Bible App logo
Search Icon

ՈՂԲՔ ԵՐԵՄԵԱՅ 2

2
ՏԷՐՈՋԸ ՊԱՏԻԺԸ ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻ
1Տէրը՝ բարկանալով՝ խաւարով ծածկեց Սիօնի աղջիկը,
Իսրայէլին փառքը երկնքէն վար նետեց
Ու իր բարկութեան օրը իր ոտքերուն պատուանդանը չյիշեց։
2Տէրը առանց խնայելու Յակոբին բոլոր բնակարանները կործանեց,
Յուդայի աղջկան ամրոցները իր բարկութիւնովը փլցուց ու հիմնայատակ ըրաւ,
Թագաւորութիւնն ու անոր իշխանները անպատուեց։
3Սաստիկ բարկութեամբ Իսրայէլի բոլոր զօրութիւնը փշրեց,
Անոր աջ ձեռքը թշնամիին երեսէն ետ քաշեց
Եւ Յակոբի մէջ կրակի բոցի պէս բռնկեցաւ ու անոր բոլորտիքը կերաւ։
4Իր աղեղը թշնամիի պէս լարեց, իր աջ ձեռքովը հակառակորդի պէս կեցաւ։
Բոլոր աչքի հաճոյ եղողները մեռցուց։
Իր բարկութիւնը կրակի պէս թափեց Սիօնի աղջկան խորանին մէջ։
5Տէրը թշնամիի պէս եղաւ, Իսրայէլը,
Անոր բոլոր պալատները եւ անոր ամրոցները կործանեց,
Յուդայի աղջկան մէջ ողբն ու կոծը շատցուց։
6Անոր #2:6 Կամ, ցանկը՝ պարտէզի ցանկի պէսհիւղը պարտէզի հիւղի պէս՝ ՝ բռնութեամբ կործանեց, անոր ժողովատեղին աւերեց։
Տէրը Սիօնի մէջ հանդիսաւոր տօնը ու շաբաթը մոռցուց,
Իր սաստիկ բարկութիւնովը թագաւորն ու քահանան անարգեց։
7Տէրը իր սեղանը մերժեց ու իր սրբարանէն զզուեցաւ։
Անոր պալատներուն պարիսպները թշնամիին ձեռքը մատնեց.
Անոնք Տէրոջը տանը մէջ հանդիսաւոր տօնի օրուան պէս ձայն տուին։
8Տէրը խորհեցաւ Սիօնի աղջկան պարիսպը քակել.
Լար քաշեց, իր ձեռքը կործանելէն ետ չդարձուց.
Պատնէշին ու պարսպին սուգ բռնել տուաւ, անոնք մէկտեղ տրտմեցան։
9Անոր դռները գետինը անցան, անոր նիգերը աւերեց ու կոտրեց.
Անոր թագաւորն ու իշխանները ազգերուն մէջ են. օրէնք չկայ.
Անոր մարգարէներն ալ Տէրոջմէ տեսիլք չեն ընդունիր։
10Սիօնին ծերերը գետնի վրայ նստած՝ լուռ կը կենան,
Իրենց գլխուն վրայ հող դրին, քուրձեր հագան,
Երուսաղէմի կոյսերը գլուխնին գետինը իջեցուցին։
11Իմ ժողովուրդիս աղջկան բեկմանը համար աչքերս արցունք թափելէն աւրուեցան,
Աղիքներս խռովեցան, լեարդս գետինը թափուեցաւ,
Վասն զի տղաքներն ու կաթնկերները քաղաքին հրապարակներուն մէջ կը նուաղին։
12Անոնք իրենց մայրերուն կ’ըսեն. «Ո՞ւր են ցորենն ու գինին»։
Երբ վիրաւորուածներու պէս կը նուաղին քաղաքին հրապարակներուն մէջ,
Երբ իրենց հոգին կ’աւանդեն իրենց մայրերուն գրկերուն մէջ։
13Քեզի ի՞նչ վկայութիւն բերեմ. քեզ ի՞նչ բանի հետ բաղդատեմ, ո՛վ Երուսաղէմի աղջիկ.
Քեզ մխիթարելու համար քեզի ի՞նչ նմանութիւն բերեմ, ո՛վ Սիօնի կոյս աղջիկ.
Քանզի քու աւերակդ ծովու չափ ընդարձակ է. ո՞վ կրնայ քեզ վերաշինել։
14Քու մարգարէներդ քեզի համար սնոտի ու յիմարական տեսիլքներ տեսան,
Քու անօրէնութիւնդ քեզի չյայտնեցին, որ քեզ գերութենէ դարձնեն,
Հապա քեզի համար սնոտի #2:14 Եբր., պատգամներտեսիլքներ ու մոլորութիւններ տեսան։
15Բոլոր ճամբայէն անցնողները քեզի համար ծափ զարկին
Եւ սուլելով գլուխնին շարժեցին Երուսաղէմի աղջկան համար
Ու ըսին. «Ա՞յս է այն քաղաքը, որ գեղեցկութեան կատարելութիւնը ու բոլոր երկրին ուրախութիւնը կը կոչուէր»։
16Քու բոլոր թշնամիներդ իրենց բերանը քու վրադ բացին
Եւ սուլելով ակռայ կրճտեցին ու ըսին. «Զանիկա կործանեցինք»։
Ահա այս է մեր սպասած օրը, գտանք, տեսանք զանիկա։
17Տէրը իր խորհածը կատարեց, առաջին օրերէն պատուիրած խօսքը գործադրեց,
Փլցուց ու չխնայեց եւ թշնամին քու վրադ ուրախացուց,
Քու թշնամիներուդ եղջիւրը բարձրացուց։
18Անոնց սիրտը Տէրոջը աղաղակեց.
Ո՛վ Սիօնի աղջկան պարիսպ, ցորեկ ու գիշեր հեղեղի պէս արցունք հոսեցուր։
Քեզի հանգիստ մի՛ տար, աչքիդ բիբը թող չդադարի։
19Ելի՛ր, գիշերով աղաղակէ գիշերուան պահերուն սկիզբը.
Քու սիրտդ ջուրի պէս թափէ Տէրոջը առջեւ.
Ձեռքերդ անոր վերցուր ու տղոցդ հոգիներուն համար,
Որոնք փողոցներուն գլուխը անօթութենէ կը մարին։
20Տե՛ս, ո՛վ Տէր ու նայէ՛, որո՞ւ այսպէս ըրիր.
Միթէ կիները իրենց պտուղը՝ իրենց գրկած տղաքները՝ պիտի ուտե՞ն.
Քահանան ու մարգարէն Տէրոջը սրբարանին մէջ պիտի սպաննուի՞ն։
21Տղան ու ծերը փողոցներու մէջ գետնի վրայ պառկեցան,
Իմ կոյսերս ու երիտասարդներս սուրէն ինկան.
Քու բարկութեանդ օրը զանոնք մեռցուցիր, մորթեցիր ու չխնայեցիր։
22Ամէն կողմէ իմ վախերս հանդիսաւոր տօնի օրուան պէս կանչեցիր
Ու Տէրոջը բարկութեան օրը մնացորդ կամ ազատուած չմնաց.
Իմ թշնամիս իմ գրկածներս ու մեծցուցածներս հատցուց։

Highlight

Copy

Compare

Share

None

Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in