YouVersion Logo
Search Icon

ՂԵՒՏԱՑՒՈՑ 23

23
ԿՐՕՆԱԿԱՆ ՏՕՆԵՐ
1Տէրը խօսեցաւ Մովսէսին՝ ըսելով. 2«Խօսէ՛ Իսրայէլի որդիներուն ու ըսէ՛ անոնց. Տէրոջը տօները որոնք դուք սուրբ ժողով պիտի կոչէք՝ հետեւեալներն են. 3Վեց օր գործ կրնաք կատարել, բայց եօթներորդ օրը հանգստութեան շաբաթ ըլլալով՝ սուրբ պէտք է պահուի։ Բնաւ գործ մի՛ գործէք. Տէրոջը շաբաթ պիտի ըլլայ ձեր բոլոր բնակութիւններուն մէջ։
ԲԱՂԱՐՋԱԿԵՐԱՑ ՏՕՆԸ
(Թուոց 28:16-25)
4Տէրոջը տօները, որոնք իրենց սահմանուած ատենին սուրբ ժողովներ պիտի գումարէք, ասոնք են։ 5Առաջին ամսուան տասնըչորրորդ օրը իրիկուան դէմ Տէրոջը զատիկն է։ 6Եւ նոյն ամսուան տասնըհինգերորդ օրը բաղարջակերաց տօնն է Տէրոջը։ Եօթը օր բաղարջ պիտի ուտէք։ 7Առաջին օրը սուրբ ժողով պիտի ունենաք. բնաւ ծառայութեան գործ պէտք չէ գործէք։ 8Եւ եօթը օր պատարագ պիտի մատուցանէք Տէրոջը. եօթներորդ օրը սուրբ ժողով պիտի ըլլայ. բնաւ ծառայութեան գործ պէտք չէ գործէք»։
9Տէրը խօսեցաւ Մովսէսին՝ ըսելով. 10«Խօսէ՛ Իսրայէլի որդիներուն ու ըսէ անոնց. Երբ մտնէք այն երկիրը, որ ձեզի պիտի տամ ու անոր հունձքը հնձէք, ձեր հունձքէն երախայրի որայ մը քահանային պէտք է բերէք. 11Ան ալ Տէրոջը առջեւ երերցնելով պէտք է մատուցանէ որան, որպէս զի ձեզի համար ընդունելի ըլլայ։ Քահանան շաբաթին հետեւեալ օրը պէտք է մատուցանէ զայն։ 12Երբ որան մատուցանէք՝ ողջակէզի համար, մէկ տարեկան անարատ գառ մըն ալ պէտք է մատուցանէք Տէրոջը։ 13Անոր հացի ընծան իւղով շաղուած երկու տասնորդ բարակ ալիւր պէտք է ըլլայ։ Ասիկա անուշահոտ պատարագի համար է Տէրոջը եւ անոր թափելու նուէրը հիմէնին մէկ չորրորդը գինի պէտք է ըլլայ։ 14Մինչեւ այն օրը, երբ ձեր Աստուծոյն ընծան կը մատուցանէք, հաց կամ բոհրած ցորեն կամ թարմ հասկեր մի՛ ուտէք. ձեր սերունդներուն մէջ եւ ձեր բոլոր բնակարաններուն մէջ այս ձեզի յաւիտենական կանոն թող ըլլայ։
ՀՈՒՆՁՔԻ ՏՕՆ
(Թուոց 28:26-31)
15Շաբաթին հետեւեալ օրէն՝ որ դուք նուիրման որան բերիք, լման եօթը շաբաթ պէտք է համրէք. 16Մինչեւ եօթներորդ շաբաթին հետեւեալ օրը յիսուն օր պէտք է համրէք եւ ապա նոր հացի ընծայ մատուցանէք Տէրոջը։ 17Ձեր բնակարաններէն՝ երերցնելու ընծայի համար երկու հաց պէտք է բերէք, որոնք երկու տասնորդ բարակ ալիւրէ ըլլալով խմորեալ եփուած պիտի ըլլան. ասիկա երախայրի է Տէրոջը։ 18Եւ հացին հետ մէկ տարեկան եօթը հատ անարատ գառ եւ արջառներէն մէկ զուարակ ու երկու խոյ պէտք է մատուցանէք Տէրոջը, որոնք հացի ընծաներուն ու թափելու նուէրներուն հետ ողջակէզ ու անուշահոտ պատարագ պիտի ըլլան Տէրոջը։ 19Եւ մեղքի պատարագին համար այծերէն մէկ նոխազ եւ խաղաղութեան զոհի համար մէկ տարեկան երկու գառներ պէտք է մատուցանէք։ 20Եւ քահանան երախայրի հացին հետ երերցնելու ընծայի համար երկու գառ պէտք է մատուցանէ Տէրոջը առջեւ։ Անոնք սուրբ պիտի ըլլան Տէրոջը եւ քահանային պիտի ըլլան։ 21Նոյն օրը պիտի քարոզէք, որ ձեզի սուրբ ժողովի օր ըլլայ. բնաւ ծառայութեան գործ պէտք չէ գործէք. ասիկա ձեզի յաւիտենական կանոն թող ըլլայ ձեր բոլոր բնակարաններուն մէջ, ձեր սերունդներուն մէջ։
22Երբ ձեր երկրին հունձքը հնձէք, հնձած ատեննիդ արտին եզերքը լման մի՛ հնձէք ու հունձքին մնացած հասկերը մի՛ հաւաքէք. զանոնք աղքատին ու օտարականին թողուցէք։ Ես եմ Տէրը, ձեր Աստուածը»։
ՓՈՂ ՀՆՉԵՑՆԵԼՈՒ ՕՐ
(Թուոց 29:1-6)
23Տէրը խօսեցաւ Մովսէսին՝ ըսելով. 24«Խօսէ՛ Իսրայէլի որդիներուն ու ըսէ՛. Եօթներորդ ամսուան առաջին օրը ձեզի հանգստութեան օր, փող հնչեցնելուն յիշատակ, սուրբ ժողովի օր թող ըլլայ։ 25Բնաւ ծառայութեան գործ պէտք չէ գործէք, հապա պատարագ մատուցանէք Տէրոջը»։
ՔԱՒՈՒԹԵԱՆ ՕՐ
(Թուոց 29:7-11)
26Տէրը խօսեցաւ Մովսէսին՝ ըսելով. 27«Նաեւ այս եօթներորդ ամսուան տասներորդ օրը քաւութեան օրը ըլլալով՝ սուրբ ժողովի օր ըլլայ ձեզի եւ պէտք է խոնարհեցնէք ձեր հոգիները ու պատարագ մատուցանէք Տէրոջը։ 28Այն օրը բնաւ գործ պէտք չէ գործէք, վասն զի Տէրոջը՝ ձեր Աստուծոյն առջեւ ձեզի համար քաւութիւն ընելու՝ քաւութեան օր է։ 29Քանզի ով որ նոյն օրը չխոնարհի, իր ժողովուրդին մէջէն պէտք է կորսուի 30Եւ ով որ նոյն օրը գործ մը գործէ, այն անձը իր ժողովուրդին մէջէն պիտի կորսնցնեմ։ 31Բնաւ գործ մը պէտք չէ գործէք. ասիկա ձեր սերունդներուն մէջ եւ ձեր բոլոր բնակարաններուն մէջ յաւիտենական կանոն թող ըլլայ։ 32Այս ձեզի հանգստութեան շաբաթ թող ըլլայ եւ ձեր հոգիները պէտք է խոնարհեցնէք։ Ամսուան իններորդ օրուան իրիկունը ձեր շաբաթը պիտի պահէք իրիկուընէ մինչեւ իրիկուն»։
ՏԱՂԱՒԱՐԱՀԱՐԱՑ ՏՕՆ
(Թուոց 29:12-40)
33Տէրը խօսեցաւ Մովսէսին՝ ըսելով. 34«Խօսէ՛ Իսրայէլի որդիներուն ու ըսէ. Այս եօթներորդ ամսուան տասնըհինգերորդ օրէն սկսելով՝ եօթը օր տաղաւարահարաց տօն է Տէրոջը։ 35Առաջին օրը սուրբ ժողովի օր պէտք է ըլլայ, բնաւ ծառայութեան գործ պէտք չէ գործէք։ 36Եօթը օր պատարագ պէտք է մատուցանէք Տէրոջը եւ ութերորդ օրը սուրբ ժողով ընէք եւ պատարագ մատուցանէք Տէրոջը։ Տօնախմբութեան օր է այն, երբ բնաւ ծառայութեան գործ պէտք չէ գործէք։ 37Տէրոջը պատարագ, այսինքն ողջակէզ ու հացի ընծայ, զոհ եւ թափելու նուէրներ՝ ամէն օրուան պէտք եղածը մատուցանելու համար ձեր սուրբ ժողովներ կոչուած Տէրոջը տօները ասոնք են՝ 38Տէրոջը շաբաթներէն զատ եւ ձեր ընծաներէն զատ ու ձեր բոլոր ուխտերէն զատ եւ Տէրոջը տալու ձեր կամաւոր ընծաներէն զատ, 39Նաեւ՝ եօթներորդ ամսուան տասնըհինգերորդ օրը՝ երկրի արդիւնքը հաւաքած ատեննիդ եօթը օր տօն պէտք է պահէք Տէրոջը։ Առաջին օրը եւ ութերորդ օրը շաբաթ պիտի սեպէք։ 40Առաջին օրը ձեզի գեղեցիկ ծառերու պտուղ, արմաւենիի ոստեր ու տերեւախիտ ծառերու ոստեր եւ ձորի ուռիներու ոստեր պէտք է առնէք ու Տէրոջը ձեր Աստուծոյն առջեւ եօթը օր ուրախանաք։ 41Այս տօնը տարին եօթը օր պիտի պահէք Տէրոջը։ Ձեր սերունդներուն մէջ յաւիտենական կանոն թող ըլլայ այն։ Եօթներորդ ամսուան մէջ պիտի ընէք զայն։ 42Եօթը օր տաղաւարներու մէջ պիտի բնակիք, Իսրայէլի բոլոր բնիկները տաղաւարներու մէջ պէտք է բնակին. 43Որպէս զի ձեր սերունդները գիտնան թէ Իսրայէլի որդիները Եգիպտոսի երկրէն հանած ատենս տաղաւարներու մէջ բնակեցուցի զանոնք։ Ես եմ Տէրը՝ ձեր Աստուածը»։ 44Այսպէս՝ Մովսէս Իսրայէլի որդիներուն յայտնեց թէ որո՛նք են Տէրոջը տօները։

Currently Selected:

ՂԵՒՏԱՑՒՈՑ 23: WARMB

Highlight

Share

Copy

None

Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in

YouVersion uses cookies to personalize your experience. By using our website, you accept our use of cookies as described in our Privacy Policy