ԱՌԱԿԱՑ 2
2
ԻՄԱՍՏՈՒԹԵԱՆ ՎԱՐՁԱՏՐՈՒԹԻՒՆԸ
1Որդեա՛կ իմ, եթէ իմ խօսքերս ընդունիս
Ու իմ պատուիրանքներս քովդ պահես,
2Այնպէս որ ականջդ իմաստութեան տաս
Ու սիրտդ հանճարին բանաս,
3Եթէ դուն իմաստութիւնը քեզի կանչես
Եւ քու ձայնդ հանճարին ուղղես,
4Եթէ զանիկա արծաթի պէս փնտռես
Ու ծածուկ գանձերու պէս խնդրես,
5Այն ատեն Տէրոջը վախը պիտի հասկնաս
Եւ Աստուծոյ գիտութիւնը պիտի գտնես։
6Վասն զի իմաստութիւնը Տէրը կու տայ,
Գիտութիւնն ու հանճարը անոր բերնէն են։
7Անիկա ուղիղներուն համար #2:7 Կամ, իմաստութիւնփրկութիւն կը պահէ.
Անիկա ուղղութեամբ քալողներուն վահանն է,
8Որպէս զի արդարութեան ճամբաները պաշտպանէ
Ու իր սուրբերուն ճամբան պահէ։
9Այն ատեն արդարութիւնը, դատաստանը, ուղղութիւնը եւ
Ամէն աղէկ ճամբայ պիտի հասկնաս։
10Երբ իմաստութիւնը քու սրտիդ մէջ մտնէ
Եւ գիտութիւնը քու հոգիիդ ախորժելի ըլլայ,
11Խոհեմութիւնը քեզ պիտի պահէ
Ու հանճարը քեզ պիտի պաշտպանէ։
12Որպէս զի քեզ ազատէ չար մարդուն ճամբայէն,
Նենգութիւններ խօսող մարդէն
13Եւ անոնցմէ՝ որոնք ուղիղ ճամբան թողուցեր են,
Որպէս զի խաւար ճամբաներու մէջ քալեն։
14Չարութիւն ընելով կ’ուրախանան
Եւ չարին նենգութիւններովը կը ցնծան։
15Անոնց ճամբաները ծուռ են
Ու անոնց ընթացքը խոտորնակ է։
16Որպէս զի քեզ ազատէ օտար կնոջմէն,
Շողոքորթութիւն խօսող օտար կնոջմէն։
17Ան որ իր երիտասարդութեան բարեկամը կը թողու
Եւ իր Աստուծոյն ուխտը կը մոռնայ,
18Անոր տունը մահուան պիտի տանի
Ու անոր շաւիղները՝ մեռելներուն։
19Անոր գացողները բնաւ չեն դառնար
Եւ կեանքի ճամբաներուն չեն հասնիր։
20Բայց դուն բարի մարդոց ճամբան պիտի երթաս
Ու արդարներուն շաւիղները պիտի պահես։
21Քանզի ուղիղները երկրի վրայ պիտի բնակին
Եւ կատարեալները անոր մէջ պիտի մնան։
22Բայց ամբարիշտները երկրէն պիտի կորսուին
Ու անօրէնները անկէ պիտի մերժուին։
Currently Selected:
ԱՌԱԿԱՑ 2: WARMB
Highlight
Copy
Compare
Share
Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in
Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981.