YouVersion Logo
Search Icon

ՆԷԵՄԵԱՅ 12

12
ՔԱՀԱՆԱՆԵՐՈՒՆ ԵՒ ՂԵՒՏԱՑԻՆԵՐՈՒՆ ՑԱՆԿԸ
1Սաղաթիէլեան Զօրաբաբէլին ու Յեսուին հետ ելլող քահանաներն ու Ղեւտացիները ասոնք են՝ Սարայիան, Երեմիան, Եզրասը, 2Ամարիան, Մալուքը, Քետտուսը, 3Սեքենիան, Հռէումը, Մերամօթը, 4Ադդովը, Կանաթօնը, Աբիան, 5Միամինը, Մովադիան, Բեղդան, 6Սեմայիան, Յովարիբը, Յեդայիան, 7Սալլուն, Ամոկը, Քեղկիան, Յեդայիան։ Յեսուին օրերը, ասոնք էին քահանաներուն իշխանները իրենց եղբայրներովը։
8Ղեւտացիներէն Յեսուն, Բանուին, Կադմիէլը, Սարաբիան, Յուդան ու Մաթանիան. ասիկա իր եղբայրներուն հետ օրհնութիւններուն վրայ էր 9Եւ անոնց եղբայրները՝ Բակբոկիան եւ Ուննին, անոնց դէմ իրենց կարգին մէջ կը կենային։
ՔԱՀԱՆԱՅԱՊԵՏ ՅԵՍՈՒԻՆ ՍԵՐՈՒՆԴԸ
10Յեսուն ծնաւ Յովակիմը եւ Յովակիմը ծնաւ Եղիասիբը ու Եղիասիբը ծնաւ Յովիադան 11Եւ Յովիադան ծնաւ Յովնաթանը ու Յովնաթանը ծնաւ Յադդուան։
ՔԱՀԱՆԱՅԱԿԱՆ ԴԱՍՈՒՆ ԳԼՈՒԽՆԵՐԸ
12Յովակիմին օրերը տոհմապետ քահանաները ասոնք էին՝ Սարայիայէն Մարայիան, Երեմիայէն Անանիան, 13Եզրասէն Մեսուղամը, Ամարիայէն Յօհանան, 14Մալուքէն Յովնաթանը, Սաբանիայէն Յովսէփը, 15Հարիմէն Եդնան, Մարիօթէն Քեղկայը, 16Ադդովէն Զաքարիան, Կանաթօնէն Մեսուղամը, 17Աբիայէն Զեքրին, Մինիամինէն, Մովադիայէն Փաղտին, 18Բեղգայէն Սամուան, Սեմայիայէն Յովնաթանը, 19Յովարիբէն Մաթանայը, Յեդայիայէն Ոզին, 20Սալլուէն Կալլայը, Ամոկէն Եբերը, 21Քեղկիայէն Ասաբիան, Յեդայիայէն Նաթանայէլը։
ՔԱՀԱՆԱՅԱԿԱՆ ԵՒ ՂԵՒՏԱԿԱՆ ԸՆՏԱՆԻՔՆԵՐՈՒ ԱՐՁԱՆԱԳՐՈՒԹԻՒՆԸ
22Եղիասիբին, Յովիադային, Յօհանանին ու Յադդուային օրերը Ղեւտացիները, այսինքն անոնց տոհմապետները, գրուեցան. նաեւ քահանաները՝ մինչեւ Պարսիկներու Դարեհի թագաւորութիւնը։ 23Ղեւիին որդիներուն տոհմապետները մինչեւ Եղիասիբեան Յօհանին օրերը ժամանակագրութեան գրքին մէջ գրուեցան։
ՏԱՃԱՐԻՆ ԾԱՌԱՅՈՒԹԵԱՆ ՍԱՀՄԱՆՈՒՄԸ
24Ղեւտացիներուն իշխաններն էին՝ Ասաբիան, Սարաբիան ու Կադմիէլին որդին Յեսուն եւ անոնց եղբայրները անոնց առջեւ կը կայնէին դաս դասի դէմ, որպէս զի Աստուծոյ մարդուն Դաւիթին հրամայածին պէս օրհնութիւն ու գոհութիւն մատուցանեն։ 25Մաթանիան, Բակբոկիան, Աբդիան, Մեսուղամը, Տեղմոնն ու Ակկուբը դրան շտեմարաններուն մէջ պահպանութիւն ընող դռնապաններն էին 26Յովսեդեկեան Յեսուին որդիին Յովակիմին օրերուն մէջ ու Նէեմիա կառավարիչին ու Եզրաս քահանային ու դպիրին օրերուն մէջ։
ՆԷԵՄԻԱ ՔԱՂԱՔԻՆ ՊԱՐԻՍՊԸ ԿԸ ՆՈՒԻՐԱԳՈՐԾԷ
27Երուսաղէմի պարսպին նաւակատիքին ատենը ամէն տեղ փնտռեցին Ղեւտացիները, որպէս զի զանոնք Երուսաղէմ բերեն ու նաւակատիքը ուրախութեամբ, գոհութեամբ, օրհնութիւններով, ծնծղաներով, տաւիղներով ու քնարներով կատարեն։ 28Երգողներուն որդիները Երուսաղէմի շրջակայ տեղերէն ու Նետոփաթացիներու գիւղերէն 29Եւ #12:29 Կամ, ԲեթգաղգաղայէԳաղգաղայի տունէն՝ ՝ ու Գաբայի ու Ազամօթի դաշտերէն հաւաքուեցան. վասն զի երգողները Երուսաղէմի շուրջը շիներ էին իրենց գիւղերը։ 30Քահանաներն ու Ղեւտացիները սրբուեցան եւ ժողովուրդը ու դռները եւ պարիսպը սրբեցին։
31Յուդայի իշխանները պարսպին վրայ հանեցի ու գոհութիւն երգող երկու մեծ դաս կարգեցի. մէկը պարսպին աջ կողմը դէպի Աղբերու դուռը կ’երթար 32Եւ անոր ետեւէն Ովսէիան ու Յուդայի իշխաններուն կէսը գացին. 33Նաեւ Ազարիան, Եզրասը, Մեսուղամը, Յուդան, 34Բենիամինը, Սեմայիան ու Երեմիան 35Եւ փողերով, քահանաներուն որդիներէն, Ասափին որդիին Զաքուրին որդիին Միքիային որդիին Մաթանիային որդիին Սեմայիային որդիին Յովնաթանին որդին Զաքարիան 36Ու անոր եղբայրները՝ Սեմայիան, Ազարիէլը, Միլալայը, Գիլալայը, Մաայը, Նաթանայէլը, Յուդան ու Անանին Աստուծոյ մարդուն Դաւիթին երգերու նուագարաններովը կ’երթային ու անոնց առջեւէն Եզրաս դպիրը։ 37Իրենց առջեւ եղող Աղբիւրին դուռը եկան ու Դաւիթին քաղաքին աստիճաններէն պարսպին վրայ ելան, Դաւիթին ապարանքէն դէպի արեւէլք մինչեւ Ջուրին դուռը գացին։
38Գոհութիւն երգողներուն միւս դասը առջեւէն կ’երթային ու ես՝ ժողովուրդին կիսուն հետ պարսպին վրայ՝ Փուռերուն աշտարակէն մինչեւ լայն պարիսպը 39Ու Եփրեմին դրանը վրայէն եւ Հին դրանը վրայ ու Ձուկերուն դրանը եւ Անանայէլին աշտարակին ու Մէային աշտարակին վրայ, մինչեւ Ոչխարներուն դուռը անոնց ետեւէն կ’երթայի ու Բանտի դուռը կեցան։ 40Գոհութիւն երգողներուն երկու դասը Աստուծոյ տանը մէջ կեցան. նոյնպէս ալ ես ու ոստիկաններուն կէսը՝ որոնք ինծի հետ էին. 41Նաեւ քահանաներէն Եղիակիմը, Մաասիան, Մինիամինը, Միքիան, Եղիովէնային, Զաքարիան ու Անանիան փողերով։ 42Մաասիան, Սեմայիան, Եղիազարը, Ոզին, Յօհանան, Մեղքիան, Եղամն ու Եզերը։ Այն ատեն երգողները իրենց վերակացուին Յեզերիային հետ ձայներնին վերցուցին։ 43Այն օրը մեծ զոհեր մատուցանեցին եւ ուրախութիւն ըրին, վասն զի Աստուած մեծ ուրախութիւնով ուրախացուց զանոնք։ Կիները եւ տղաքներն ալ ուրախութիւն ըրին ու Երուսաղէմի ուրախութիւնը մինչեւ հեռու տեղեր լսուեցաւ։
ՏԱՃԱՐԻՆ ՄԷՋ ՊԱՇՏԱՄՈՒՆՔԻ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԹԻՒՆ
44Այն օրը սենեակներուն վրայ գանձերուն, ընծաներուն, երախայրի պտուղներուն ու տասանորդներուն համար մարդիկ որոշուեցան, որպէս զի քաղաքներուն ագարակներէն քահանաներուն ու Ղեւտացիներուն օրինաւոր բաժինները հաւաքեն, քանզի Յուդա քահանաներուն ու Ղեւտացիներուն համար ուրախացաւ. 45Վասն զի անոնք իրենց Աստուծոյն հրամանը ու սրբուելուն հրամանը կը պահէին, նոյնպէս ալ երգողները եւ դռնապանները՝ Դաւիթին ու անոր որդիին Սողոմոնին պատուիրածին համեմատ։ 46Վասն զի առաջ Դաւիթին ու Ասափին օրերը երգողներու գլխաւորներ կային եւ Աստուած օրհնելու ու գովելու երգեր։ 47Բոլոր Իսրայէլ Զօրաբաբէլին օրերը եւ Նէեմիային օրերը երգողներուն ու դռնապաններուն օրէ օր ռոճիկ կու տային եւ սուրբ բաները Ղեւտացիներուն կու տային, Ղեւտացիներն ալ Ահարոնին որդիներուն կու տային։

Currently Selected:

ՆԷԵՄԵԱՅ 12: WARMB

Highlight

Copy

Compare

Share

None

Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in