Bible App logo
Search Icon

ՈՂԲՔ ԵՐԵՄԵԱՅ 3

3
ՊԱՏԻԺ, ԱՊԱՇԽԱՐՈՒԹԻՒՆ, ՅՈՅՍ
1Ես այն մարդն եմ, որ տառապանք տեսայ անոր բարկութեան գաւազանովը.
2Զիս տարաւ խաւարի մէջ պտըտցուց եւ ո՛չ թէ լոյսի մէջ։
3Այո՛, ինծի դէմ դարձաւ, ամէն օր իր ձեռքը իմ վրաս դարձուց։
4Իմ մարմինս ու մորթս մաշեցուց, ոսկորներս կոտրտեց։
5Ինծի դէմ պատնէշներ շինեց եւ զիս դառնութեամբ ու նեղութեամբ շրջապատեց։
6Զիս մութ տեղեր նստեցուց շատոնց մեռածներու պէս։
7Իմ բոլորտիքս ցանկ քաշեց ուստի չեմ կրնար դուրս ելլել։
Իմ շղթաներս ծանրացուց։
8Մինչեւ անգամ աղաղակած ու իմ կանչած ատենս՝ անիկա իմ աղօթքս #3:8 Եբր., դուրսը արգիլեցմերժեց։
9Իմ ճամբաներս տաշուած քարերով շրջապատեց, իմ շաւիղներս ծռեց։
10Անիկա ինծի դարանակալ արջի պէս ու ծածուկ տեղեր պահուըտած առիւծի պէս եղաւ։
11Իմ ճամբաներս խոտորցուց եւ զիս պատառեց, զիս ամայացուց։
12Իր աղեղը լարեց ու զիս նետի նշանակէտի պէս կայնեցուց։
13Իր նետերը երիկամունքներուս մէջ խոթեց։
14Իմ բոլոր ժողովուրդիս ծաղրանքի առարկայ եղայ ու բոլոր օրը անոնց երգին՝ նիւթը։
15Զիս դառնութիւններով կշտացուց եւ օշինդրով գինովցուց։
16Նաեւ ակռաներս խիճերով կոտրտեց, զիս մոխիրով ծածկեց։
17Այսպէս իմ հոգիս խաղաղութենէ հեռացաւ, բարիքը մոռցայ.
18Ու ըսի. ‘Կորսուեցաւ իմ զօրութիւնս եւ իմ ակնկալութիւնս Տէրոջմէ’։
19Յիշէ՛ իմ տառապանքս ու թշուառութիւնս, օշինդրն ու դառնութիւնը։
20Իմ հոգիս միշտ կը յիշէ զանոնք ու իմ ներսիդիս կը նուաստանայ։
21Ասիկա միտքս կը բերեմ, անոր համար յոյս կ’ունենամ։
22Տէրոջը ողորմութեամբ չհատանք, վասն զի անոր գթութիւնը չպակսեցաւ.
23Անոնք ամէն առտու կը նորոգուին, քու ճշմարտութիւնդ մեծ է։
24Իմ հոգիս ըսաւ. ‘Տէրը իմ բաժինս է, այս պատճառով անոր պիտի յուսամ’,
25Տէրը բարի է իրեն ապաւինողներուն ու զինք փնտռող հոգիին։
26Տէրոջը փրկութեան սպասելն ու լռութեամբ յուսալը աղէկ է։
27Աղէկ է որ մարդ իր երիտասարդութեան ատեն լուծը կրէ։
28Առանձին կը նստի ու լուռ կը կենայ, քանզի լուծը անոր վրայ դրուեցաւ։
29Իր բերանը հողին կու տայ, ըսելով թէ ‘Թերեւս յոյս կայ’.
30Իր ծնօտը զանիկա զարնողին կու տայ ու նախատինքով կը կշտանայ։
31Բայց Տէրը յաւիտեան չի մերժեր։
32Թէեւ ցաւ կու տայ, իր ողորմութեան շատութիւնովը գթութի՛ւն ալ կ’ընէ։
33Քանզի իր կամքովը նեղութիւն չի տար ու մարդու որդիները չի տրտմեցներ։
34Երկրի բոլոր բանտարկեալները ոտքի տակ ճզմելը,
35Բարձրեալին առջեւ մարդու մը իրաւունքը ծռելը,
36Մարդու մը իր դատին մէջ անիրաւութիւն ընելը Տէրոջը հաճելի չեն։
37Ո՞վ է անիկա, որ խօսի ու անոր խօսքը կատարուի, եթէ Տէրը հրամայած չէ։
38 Միթէ բարիքն ու չարիքը Բարձրեալին բերնէն չե՞ն ելլեր։
39Ապրող մարդը ինչո՞ւ տրտունջ ընէ, իր մեղքերուն պատիժին համար։
40Մեր ճամբաները քննենք ու փորձենք եւ Տէրոջը դառնանք։
41Մեր սրտերը մեր ձեռքերուն հետ երկինք՝ Աստուծոյ վերցնենք։
42Մենք յանցանք ըրինք ու ապստամբեցանք եւ դուն թողութիւն չտուիր։
43Բարկութեամբ ծածկեցիր քու երեսդ ու մեզ հալածեցիր, մեռցուցիր ու չխնայեցիր։
44Քեզ ամպով ծածկեցիր, որպէս զի մեր աղօթքը չանցնի։
45Մեզ ժողովուրդներուն մէջտեղը խոտան ու անարգ ըրիր։
46Մեր բոլոր թշնամիները մեզի դէմ բերաննին բացեր են։
47Մեր վրայ վախ ու գուբ, աւերում ու կոտորած եկաւ։
48Իմ ժողովուրդիս աղջկան աւերման համար աչքէս ջուրի հեղեղներ կ’իջնեն։
49Իմ աչքս անդադար արցունք կը թափէ ու բնաւ հանգստութիւն պիտի չունենայ,
50Մինչեւ որ Տէրը երկնքէն նայի ու տեսնէ։
51Իմ քաղաքիս բոլոր աղջիկներուն համար աչքս հոգիիս նեղութիւն կու տայ։
52Իմ թշնամիներս զուր տեղ անդադար զիս ճնճղուկի պէս կ’որսան։
53Իմ կեանքս գուբի մէջ ձգեցին, վրաս քար նետեցին։
54Ջուրերը գլուխէս վեր բարձրացան. ըսի թէ ‘Ես կտրտուեցայ’.
55Խորունկ գուբէն քու անունդ կանչեցի, ո՛վ Տէր։
56Իմ ձայնս լսեցիր։ Իմ հառաչանքիս ու աղաղակիս քու ականջդ մի՛ գոցեր։
57Քեզի կանչած օրս մօտեցար ու ըսիր. «Մի՛ վախնար»։
58Իմ հոգիիս դատը վարեցիր, ո՛վ Տէր, իմ կեանքս ազատեցիր։
59Ո՛վ Տէր, ինծի եղած զրկանքը տեսար, իմ իրաւունքս պաշտպանէ։
60Անոնց վրէժխնդրութիւնը, անոնց ինծի դէմ ունեցած բոլոր դիտաւորութիւնները տեսար։
61Անոնց նախատինքը լսեցիր, ո՛վ Տէր, անոնց ինծի դէմ ունեցած բոլոր դիտաւորութիւնները,
62Իմ վրաս ելլողներուն շրթունքները ու ամէն օր ինծի դէմ անոնց խորհած հնարքները։
63Անոնց նստելուն ու ելլելուն նայէ՛. ես անոնց երգին նիւթն եմ։
64Ո՛վ Տէր, անոնց հատուցում պիտի ընես՝ իրենց ձեռքերուն գործերուն համեմատ։
65Անոնց սրտի թմրութիւն պիտի տաս, քու անէծքդ պիտի տաս անոնց։
66Բարկութեամբ պիտի հալածես զանոնք ու Տէրոջը երկնքի տակէն բնաջինջ պիտի ընես։

Highlight

Copy

Compare

Share

None

Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in