YouVersion Logo
Search Icon

ՅՈԲԱՅ 4

4
ԱՌԱՋԻՆ ԽՕՍԱԿՑՈՒԹԻՒՆ
(4:1–14:22)
1Այն ատեն Եղիփազ Թեմանացին պատասխան տուաւ ու ըսաւ.
2«Պիտի վշտանա՞ս արդեօք՝ եթէ սկսինք քեզի խօսիլ։
Բայց ո՞վ կրնայ զինք զսպել, որ չխօսի։
3Ահա դուն շատերուն խրատ տուիր
Ու տկար ձեռքերը զօրացուցիր։
4Քու խօսքերդ սահելու վրայ եղողը հաստատեցին
Ու դուն տկարացած ծունկերը կազդուրեցիր.
5Բայց հիմա այս փորձանքը քեզի պատահեցաւ ու դժուարացար.
Քեզի դպաւ ու բոլորովին շփոթեցար։
6Միթէ #4:6 Եբր., երկիւղդաստուածապաշտութիւնը քու յոյսդ չէ՞
Ու ճամբաներուդ ուղղութիւնը՝ քու ակնկալութիւնդ։
7Աղէ՜, մի՛տքդ բեր. ո՞ր անմեղը կորսուեցաւ
Եւ ո՞ւր արդարները բնաջինջ եղան։
8Ինչպէս տեսայ, անօրէնութիւն հերկողները
Եւ անիրաւութիւն ցանողները նոյնը կը հնձեն։
9Աստուծոյ շունչէն կը կորսուին
Ու անոր ռնգունքին արտաշնչումէն բնաջինջ կ’ըլլան։
10 Անիկա կը խափանէ առիւծին մռնչիւնը եւ մռնչող առիւծին ձայնը
Ու կորիւններուն ակռաները կը կոտրտուին։
11Առիւծը առանց որսի կը կորսուի
Ու մատակ առիւծին կորիւնները կը ցրուին։
12Ինծի գաղտուկ կերպով խօսք մը ըսուեցաւ
Ու անոր շշունջը ականջս հասաւ։
13Գիշերուան տեսիլքներուն արհաւիրքը
Քունի մէջ թմրած մարդուն վրայ կ’իջնէ։
14Վրաս այնպիսի վախ մը ու դող մը եկաւ,
Որ բոլոր ոսկորներս ցնցեց։
15Առջեւէս ոգի մը անցաւ
Ու մարմնիս մազերը փուշ փուշ եղան։
16Անիկա կայնեցաւ, բայց ես չկրցայ զանազանել անոր կերպարանքը.
Աչքերուս առջեւ երեւոյթ մը կար։
Լռութիւն եղաւ ու ձայն մը լսեցի, որ կ’ըսէր.
17«Միթէ մարդը Աստուծոյ առջեւ արդար կրնա՞յ ըլլալ,
Մարդը Արարիչէն աւելի մաքուր կրնա՞յ ըլլալ»։
18Ահա անիկա իր ծառաներուն չի հաւատար։
Իր հրեշտակներուն վրայ պակասութիւն կը գտնէ։
19Ալ ո՞ւր կը մնան անոնք, որ կաւեղէն տուներու մէջ կը բնակին,
Որոնց հիմը փոշիին մէջ է եւ որոնք ցեցէն առաջ կը ճզմուին։
20Անոնք առաւօտէն մինչեւ իրիկուն կը ճնշուին
Ու առանց մէկուն իմանալուն կը կորսուին յաւիտեան։
21Ահա անոնց վրայ եղած փառաւորութիւնը կը վերցուի։
Անոնք կը մեռնին առանց իմաստուն ըլլալու»։

Currently Selected:

ՅՈԲԱՅ 4: WARMB

Highlight

Copy

Compare

Share

None

Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in