տէրոջմէն կը կառավարուին,
Ուստի մարդը իր ճամբան ի՞նչպէս կրնայ որոշել։
25Անխորհրդաբար բան մը նուիրելը եւ ուխտ ընելէն ետքը անդրադառնալը
Մարդուն որոգայթ են։
26Իմաստուն թագաւորը ամբարիշտները կը զատէ
Ու անիւը անոնց վրայ կը քշէ։
27Մարդուն հոգին Տէրոջը լոյսն է,
Սրտին բոլոր շտեմարանները կը քննէ։
28Ողորմութիւնն ու ճշմարտութիւնը թագաւորը կը պահեն,
Անիկա ալ իր աթոռը ողորմութեամբ կը հաստատէ։
29Երիտասարդներուն զարդը անոնց ոյժն է
Եւ ծերերուն փառքը ճերմակ մազն է։
30Վէրքի նշաններն ու փորի շտեմարանները հասնող հարուածները
# 20:30 Կամ, Չարութեան դէմ Չար մարդուն՝ ՝ մաքրողական դեղ են։
Currently Selected:
ԱՌԱԿԱՑ 20: WARMB
Highlight
Copy
Compare
Share
Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in
Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981.

:
Highlight
Copy
Compare
Share
Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in
Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981.