YouVersion Logo
Search Icon

ՄԱՏԹԷՈՍ 18

18
Ո՞Վ Է ՄԵԾԸ
(Մարկ. 9:32-36, Ղուկ. 9:46-48)
1Նոյն ժամանակ աշակերտները Յիսուսին քով եկան ու ըսին. «Ո՞վ է մեծ երկնքի թագաւորութեանը մէջ»։ 2Եւ Յիսուս տղայ մը կանչեց իրեն, զանիկա անոնց մէջտեղը կայնեցուց 3Ու ըսաւ. «Ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի, ‘Եթէ դարձի չգաք եւ տղոց պէս չըլլաք, երկնքի թագաւորութիւնը բնաւ պիտի չմտնէք’։ 4Ուստի ով որ իր անձը այս տղուն պէս խոնարհեցնէ, անիկա է մեծ երկնքի թագաւորութեանը մէջ, 5Եւ ով որ այսպիսի տղայ մը կ’ընդունի իմ անունովս, զիս կ’ընդունի»։
ՄԵՂՔԻ ԳԱՅԹԱԿՂՈՒԹԻՒՆԸ
(Մարկ. 9:41-47, Ղուկ. 17:1-2)
6«Ով որ գայթակղեցնէ այս պզտիկներէն մէկը, որոնք ինծի կը հաւատան, աղէկ է անոր՝ որ իր պարանոցէն իշու աղացքի քար մը կախուի ու ծովուն անդունդը ընկղմի»։
7«Վա՜յ աշխարհի՝ գայթակղութիւններուն պատճառաւ, վասն զի հարկ է որ գայթակղութիւնները գան, բայց վա՜յ այն մարդուն՝ որուն ձեռքով գայթակղութիւնը կու գայ։ 8Արդ՝ եթէ քու ձեռքդ կամ ոտքդ քեզ կը գայթակղեցնէ, կտրէ զանիկա ու քեզմէ ձգէ. աղէկ է քեզի կաղ կամ պակասաւոր մտնել կեանքը, քան թէ երկու ձեռք կամ երկու ոտք ունենալ ու յաւիտենական կրակին մէջ ձգուիլ։ 9Եթէ աչքդ քեզ կը գայթակղեցնէ, հանէ զանիկա եւ քեզմէ ձգէ. աղէկ է քեզի մէկ աչքով կեանքը մտնել, քան թէ երկու աչք ունենալ ու կրակին գեհեանը ձգուիլ»։
ԿՈՐՍՈՒԱԾ ՈՉԽԱՐԻՆ ԱՌԱԿԸ
(Ղուկ. 15:3-7)
10«Զգոյշ կեցէք որ չանարգէք այս պզտիկներէն մէկը. քանզի կ’ըսեմ ձեզի թէ երկնքի մէջ անոնց հրեշտակները միշտ կը տեսնեն իմ Հօրս երեսը՝ որ երկինքն է։ 11Վասն զի Որդին մարդոյ եկաւ կորսուածը փրկելու։ 12Ի՞նչպէս կ’երեւնայ ձեզի, ‘Եթէ մարդ մը հարիւր ոչխար ունենայ եւ անոնցմէ մէկը մոլորի, իննսունըինը ոչխարը #18:12 Ոմանք, չի՞ ձգեր, ու լեռներըլեռները չի՞ ձգեր ու՝ ՝ երթար մոլորածը փնտռեր։ 13Եթէ գտնելու ըլլայ, ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի, որ աւելի ուրախ կ’ըլլայ անոր վրայ, քան թէ իննսունըիննին՝ որոնք մոլորած չէին։ 14Այսպէս, ձեր երկնաւոր Հայրը չի հաճիր որ այս պզտիկներէն մէկը կորսուի’»։
ՄԵՂԱՆՉՈՂ ԵՂԲԱՅՐԸ
15«Եթէ քու եղբայրդ քեզի դէմ մեղանչէ, գնա յանդիմանէ զանիկա երբ դուն եւ ան մինակ էք. եթէ քեզի մտիկ ընէ, շահեցար քու եղբայրդ։ 16Բայց եթէ մտիկ չընէ քեզի, քեզի հետ ուրիշ մը կամ երկուք ալ առ, որպէս զի երկու կամ երեք վկաներու բերնով ամէն բան հաստատուի։ 17Եթէ անոնց ալ մտիկ չընէ, եկեղեցիին ըսէ. իսկ եթէ եկեղեցիին ալ մտիկ չընէ, հեթանոսի ու մաքսաւորի պէս թող ըլլայ քեզի»։
18«Ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի, ‘Երկրի վրայ ինչ որ կապէք, երկնքի մէջ կապուած պիտի ըլլայ ու երկրի վրայ ինչ որ արձակէք, երկնքի մէջ արձակուած պիտի ըլլայ’։ 19Դարձեալ կ’ըսեմ ձեզի. ‘Եթէ ձեզմէ երկու հոգի երկրի վրայ միաբանին, ամէն ինչ բանի համար որ խնդրեն, պիտի ըլլայ անոնց իմ Հօրմէս որ երկինքն է’։ 20Քանզի ուր երկու կամ երեք հոգի ժողուած ըլլան իմ անունովս, հոն եմ ես անոնց մէջ»։
ՉՆԵՐՈՂ ԾԱՌԱՅԻՆ ԱՌԱԿԸ
21Այն ատեն Պետրոս մօտեցաւ անոր ու ըսաւ. «Տէ՛ր, քանի՞ անգամ եթէ եղբայրս ինծի դէմ մեղանչէ, պէտք է ներեմ անոր. մինչեւ եօ՞թը անգամ»։ 22Յիսուս ըսաւ անոր. «Քեզի չեմ ըսեր թէ մինչեւ եօթը անգամ, հապա մինչեւ եօթանասուն անգամ եօթը։ 23Ասոր համար երկնքի թագաւորութիւնը կը նմանի թագաւորի մը որ իր ծառաներէն հաշիւ առնել ուզեց։ 24Երբ սկսաւ հաշիւ առնել, տասը հազար տաղանդի պարտական մը բերուեցաւ իրեն։ 25Բայց անիկա վճարելու կարողութիւն չունենալով՝ իր տէրը հրաման ըրաւ որ զանիկա եւ անոր կինը ու որդիները եւ անոր բոլոր ունեցածը ծախուին ու պարտքը վճարուի։ 26Իսկ ծառան անոր առջեւ իյնալով երկրպագութիւն ըրաւ ու ըսաւ. ‘Տէ՛ր, համբերէ ինծի եւ ամէնը քեզի վճարեմ’։ 27Ծառային տէրը վրան խղճալով արձակեց զանիկա ու պարտքը շնորհեց անոր։ 28Նոյն ծառան ելաւ, իր ծառայակիցներէն մէկը գտաւ որ իրեն հարիւր դահեկան պարտք ունէր ու զանիկա բռնելով կը խեղդէր ու կ’ըսէր. ‘Վճարէ ինծի ունեցած պարտքդ’։ 29Ուստի իր ծառայակիցը անոր ոտքը ինկաւ, կ’աղաչէր անոր ու կ’ըսէր. ‘Համբերէ ինծի ու #18:29 Ոմանք, ամէնը քեզիքեզի վճարեմ’։ 30Բայց ինք չէր ուզեր, հապա գնաց՝ բանտը դնել տուաւ, մինչեւ որ պարտքը վճարէ։ 31Երբ իր ծառայակիցները տեսան եղած բաները, խիստ տրտմեցան ու եկան իրենց տիրոջը իմացուցին բոլոր եղածը։ 32Այն ատեն անոր տէրը կանչեց զանիկա ու ըսաւ. ‘Չա՛ր ծառայ, այն բոլոր պարտքը ես քեզի շնորհեցի՝ ինծի աղաչելուդ համար. 33Ուրեմն պէտք չէ՞ր որ դուն ալ քու ծառայակիցիդ ողորմէիր, ինչպէս ես քեզի ողորմեցայ’։ 34Անոր տէրը բարկանալով՝ դահիճներուն մատնեց զանիկա, մինչեւ որ բոլոր պարտքը վճարէ։ 35Այսպէս իմ երկնաւոր Հայրս պիտի ընէ ձեզի եթէ ձեր սրտերէն չներէք ամէն մէկդ իր եղբօրը յանցանքները»։

Currently Selected:

ՄԱՏԹԷՈՍ 18: WARMB

Highlight

Share

Copy

None

Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in

YouVersion uses cookies to personalize your experience. By using our website, you accept our use of cookies as described in our Privacy Policy