YouVersion Logo
Search Icon

ՄԻՔԻԱՅ 5

5
1Հիմա, ո՛վ ամրութեան աղջիկ, քեզ ամրացուր.
Մեզ պաշարած են։
Գաւազանով պիտի զարնեն Իսրայէլի դատաւորին ծնօտին։
ՏԷՐԸ ՓՐԿԻՉ ՄԸ ԿԸ ԽՈՍՏԱՆԱՅ ԲԵԹԼԷՀԷՄԻՆ
2Եւ դո՛ւն, ո՛վ Բեթլէհէմ Եփրաթա,
Թէեւ Յուդայի հազարաւորներուն մէջ պզտիկ ես,
Բայց քեզմէ պիտի ելլէ Ան, որ Իսրայէլի վրայ իշխան պիտի ըլլայ։
Ու անոր ելքը հինէն, յաւիտենական օրերէն է։
3Անոր համար անոնց ձեռք պիտի տայ՝
Մինչեւ ծնանողին ծնանելու ժամանակը
Եւ անոր եղբայրներուն մնացորդը
Իսրայէլի որդիներուն պիտի դառնայ։
4Անիկա պիտի կենայ ու Տէրոջը զօրութիւնովը
Եւ իր Տէր Աստուծոյն անուանը մեծավայելչութիւնովը պիտի հովուէ։
Անոնք պիտի բնակին.
Քանզի հիմա մինչեւ երկրին ծայրերը պիտի մեծնայ։
ԱԶԱՏՈՒՄ ԵՒ ՊԱՏԻԺ
5Անիկա խաղաղութիւն պիտի բերէ,
Երբ Ասորեստանցին մեր երկիրը մտնէ
Ու մեր պալատներուն մէջ ոտք կոխէ,
Անոր դէմ եօթը հովիւ
Եւ ութը իշխաններ պիտի հանենք։
6Անոնք Ասորեսատանը սուրով
Ու Նեբրովթը իր դռներուն մէջ պիտի սպառեն։
Անիկա մեզ պիտի ազատէ Ասորեստանցիներէն,
Երբ անոնք մեր երկիրը մտնեն
Ու մեր սահմաններուն մէջ ոտք կոխեն։
7Յակոբին մնացորդը շատ ժողովուրդներուն մէջ
Ցօղի պէս պիտի ըլլայ, որ Տէրոջմէ կու գայ
Եւ շաղի պէս, որ կանանչ խոտի վրայ կ’իջնէ.
Որ մարդէ չի սպասեր
Ու մարդու որդիներէն չի յուսար։
8Յակոբին մնացորդը ազգերու մէջ,
Շատ ժողովուրդներու մէջ այնպէս պիտի ըլլայ,
Ինչպէս առիւծ մը՝ անտառի գազաններուն մէջ,
Կամ առոյգ առիւծ մը՝ ոչխարներու հօտերուն մէջ,
Որ եթէ անցնի՝ կը կոխկռտէ ու կը պատառէ
Եւ ազատող մը չըլլար։
9Քու ձեռքդ քու հակառակորդներուդ վրայ պիտի բարձրանայ
Ու բոլոր թշնամիներդ պիտի կոտրտին։
10«Եւ այն օրը, կ’ըսէ Տէրը,
Քու ձիերդ քու մէջէդ բնաջինջ պիտի ընեմ,
Քու կառքերդ պիտի կորսնցնեմ.
11Քու երկրիդ քաղաքները բնաջինջ պիտի ընեմ,
Բոլոր պարիսպներդ պիտի փլցնեմ.
12Քու ձեռքէդ կախարդութիւնները բնաջինջ պիտի ընեմ,
Ա՛լ գուշակութիւն ընողներ պիտի չունենաս։
13Քու մէջէդ քու կուռքերդ
Ու արձաններդ բնաջինջ պիտի ընեմ
Ու ա՛լ քու ձեռքերուդ գործերուն երկրպագութիւն պիտի չընես։
14Քու մէջէդ Աստարովթի կուռքերը պիտի կործանեմ
Ու քու քաղաքներդ պիտի աւերեմ։
15 Ինծի մտիկ չընող ազգերէն
Սրտմտութեամբ ու բարկութեամբ վրէժ պիտի առնեմ»։

Currently Selected:

ՄԻՔԻԱՅ 5: WARMB

Highlight

Share

Copy

None

Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in

YouVersion uses cookies to personalize your experience. By using our website, you accept our use of cookies as described in our Privacy Policy