ՅՈԲԱՅ 25
25
1Բաղդատ Սօքեցին պատասխանեց.
2«Իշխանութիւնն ու վախը անոր քով են,
Իր բարձր տեղերուն մէջ խաղաղութիւն կ’ընէ։
3Անոր գունդերուն համրանքը կա՞յ արդեօք
Ու անոր լոյսը որո՞ւ վրայ չի ծագիր։
4Ուրեմն մարդը ի՞նչպէս պիտի արդարանայ Աստուծոյ առջեւ։
Կնոջմէ ծնածը ի՞նչպէս կրնայ մաքուր ըլլալ։
5Ահա լուսինն ալ լոյս չի տար
Ու անոր աչքերուն առջեւ աստղերն ալ մաքուր չեն.
6Ալ ո՞ւր կը մնայ մարդը, որ որդ մըն է
Ու մարդու որդին՝ որ ճճի մըն է»։
Currently Selected:
ՅՈԲԱՅ 25: WARMB
Highlight
Copy
Compare
Share
Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in
Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981.