ՅՈԲԱՅ 27
27
1Յոբ դարձեալ իր խօսքը սկսելով՝ ըսաւ.
2«Իմ իրաւունքս մէկդի դնող Աստուածը
Ու հոգիս դառնութեամբ լեցնող Ամենակարողը կենդանի է։
3Քանի որ շունչս վրաս է
Ու ռնգունքներուս մէջ Աստուծոյ հոգին կայ,
4Շրթունքներս անիրաւ բան մը պիտի չըսեն
Ու լեզուս նենգութիւն պիտի չխօսի։
5Քա՛ւ լիցի, որ ձեզ արդարացնեմ։
Մինչեւ մեռնիլս իմ ուղղութիւնս ձեռքէ պիտի չձգեմ։
6Իմ արդարութիւնս հաստատ բռներ եմ ու զանիկա պիտի չթողում
Ու կեանքիս #27:6 Կամ, համարմէջ սիրտս բնաւ պիտի չյանդիմանէ զիս։
7Իմ թշնամիս ամբարշտի պէս պիտի ըլլայ
Ու ինծի դէմ ելլողը՝ անզգամի պէս։
8Քանզի կեղծաւորին յոյսը ի՞նչ է (թէեւ հարստութիւն ալ դիզած ըլլայ),
Երբ Աստուած անոր հոգին առնէ։
9Միթէ Աստուած անոր աղաղակը պիտի լսէ՞,
Երբ անոր վրայ փորձանք գայ։
10Անիկա Ամենակարողին վրայ պիտի ուրախանա՞յ.
Ամէն ժամանակ Աստուծոյ պիտի աղաղակէ՞։
11Աստուծոյ ձեռքին մէջ եղածը ձեզի պիտի սորվեցնեմ.
Ամենակարողին քով եղածը պիտի չծածկեմ։
12Ահա դուք ամէնքդ ալ տեսաք
Ու ինչո՞ւ այդպէս բոլորովին ունայնացեր էք։
13Ասիկա է ամբարիշտ մարդուն բաժինը Աստուծոյ առջեւ
Ու բռնաւորներուն Ամենակարողէն առնելու ժառանգութիւնը.
14Եթէ անոր տղաքը շատնան, սուրի համար է
Ու անոր սերունդը հացով պիտի չկշտանայ։
15Անոր մնացորդները ժանտախտով պիտի թաղուին,
Բայց անոր որբեւարիները պիտի չլան։
16Թէեւ հողի պէս արծաթ դիզէ
Ու տիղմի պէս հանդերձներ պատրաստէ,
17Անիկա պիտի պատրաստէ, բայց արդարը պիտի հագնի
Ու անմեղը արծաթը պիտի բաժնէ։
18Իրեն տուն մը կը շինէ սարդի ոստայնի պէս
Ու այգիի պահապանին շինած խրճիթին պէս։
19Հարուստը կը պառկի ու չ’ամփոփուիր.
# 27:19 կամ, Ակնթարթի մէջ Աչքերը կը բանայ ու՝ ՝ ոչինչ կ’ըլլայ։
20Արհաւիրքը ջուրերու պէս անոր պիտի հասնի։
Գիշերով փոթորիկը պիտի յափշտակէ զանիկա։
21Արեւելեան հովը պիտի քշէ զանիկա ու ան պիտի երթայ
Ու փոթորիկի պէս զանիկա իր տեղէն պիտի վերցնէ։
22 Ամենակարողը իր նետերը անոր դէմ պիտի նետէ ու պիտի չխնայէ.
Ան ալ պիտի ջանայ անոր ձեռքէն փախչիլ։
23Անոր համար ծափ պիտի զարնեն
Ու անոր եղած տեղէն անոր դէմ պիտի սուլեն»։
Currently Selected:
ՅՈԲԱՅ 27: WARMB
Highlight
Copy
Compare
Share
Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in
Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981.