ՅՈԲԱՅ 9
9
1Յոբ պատասխանեց.
2«Իրաւցընէ այնպէս ըլլալը գիտեմ
Ու մարդը ի՞նչպէս պիտի արդարանայ Աստուծոյ առջեւ։
3Եթէ անոր հետ վիճաբանիլ ուզէ,
Հազարէն մէկը չի կրնար անոր պատասխան տալ։
4Անիկա սրտով իմաստուն եւ ուժով կարող է.
Ո՞վ անոր դէմ իր սիրտը խստացուցեր ու յաջողութիւն գտեր է։
5Անիկա լեռները կը տեղափոխէ ու անոնք չեն գիտնար։
Իր բարկութիւնովը զանոնք կը տապալէ։
6Երկիրը իր տեղէն կը շարժէ
Ու անոր սիւները կը դողան։
7Արեւին հրաման կ’ընէ ու անիկա չի ծագիր
Ու աստղերը կը կնքէ։
8Ինք մինակը երկինքը կը տարածէ
Ու ծովուն #9:8 Եբր., բարձրերունալիքներուն վրայ կը քալէ։
9Անիկա ըրաւ Արջը, Հայկն ու Բազմաստեղը
Ու հարաւի շտեմարանները։
10Անիկա Անքննելի մեծագործուներ
Ու անթիւ սքանչելիքներ կ’ընէ։
11Ահա անիկա քովէս կ’անցնի ու ես չեմ տեսներ։
Յառաջ կ’անցնի ու չեմ իմանար։
12Եթէ յափշտակէ, ո՞վ կրնայ զանիկա արգիլել։
Ո՞վ կարող է ըսել անոր՝ ‘Ի՞նչ կ’ընես’։
13Աստուած իր բարկութիւնը ետ չի դարձներ
Ու հպարտ օգնականները անոր տակ կը խոնարհին։
14Ո՞ւր մնաց որ ես անոր պատասխան տամ
Ու անոր դէմ վիճելու համար խօսքեր ընտրեմ։
15Թէեւ արդար ալ ըլլամ, պատասխան պիտի չտամ.
Իմ դատաւորէս շնորհք պիտի խնդրեմ։
16Եթէ ես զանիկա կանչէի ու ինծի պատասխան ալ տար,
Պիտի չհաւատայի թէ անիկա իմ ձայնս լսած է։
17Որովհետեւ փոթորիկով զիս ճնշեց
Ու առանց պատճառի իմ վէրքերս աւելցուց։
18Զիս չի թողուր որ շունչ առնեմ,
Հապա դառնութեամբ զիս կը լեցնէ։
19Եթէ զօրութիւն փնտռուի, ահա անիկա զօրաւոր է,
Իսկ՝ եթէ արդարութիւն՝ #9:19 Կամ, ինծի համար ո՞վ վկայութիւն պիտի տայո՞վ զիս ատեանը պիտի կանչէ՝ ՝։
20Եթէ անձս արդարացնեմ, իմ բերանս զիս կը դատապարտէ.
Եթէ զիս անմեղադրելի երեւցնեմ, զիս յանցաւոր կը հանէ։
21Եթէ զիս կատարեալ երեւցնեմ, իմ անձս չեմ ճանչնար,
Իմ կեանքս կ’արհամարհեմ։
22 Ամէնը մէկ է. անոր համար ըսի թէ
Անիկա արդարն ու ամբարիշտը մէկտեղ բնաջինջ կ’ընէ։
23Եթէ հարուածը յանկարծ մեռցնէ,
Անիկա անմեղին պատահած փորձութեանը վրայ կը ծիծաղի։
24Երկիրը ամբարշտին ձեռքը տրուեցաւ։
Աստուած անոր դատաւորներուն երեսը կը ծածկէ։
Եթէ ոչ՝ ո՞վ է անիկա։
25Արդ՝ իմ օրերս սուրհանդակէն արագ են,
Փախան առանց բարութիւն տեսնելու։
26 # 9:26 Կամ, Ցանկալի, եւ կամ, Ասպատակի Արագագնաց նաւերու պէս՝
Որսի վրայ յարձակող արծիւի պէս կ’անցնին։
27Եթէ ըսեմ՝ ‘Գանգատս մոռնամ,
Տրտմութիւնս ձգեմ ու զուարթ ըլլամ’,
28Բոլոր թշուառութիւններէս կը վախնամ.
Գիտեմ թէ զիս անմեղ պիտի չհամարես
29Ու ամբարիշտ պիտի սեպուիմ։
Ինչո՞ւ համար զուր տեղը աշխատիմ։
30Եթէ ձիւնի ջրով լուացուիմ
Ու ձեռքերս #9:30 Կամ, օճառովմաքրութիւնով սրբեմ,
31Այն ժամանակ զիս փոսը կ’ընկղմես
Ու հանդերձս պիտի զզուի ինծմէ,
32Վասն զի ինծի պէս մարդ չէ, որ անոր պատասխան տամ
Ու մէկտեղ դատաստանի երթանք։
33Միջնորդ դատաւոր մը չկայ մեր մէջ,
Որ կարենայ իր ձեռքը մեր երկուքին վրայ դնել։
34Թող իր գաւազանը վրայէս վերցնէ
Ու անոր երկիւղը ա՛լ զիս չզարհուրեցնէ,
35 Այն ատեն պիտի խօսիմ ու անկէ պիտի չվախնամ.
Բայց եղած վիճակիս մէջ ես իմ անձիս տէրը չեմ»։
Currently Selected:
ՅՈԲԱՅ 9: WARMB
Highlight
Copy
Compare
Share
Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in
Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981.

:
Highlight
Copy
Compare
Share
Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in
Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981.