ԱՌԱԿԱՑ 19
19
1Իր կատարելութեան մէջ քալող աղքատը
Նենգաւոր շրթունք ունեցող յիմարէն աղէկ է։
2Հոգիին տգիտութիւնը աղէկ չէ
Ու ոտքերովը արտորացողը կը սահի։
3Մարդուն յիմարութիւնը անոր ճամբան կ’աւերէ
Եւ անոր սիրտը Տէրոջը դէմ տրտունջ կ’ընէ։
4Հարստութիւնը շատ բարեկամներ կ’աւելցնէ
Բայց աղքատը իր բարեկամէն կը լքուի։
5Սուտ վկան անպարտ պիտի չմնայ
Ու ստութիւններ խօսողը պիտի չազատի։
6Շատերը #19:6 Կամ, իշխանինառատաձեռն մարդուն՝ ՝ #19:6 Եբր., երեսըհաճութիւնը կը փնտռեն
Ու ամէն մարդ պարգեւատու մարդուն բարեկամ կ’ըլլայ։
7Աղքատին բոլոր եղբայրները անկէ կը զզուին.
Անոր բարեկամները ա՛լ աւելի անկէ կը հեռանան
Ու անիկա #19:7 Կամ, անոնց ետեւէն կ’իյնայ խօսքերով, բայց անոնք չեն գտնուիրոչինչ խօսքերու ետեւէ կ’իյնայ՝ ՝։
8Խելքը վաստկողը իր հոգին կը սիրէ,
Իմաստութիւն պահողը բարիք պիտի գտնէ։
9Սուտ վկան անպարտ պիտի չմնայ
Ու ստութիւններ խօսողը պիտի կորսուի։
10Յիմարին փափկութիւն չի վայլեր,
Նոյնքան եւ աւելի ծառայի մը՝ իշխաններու վրայ իշխել։
11Մարդուն խոհեմութիւնը անոր բարկութիւնը կը զսպէ
Եւ յանցանքը ներելը անոր պարծանք է։
12Թագաւորին բարկութիւնը առոյգ առիւծի մռնչիւնին կը նմանի,
Իսկ անոր հաճութիւնը խոտին վրայի ցօղին պէս է։
13Անմիտ տղան իր հօրը թշուառութիւնն է
Ու կնոջ կռիւները շարունակական կաթիլներու պէս են։
14Տունն ու ստացուածքը հայրերէն մնացած ժառանգութիւն են,
Բայց խոհեմ կինը Տէրոջմէն է։
15Ծուլութիւնը խորունկ քուն կը բերէ
Եւ թոյլ մարդը անօթի կը մնայ։
16Պատուիրանքը պահողը իր հոգին կը պահէ,
Իր ճամբաները անարգողը պիտի մեռնի։
17Աղքատին ողորմութիւն ընողը Տէրոջը փոխ կու տայ
Ու անիկա անոր հատուցում պիտի ընէ։
18Քանի որ յոյս կայ՝ տղադ խրատէ
Եւ #19:18 Կամ, անոր աղաղակին ականջ մի՛ դներանոր մահուանը կամակից մի՛ ըլլար՝ ՝։
19Խիստ բարկացող մարդը պատիժը պէտք է կրէ,
Վասն զի եթէ անգամ մը ազատես՝ պիտի ստիպուիս կրկնել։
20Խրատը լսէ՛ եւ կրթութիւնը ընդունէ՛,
Որպէս զի ապագային իմաստուն ըլլաս։
21Մարդուն սրտին մէջ շատ դիտաւորութիւններ կան,
Բայց Տէրոջը խորհուրդը հաստատուն պիտի մնայ։
22Մարդուն ողորմածութիւնը իր փառքն է
Ու աղքատը ստախօսէն աղէկ է։
23Տէրոջը երկիւղը կեանքի պատճառ է,
Եւ զանիկա ունեցողը կուշտ կը պառկի ու ձախորդութեան չի հանդիպիր։
24Ծոյլը իր ձեռքը ամանին մէջ կը խոթէ
Ու զանիկա իր բերանն անգամ չի տանիր։
25Ծաղրողը ծեծէ, որ միամիտը խելացի ըլլայ։
Եթէ իմաստունը յանդիմանես՝ գիտութիւն պիտի շահի։
26 Իր հայրը կործանողը ու իր մայրը վռնտողը՝
Ամօթ ու նախատինք բերող տղայ մըն է։
27Որդեա՛կ իմ, ե՛տ կեցիր այն խրատին մտիկ ընելէն,
Որը քեզ իմաստութեան խօսքերէն կը խոտորցնէ։
28Չար վկան արդարութիւնը ծաղր կ’ընէ
Ու ամբարիշտներուն բերանը անիրաւութիւնը կը կլլէ։
29Ծաղրողներուն համար՝ դատապարտութիւններ
Եւ անմիտներուն կռնակին համար ծեծեր պատրաստուած են։
Currently Selected:
ԱՌԱԿԱՑ 19: WARMB
Highlight
Copy
Compare
Share
Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in
Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981.

:
Highlight
Copy
Compare
Share
Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in
Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981.