ՈՂԲՔ ԵՐԵՄԵԱՅ 4
4
ԵՐՈՒՍԱՂԷՄ՝ ԱՆԿՈՒՄԷՆ ՅԵՏՈՅ
1Ոսկին ինչպէ՜ս իր գոյնը կորսնցուց ու մաքուր ոսկին փոխուեցաւ։
Սրբարանին քարերը բոլոր փողոցներուն գլուխը թափուեցան։
2Սիօնին պատուական տղաքները, որոնք ընտիր ոսկիի հաւասար էին,
Բրուտի ձեռքով շինուած խեցեղէն ամաններու պէս սեպուեցան։
3 # 4:3 Կամ, Չագալները Վիշապներն անգամ ծիծերնին կը հանեն ու իրենց լակոտներուն կաթ կու տան.
Իմ ժողովուրդիս աղջիկը անապատի ջայլամներուն պէս անգութ եղաւ։
4Կաթնկերին լեզուն ծարաւէն իր քիմքին փակաւ.
Տղաքները հաց ուզեցին, բայց անոնց տուող չկար։
5Ազնիւ կերակուրներ ուտողները փողոցներուն մէջ յուսակտուր մնացին.
Կարմիր հագուստներով մեծցողները աղբանոցներ գրկեցին։
6Իմ ժողովուրդիս աղջկան անօրէնեւթիւնը Սոդոմի մեղքէն մեծ եղաւ,
Որ մէկ վայրկեանի մէջ տակնուվրայ եղաւ՝ դեռ ոեւէ մէկուն ձեռքը չդպած։
7Անոր ազնուականները ձիւնէն մաքուր, կաթէն ճերմակ էին.
Անոնց մարմինը #4:7 Կամ, բուստերէնյակինթներէն կարմիր էր, անոնց կերպարանքը շափիւղայի կը նմանէր։
8Անոնց դէմքը ածուխէն աւելի սեւ եղաւ, այնպէս որ փողոցներու մէջ չէր ճանչցուէր։
Անոնց մորթը իրենց ոսկորներուն փակաւ, չորցաւ ու փայտի պէս եղաւ։
9Սուրէ մեռածները անօթութենէ մեռածներէն երջանիկ էին,
Վասն զի վերջինները ագարակի արդիւնքներուն պակասութենէն մաշեցան ու մեռան։
10Գթասիրտ կիներուն ձեռքերը իրենց տղաքը եփեցին,
Իմ ժողովուրդիս աղջկան կոտորածին ատենը իրենց կերակուր եղան։
11Տէրը իր սրտմտութիւնը կատարեց, իր սաստիկ բարկութիւնը թափեց.
Սիօնի մէջ կրակ բռնկցուց, որ անոր հիմերը սպառեց։
12Երկրի թագաւորներն ու աշխարհի բոլոր բնակիչները չհաւատացին
Թէ հակառակորդը ու թշնամին Երուսաղէմի դռներէն պիտի մտնեն։
13Անոր մարգարէներուն մեղքերէն, Անոր քահանաներուն անօրէնութիւններէն,
Որոնք անոր մէջտեղը արդարներուն արիւնը թափեցին
14Փողոցներուն մէջ կոյրերու պէս աստանդական պտըտեցան, արիւնով ապականեցան,
Այնպէս որ մարդ կարող չէր անոնց զգեստներուն դպչիլ։
15Անոնց կը կանչէին. «Ե՛տ քաշուեցէք, ո՛վ անմաքուրներ, ե՛տ քաշուեցէք, ե՛տ քաշուեցէք, մի՛ դպչիք».
Անոնք փախան ու ասդին անդին պտըտեցան. ազգերու մէջ ըսուեցաւ. «Անոնք անգամ մըն ալ հոս պիտի չբնակին»։
16Տէրոջը բարկութիւնը ցրուեց զանոնք, անգամ մըն ալ անոնց չի նայիր.
Քահանաներուն պատիւ չըրին, ծերերուն չգթացին։
17Մեզի գալիք օգնութեանը համար պարապ տեղ մինչեւ հիմա աչքերնիս մաշեցան.
Դիտելով սպասեցինք այնպիսի ազգի մը, որ չէր կրնար մեզ ազատել։
18Մեր քայլերը կ’որսան, որպէս զի մեր փողոցներուն մէջ չպտըտինք.
Մեր վախճանը մօտեցաւ, մեր օրերը լեցուեցան, յիրաւի մեր վախճանը հասաւ։
19Մեզ հալածողները երկնքի արծիւներէն արագընթաց եղան.
Մեզ լեռներու վրայ հալածեցին, անապատի մէջ մեզի համար դարանամուտ եղան։
20Մեր ռնգունքներուն շունչը, Տէրոջը օծեալը, անոնց որոգայթներուն մէջ բռնուեցաւ,
Որու համար մենք կ’ըսէինք. ‘Ազգերուն մէջ անոր հովանիին տակ պիտի ապրինք’։
21Ցնծա՛ եւ ուրախ եղի՛ր, ո՛վ Եդովմի աղջիկ, որ Հուս երկրին մէջ կը բնակիս.
Քեզի ալ պիտի անցնի բաժակը. պիտի գինովնաս ու ինքզինքդ պիտի մերկացնես։
22Քու անօրէնութիւնդ վերջացաւ, ո՛վ Սիօնի աղջիկ, ա՛լ քեզ գերի պիտի չքշեն։
Քու անօրէնութիւնդ պիտի պատժէ, ո՛վ Եդովմի աղջիկ, քու մեղքերդ պիտի յայտնէ։
Currently Selected:
ՈՂԲՔ ԵՐԵՄԵԱՅ 4: WARMB
Highlight
Copy
Compare
Share
Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in
Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981.