YouVersion Logo
Search Icon

ՂԵՒՏԱՑՒՈՑ 24

24
ՀՈԳԱԾՈՒԹԻՒՆ ՃՐԱԳՆԵՐՈՒ
(Ելից 27:20-21)
1Տէրը խօսեցաւ Մովսէսին՝ ըսելով. 2«Պատուիրէ՛ Իսրայէլի որդիներուն, որ ծեծուած մաքուր ձէթ բերեն քեզի լոյսի համար, որպէս զի միշտ ճրագ վառի։ 3Վկայութեան խորանին մէջ, վկայութեան վարագոյրէն դուրս, միշտ պիտի պատրաստէ զայն՝ իրիկուընէ մինչեւ առտու Տէրոջը առջեւ վառուելու համար։ Ասիկա ձեր սերունդներուն մէջ յաւիտենական կանոն թող ըլլայ։ 4Ճրագները զուտ ոսկի աշտանակի վրայ Տէրոջը առջեւ միշտ պէտք է պատրաստ ըլլան։
ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՄԱՏՈՒՑՈՒԱԾ ՀԱՑԸ
5Բարակ ալիւր ա՛ռ եւ անով տասներկու շօթ եփէ՛. ամէն մէկ շօթը երկու տասնորդ պէտք է ըլլայ։ 6Զանոնք Տէրոջը առջեւ մաքուր սեղանին վրայ երկու կարգով դի՛ր. ամէն մէկ կարգը վեց հատ պէտք է ըլլայ։ 7Ամէն կարգի վրայ զուտ կնդրուկ դի՛ր, որպէս զի հացին վրայ պատարագի յիշատակ ըլլայ Տէրոջը։ 8Իսրայէլի որդիներուն կողմէ յաւիտենական ուխտով ամէն շաբաթ օր Տէրոջը առջեւ զանիկա պէտք է կարգադրէ։ 9Անիկա Ահարոնին ու անոր որդիներունը պիտի ըլլայ։ Սուրբ տեղը ուտեն զանիկա, վասն զի այն՝ Տէրոջը պատարագներէն յաւիտենական կանոնով ամենասուրբ է»։
ՕՐԻՆԱԿ ՄԸ ԱՐԴԱՐ ԵՒ ՈՒՂԻՂ ՊԱՏԻԺԻ
10Եւ Իսրայէլի որդիներուն մէջ Իսրայելացի կնոջ մը որդին ելաւ, որուն հայրը Եգիպտացի էր ու այն Իսրայելացի կնոջ որդին Իսրայելացի մարդու մը հետ բանակին մէջ կռուեցաւ 11Եւ այն Իսրայելացի կնոջ որդին հայհոյեց Տէրոջը անուան ու անիծեց։ Մովսէսին բերին զանիկա։ Անոր մօրը անունը Սողոմիթ էր, Դանի ցեղէն՝ Դաբրիին աղջիկը։ 12Բանտարկեցին զանիկա, մինչեւ որ Տէրոջը հրամանը յայտնուի իրեն։ 13Տէրը խօսեցաւ Մովսէսին՝ ըսելով. 14«Այն հայհոյող մարդը բանակէն դուրս հանէ եւ բոլոր լսողները ձեռքերնին անոր գլխուն վրայ թող դնեն ու բոլոր ժողովուրդը թող քարկոծեն զանիկա։ 15Ըսէ՛ Իսրայէլի որդիներուն. ‘Ով որ իր Աստուածը անիծէ, իր մեղքը պիտի կրէ՛’։ 16Տէրոջը անուան հայհոյողը անշուշտ պէտք է մեռցուի։ Բոլոր ժողովուրդը անշուշտ պէտք է քարկոծեն զանիկա. օտարական ըլլայ թէ բնիկ։ Տէրոջը անուան հայհոյողը պէտք է մեռցուի։
17Ով որ մարդ մը սպաննէ, անշուշտ պէտք է մեռցուի։ 18Ան որ անասուն մը կը մեռցնէ, անասունի տեղ անասուն մը պէտք է հատուցանէ։ 19Եւ եթէ մարդ մը իր դրացիին խեղութեանը պատճառ ըլլայ, իր ըրածին պէս պէտք է ընեն իրեն. 20Բեկման տեղ՝ բեկում, աչքի տեղ՝ աչք, ակռայի տեղ՝ ակռայ. ինչպէս անիկա մարդու մը խեղութիւն պատճառեր է, նոյնպէս պէտք է ըլլայ իրեն։ 21Եւ անասուն մեռցնողը պիտի հատուցանէ զայն. բայց մարդ մեռցնողը պէտք է մեռցուի։ 22Թէ՛ օտարականին համար եւ թէ՛ բնիկին համար՝ ձեր օրէնքը մէկ պէտք է ըլլայ. վասն զի ես եմ Տէրը՝ ձեր Աստուածը»։
23Մովսէս ըսաւ Իսրայէլի որդիներուն, որ այն անիծող մարդը բանակէն դուրս հանեն եւ քարկոծեն զանիկա։ Իսրայէլի որդիները Տէրոջը Մովսէսին պատուիրածին պէս ըրին։

Currently Selected:

ՂԵՒՏԱՑՒՈՑ 24: WARMB

Highlight

Share

Copy

None

Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in

YouVersion uses cookies to personalize your experience. By using our website, you accept our use of cookies as described in our Privacy Policy