ՅՈԲԱՅ 10
10
1«Հոգիս կեանքէս ձանձրացաւ։
Համարձակ պիտի գանգատիմ,
Հոգիիս դառնութիւնովը պիտի խօսիմ.
2Պիտի ըսեմ Աստուծոյ. «Մի՛ դատապարտեր զիս,
Յայտնէ ինծի թէ ի՛նչ բանի համար ինծի հետ կը վիճիս.
3Քեզի աղէ՞կ կ’երեւնայ որ զիս կը հարստահարես
Ու քու ձեռքերուդ գործը կ’արհամարհես
Եւ ամբարիշտներուն խորհուրդին լոյս կու տաս։
4Միթէ դուն մարմնաւո՞ր աչքեր ունիս.
Մարդուն տեսածի՞ն պէս կը տեսնես։
5Միթէ քու օրերդ մարդուն օրերուն պէ՞ս են,
Քու տարիներդ մարդուն տարիներուն չա՞փ են,
6Որ դուն իմ յանցանքներս կը փնտռես
Ու մեղքս կը քննես։
7Գիտես որ յանցաւոր չեմ,
Բայց չկայ մէկը, որ քու ձեռքէդ ազատէ զիս։
8Քու ձեռքերդ զիս ստեղծեցին
Ու #10:8 Եբր., զիս շուրջանակիիմ բոլոր անդամներս՝ ՝ կազմեցին
Ու զիս բնաջի՞նջ կ’ընես։
9Կ’աղաչե՛մ, յիշէ թէ զիս կաւի պէս շինեցիր
Ու հիմա զիս հո՞ղ պիտի դարձնես։
10Չէ՞ որ զիս կաթի պէս թափեցիր
Ու պանիրի պէս թանձրացուցիր։
11Զիս մորթով ու մսով հագուեցուցիր
Ու զիս ոսկորներով ու ջիղերով հինեցիր.
12Ինծի կեանք եւ ողորմութիւն շնորհեցիր
Եւ քու խնամքդ իմ հոգիս պահեց։
13Ասոնք սրտիդ մէջ պահեցիր։
Գիտեմ թէ ասոնք #10:13 Եբր., քովդմիտքդ են։
14Եթէ մեղք գործեմ, դուն զիս կը դիտես
Ու իմ անօրէնութենէս անմեղ չես համարեր զիս։
15Եթէ ամբարշտութիւն ընեմ, վա՜յ է ինծի
Ու արդար ալ ըլլամ, գլուխս չեմ կրնար վերցնել.
Անարգանքով լեցուած եմ։
Հիմա իմ թշուառութեանս նայէ,
16 # 10:16 Կամ, Իսկ եթէ գլուխս վերցնեմ Որ աւելնալու վրայ է՝ ՝։
Առիւծի պէս զիս կ’որսաս
Եւ միշտ իմ վրաս #10:16 Եբր., զարմանալիյաղթող կ’ըլլաս.
17Ինծի դէմ վկաներդ կը նորոգես
Ու քու սրտմտութիւնդ իմ վրաս կը շատցնես։
Փոփոխութիւններ ու պատերազմ կը բերես վրաս։
18Ուրեմն ինչո՞ւ համար զիս արգանդէն հանեցիր։
Երանի՜ թէ հոն մեռնէի ու աչք չտեսնէր զիս,
19Որ չեղածի պէս ըլլայի
Ու մօրս արգանդէն գերեզմանը տարուէի։
20Իմ օրերս սակաւաթիւ չե՞ն։
Ե՛տ կեցիր ինծմէ ու թողուր, որ քիչ մը հանգչիմ
21 Այն տեղը երթալէս առաջ՝ ուրկէ ետ պիտի չդառնամ։
Մութ երկիրը ու մահուան շուքը,
22Այն խիստ մութ երկիրը, մահուան շուքին խաւարը,
Ուրտեղ կարգ չկայ ու լոյսը խաւարի պէս է»։
Currently Selected:
ՅՈԲԱՅ 10: WARMB
Highlight
Copy
Compare
Share
Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in
Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981.

:
Highlight
Copy
Compare
Share
Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in
Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981.