ՆԷԵՄԵԱՅ 11
11
ԵՐՈՒՍԱՂԷՄ ԲՆԱԿՈՂ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԸ
1Ժողովուրդին իշխանները Երուսաղէմի մէջ բնակեցան ու մնացած ժողովուրդին համար վիճակ ձգեցին, որպէս զի տասէն մէկը բերեն Երուսաղէմ սուրբ քաղաքը բնակելու ու միւս ինը բաժինը ուրիշ քաղաքներու մէջ բնակին։ 2Եւ ժողովուրդը օրհնեց այն մարդիկը, որոնք յօժար կամքով իրենց անձը ընծայեցին Երուսաղէմի մէջ բնակելու։ 3Երուսաղէմի մէջ բնակող գաւառին իշխանները ասոնք էին (սակայն Յուդայի քաղաքներուն մէջ՝ Իսրայէլը, քահանաները, Ղեւտացիները, Նաթանայիմներն ու Սողոմոնի ծառաներուն որդիները, ամէն մարդ իր կալուածին մէջ, իրենց քաղաքներուն մէջ բնակեցան)։ 4Յուդայի ու Բենիամինի որդիներէն ոմանք ալ Երուսաղէմ բնակեցան։
Յուդայի որդիներէն էին՝ Մաղաղիէլին որդիին Սափատիային որդիին Ամարիային որդիին Զաքարիային որդիին Ոզիային որդին Աթայիան, որ Փարէսի որդիներէն էր. 5Սիլօնիին որդիին Զաքարիային որդիին Յովարիբին որդիին Ադայիային որդիին Ազայիային որդիին Քոլոզէին որդիին Բարուքին որդին Մաասիան։ 6Երուսաղէմի մէջ բնակող Փարէսի որդիները չորս հարիւր վաթսունըութը զօրաւոր մարդիկ էին։
7Բենիամինին որդիները ասոնք էին՝ Եսայիին որդիին Իթիէլին որդիին Մաասիային որդիին Կովղիային որդիին Փադայիային որդիին Յովադին որդիին Մեսուղամին որդին Սալլուն։ 8Ասոնց հետ՝ Գեբէին, Սելէին եւ այլն, ինը հարիւր քսանըութը հոգի 9Ու անոնց վրայ իշխան՝ Զեքրիին որդին Յովէլն էր, իսկ Սենուային որդին Յուդան քաղաքին վրայ տեղակալ էր։
10Քահանաներէն՝ Յովարիբին որդին Յեդայիան, Յաքին, 11Աստուծոյ տանը վերակացուն, Աքիտովբին որդիին Մարիօթին որդիին Սադովկին որդիին Մեսուղամին որդիին Քեղկիային որդին Սաբայիան 12Եւ անոնց եղբայրները, որոնք Աստուծոյ տունը կ’աշխատէին, ութը հարիւր քսանըերկու հոգի էին ու Մեղքիային որդիին Փասուրին որդիին Զաքարիային որդիին Ամասիին որդիին Փաղաղիային որդիին Յերոամին որդին Ադայիան 13Ու անոր եղբայրները՝ տոհմապետները՝ երկու հարիւր քառասունըերկու հոգի էին ու Եմմերին որդիին Մեսեղամօթին որդիին Ահզային որդիին Ազարիէլին որդին Ամեսային 14Եւ անոնց եղբայրները հարիւր քսանըութը զօրաւոր կտրիճներ էին։ Անոնց իշխանն էր Ագեդողիմին որդին Զարդիէլը։
15Ղեւտացիներէն՝ Բունիին որդիին Ասաբիային որդիին Եզրիկամին որդիին Ասուբին որդին Սեմայիան, 16Նաեւ Սաբեդան ու Յովզաբադը, որոնք Ղեւտացիներուն իշխաններէն էին, Աստուծոյ տանը արտաքին գործին վրայ կը հսկէին։ 17Ասափին որդիին Զարդիին որդիին Միքային որդին Մաթանիան երգողներուն գլխաւորն էր ու աղօթքներուն օրհնութիւնները նախ անիկա կը սկսէր երգել եւ անոր եղբայրներէն Բակբոկիան՝ երկրորդն էր ու անկէ ետքը Իդիթունին որդիին Գաղաբին որդիին Սամուային որդին Աբդան էր։ 18Սուրբ քաղաքին մէջ բնակող բոլոր Ղեւտացիները երկու հարիւր ութսունըչորս հոգի էին։
19Դռնապանները, Ակկուբն ու Տեղմոնը՝ ու անոնց եղբայրները՝ դռներուն պահապանները, հարիւր եօթանասունըերկու հոգի էին։
20Եւ Իսրայէլի քահանաներուն ու Ղեւտացիներուն մնացորդը, Յուդայի բոլոր քաղաքներուն մէջ, ամէն մարդ իր ժառանգութեանը մէջ էր։ 21Բայց Նաթանայիմները Ոփաղի մէջ կը բնակէին եւ Սիան ու Գիսփան Նաթանայիմներուն վրայ էին։ 22Ու Երուսաղէմի մէջ Ղեւտացիներու վերակացուն՝ Միքային որդիին Մաթանիային որդիին Ասաբիային որդիին Բանիին որդին Ոզին էր, Ասափին որդիներէն՝ երգողներէն՝ որոնք Աստուծոյ տանը գործին կը հսկէին. 23Վասն զի անոնց համար թագաւորը հրաման տուեր էր, որ երգողներուն օրէ օր ռոճիկ տրուի։ 24Յուդայեան Զարային որդիներէն Մասիզեբէլին որդին Փեթայիան ժողովուրդին ամէն գործի մէջ թագաւորին գործակալն էր։
ՈՒՐԻՇ ՔԱՂԱՔՆԵՐՈՒ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԸ
25Ու Յուդայի որդիներէն ոմանք գիւղերու ու արտերու մէջ բնակեցան, այսինքն Կարիաթ-Արբային ու անոր գիւղերուն մէջ, Դեբօնին ու անոր գիւղերուն մէջ, Կաբեսէէլին ու անոր գիւղերուն մէջ 26Ու Յեսուային ու Մօլադային ու Բեդփաղեթին 27Եւ Ասերսուաղին ու Բերսաբէէին ու անոր գիւղերուն մէջ 28Եւ Սիկելակին ու Մեքոնային եւ անոր գիւղերուն մէջ 29Ու Ենռեմօնին, Սարաային, Յերիմութին, 30Զանովին, Ոդողոմին ու անոնց գիւղերուն մէջ, Լաքիսին ու անոր արտերուն մէջ, Ազեկային ու անոր գիւղերուն մէջ ու Բերսաբէէէն մինչեւ Ենովմի ձորը բնակեցան։
31Բենիամինին որդիներէն ոմանք Գաբայէն մինչեւ Մաքմաս, Այիա ու Բեթէլ ու անոր գիւղերուն մէջ, 32Անաթովթ, Նոբ, Անանիա, 33Հասոր, Ռամա, Գեթթայիմ, 34Հադիդ, Սեբոյիմ, Նեփաղադ, 35Ղովդ, Ովնով ու Գեքարասիմ բնակեցան։
36Ղեւտացիներէն ոմանք Յուդայի ու Բենիամինի մէջ բաժնուած էին։
Currently Selected:
ՆԷԵՄԵԱՅ 11: WARMB
Highlight
Copy
Compare
Share
Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in
Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981.

: