ԱՌԱԿԱՑ 2:1-5
ԱՌԱԿԱՑ 2:1-5 WARMB
Որդեա՛կ իմ, եթէ իմ խօսքերս ընդունիս Ու իմ պատուիրանքներս քովդ պահես, Այնպէս որ ականջդ իմաստութեան տաս Ու սիրտդ հանճարին բանաս, Եթէ դուն իմաստութիւնը քեզի կանչես Եւ քու ձայնդ հանճարին ուղղես, Եթէ զանիկա արծաթի պէս փնտռես Ու ծածուկ գանձերու պէս խնդրես, Այն ատեն Տէրոջը վախը պիտի հասկնաս Եւ Աստուծոյ գիտութիւնը պիտի գտնես։





