ՅՈԲԱՅ 30
30
1«Բայց հիմա տարիքով ինծմէ պզտիկ եղողները զիս կը ծաղրեն,
Որոնց հայրերը հօտերուս շուներուն հետ դնելու չէի հաճիր.
2Անոնց ձեռքերուն ոյժը ինծի ի՞նչ օգուտ ունէր,
Անոնց առուգութիւնը կորսուած էր։
3Չքաւորութենէ ու անօթութենէ նիհարցեր էին։
Դէպի անապատը՝ մթին, աւերակ ու վայրի տեղերը կը փախչէին։
4Կերակուրի համար մացառներուն քովի #30:4 Կամ, փրփրեմները (բանջար)մոլոշները կը քաղէին
Ու գիհիի արմատ կը հաւաքէին։
5 Մարդոց մէջէն կը վռնտուէին։
Անոնց ետեւէն գողի ետեւէ պոռալու պէս կը պոռային։
6Սոսկալի ձորերու մէջ կը բնակէին,
Հողի ու ապառաժներու ծակտիքներու մէջ։
7Մացառներու մէջ կը կանչուըռտէին,
Եղիճներու տակ կը հաւաքուէին։
8Յիմար ու աննշան մարդոց զաւակներ ըլլալով՝
Երկրէն կը վռնտուէին։
9Ու հիմա ես անոնց խաղը՝
Նաեւ անոնց ծաղրանքի առարկան եղեր եմ։
10Ինծմէ գարշելով կը հեռանան քովէս։
Երեսս թքնելէ չեն քաշուիր։
11Քանի որ Աստուած իմ կապս թուլցնելով՝ զիս խոնարհեցուց։
Անոնք իմ ներկայութեանս երասանակը կը թողուն։
12Աջ կողմէս լակոտներ կ’ելլեն,
Անոնք ոտքերս յառաջ կը հրեն
Ու ինծի դէմ իրենց կորստեան ճամբաներ կը պատրաստեն։
13Անոնք շաւիղներս կ’աւրեն, վիշտս կ’աւելցնեն
# 30:13 Կամ, առանց մէկու մը անոնց օգնելուն Ու անոնց դէմ ինծի օգնութիւն ընող մը չկայ՝ ՝
14Լայն խրամատէ մը գալու պէս կը յարձակին,
Աւերակներու տակէն վրաս կը դիմեն։
15Արհաւիրքները իմ վրաս դարձան
Ու հովի պէս իմ պատիւս կը հալածեն
Ու ազատութիւնս ամպի պէս անցաւ։
16Հիմա հոգիս իմ ներսիդիս կը հալի,
Տրտմութեան օրերը զիս պաշարեցին։
17 Իմ ցաւս գիշերը ոսկորներս ծակեց
Ու ջիղերս հանգստութիւն չունեցան։
18 Իր մեծ զօրութիւնովը իմ հանդերձս փոխեց
Ու իմ պատմուճանիս օձիքին պէս պատեց զիս։
19Զիս ցեխի մէջ նետեց,
Ես հողի ու մոխիրի նմանեցայ։
20Ես քեզի կ’աղաղակեմ ու ինծի պատասխան չես տար.
Կը կանգնիմ ու դուն ինծի ուշադրութիւն #30:20 Կամ, կ’ընե՞սչես ըներ՝ ՝։
21Դուն ինծի հանդէպ անգութ #30:21 Եբր., փոխուեցարեղար,
Ձեռքիդ զօրութիւնովը թշնամիի պէս կը վարուիս ինծի հետ
22Զիս վերցնելով հովին վրայ կը հեծցնես
Ու զիս մրրիկով կը հատցնես։
23Ստոյգ գիտեմ թէ զիս մահուան պիտի տանիս,
Բոլոր ապրողներուն համար սահմանուած տունը։
24 # 30:24 Կամ, Արդարեւ աղաչանքը ոչինչի կ’օգտէ, երբոր Անիկա ձեռքը երկնցնէ, ո՛չ ալ անոնց աղաղակը՝ երբ Անիկա կորսնցնէ Անիկա աւերմունքին վրայ ձեռք պիտի չերկնցնէ,
Եթէ կորստեան ատեն անոր աղաչեն՝ ՝։
25Դժբաղդութեան մէջ եղողին համար չէի՞ լար.
Աղքատին համար հոգիս չէ՞ր նեղանար։
26Բայց երբ ես բարիք կը յուսայի՝ չարիքը հասաւ
Ու երբ լոյսին կը սպասէի՝ խաւարը եկաւ։
27Փորոտիքս եռաց ու չհանդարտեցաւ։
Թշուառութեանս օրերը ինծի հասան։
28Սեւցած պտըտեցայ, բայց՝ ոչ արեւէն։
Ելայ ու ժողովուրդին մէջ աղաղակեցի։
29Չագալներուն՝ եղբայր,
Ջայլամներուն ընկեր եղայ։
30Մորթս վրաս սեւցաւ,
Ոսկորներս տաքութենէն այրեցան։
31Ատոր համար իմ քնարս սուգի փոխուեցաւ
Ու իմ սրինգս՝ լալկաններու ձայնի»։
Currently Selected:
ՅՈԲԱՅ 30: WARMB
Highlight
Copy
Compare
Share
Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in
Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981.

:
Highlight
Copy
Compare
Share
Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in
Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981.