ՅՈԲԱՅ 29
29
ՅՈԲԻՆ ՎԵՐՋԻՆ ՓԱՍՏԱՐԿՈՒԹԻՒՆԸ
1Յոբ նորէն իր խօսքը սկսելով՝ ըսաւ.
2«Երանի թէ առաջին ամիսներուն պէս,
Աստուծոյ զիս պահած օրերուն պէս ըլլայի,
3Երբ անոր ճրագը իմ գլխուս վրայ լոյս կու տար
Ու ես խաւարի մէջ անոր լոյսովը կը քալէի։
4Երիտասարդութեանս օրերը եղածիս պէս՝
Երբ Աստուծոյ մտերմութիւնը իմ վրանիս մէջ էր.
5Երբ Ամենակարողը տակաւին ինծի հետ էր
Ու տղաքս իմ բոլորտիքս էին։
6Երբ իմ ճամբաներս կոգիով կը թրջէի
Ու ապառաժէն ինծի համար ձէթի հեղեղներ կը վազէին։
7Երբ դռնէն քաղաքը կ’ելլէի
Ու աթոռս հրապարակին մէջ կը դնէի,
8Երիտասարդները զիս տեսնելով կը պահուէին
Ու ծերերը ոտքի կ’ելլէին, կը կանգնէին,
9Իշխանները խօսելէն կը դադարէին
Ու ձեռքերնին իրենց բերնին վրայ կը դնէին,
10Ազնուականները ձայներնին կը կտրէին,
Անոնց լեզուն իրենց քիմքին կը փակչէր։
11 Ինծի մտիկ ընող ականջը ‘Երանի՜’ կ’ըսէր ինծի
Ու զիս տեսնող աչքը կը վկայէր ինծի համար։
12Վասն զի ես աղաղակող աղքատը
Եւ որբն ու օգնութիւն չունեցողը կ’ազատէի։
13Կորսուելու վրայ եղողին օրհնութիւնը վրաս կու գար
Ու որբեւարիին սիրտը կ’ուրախացնէի։
14Արդարութիւն կը հագնէի։ Անիկա էր իմ հանդերձս։
Ու ուղղամտութիւնը պատմուճանի ու խոյրի պէս էր։
15Կոյրին աչքեր էի
Ու կաղին՝ ոտքեր։
16Աղքատին հայր էի։
Կը պաշտպանէի իրաւունքը անոր, որ չէի ճանչնար։
17Անիրաւին ժանիքը կը կոտրէի
Ու անոր ակռաներէն որսը կը խլէի
18Ու կ’ըսէի. «Բոյնիս մէջ պիտի մեռնիմ
Եւ օրերս աւազի պէս պիտի շատցնեմ։
19Արմատս դէպի ջուրերը կը տարածուէր
Ու ցօղը բոլոր գիշերը ոստերուս վրայ էր։
20Փառքս իմ վրաս կը նորոգուէր
Ու աղեղս ձեռքիս մէջ կ’ուժովնար»։
21 Մարդիկ ինծի մտիկ կ’ընէին ու կը սպասէին։
Երբ իմ խորհուրդս յայտնէի՝ լուռ կը կենային։
22Իմ խօսելէս յետոյ անոնք ա՛լ չէին խօսիր։
Ու իմ խօսքս անոնց վրայ կը կաթէր։
23Անձրեւի սպասելու պէս ինծի կը սպասէին
Ու վերջին անձրեւին փափաքելու պէս բերաննին կը բանային։
24Եթէ անոնց վրայ խնդայի՝ չէին հաւատար
Ու երեսիս լոյսը չէին կրնար արհամարհել։
25Անոնց ճամբաները ընտրելով՝ իբր իշխան կը նստէի
Եւ իր զօրքին մէջ եղող թագաւորի մը պէս
Ու սգաւորներուն՝ մխիթարիչի մը պէս կը բնակէի։
Currently Selected:
ՅՈԲԱՅ 29: WARMB
Highlight
Copy
Compare
Share
Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in
Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981.

:
Highlight
Copy
Compare
Share
Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in
Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981.