YouVersion Logo
Search Icon

ՅՈԲԱՅ 24

24
1«Քանի որ Ամենակարողէն պահուած չեն ժամանակները,
Ի՞նչպէս զանիկա ճանչցողները անոր օրերը չեն տեսներ։
2 Չարերը սահմաններ կը փոխեն,
Հօտեր կը յափշտակեն ու զանոնք կ’արածեն.
3Որբերուն էշերը կ’առնեն կը տանին,
Որբեւարիին եզը գրաւ կ’առնեն.
4Աղքատները ճամբայէն կը մոլորեցնեն
Ու երկրի տնանկները ինքզինքնին կը ծածկեն։
5Ահա անոնք անապատի վայրենի էշերուն պէս իրենց գործին կ’ելլեն,
Կանուխ որս փնտռելու կ’երթան.
Անապատը անոնց տղոցը հաց կու տայ։
6Իրենցը չեղած արտը կը հնձեն
Ու անիրաւութեամբ այգի կը կթեն։
7Գիշերը առանց հանդերձի կը պառկեցնեն մերկը
Ու պաղ ատեն առանց ծածկոցի կը թողուն։
8Անոնք լեռներուն սաստիկ անձրեւներէն կը թրջուին
Ու ապաստանարան մը չունենալնուն համար ժայռերը կը գրկեն։
9Որբը ծիծէն կը հեռացնեն
Ու աղքատէն պզտիկ զաւակը գրաւ կ’առնեն։
10Մերկերը առանց հանդերձի կը պտըտեցնեն
Ու անօթիները անոնց ցորենի խուրձերը կը կրեն։
11Իրենց պատերուն մէջ իւղ հանողները
Ու հնձաններուն մէջ գինի կոխողները ծարաւ կը մնան։
12Քաղաքին մէջ մարդիկ կը հեծեն
Ու վիրաւորուածներուն հոգին կ’աղաղակէ։
Բայց Աստուած անոնց ըրածը անզգամութիւն չի համարեր։
13Անոնք լոյսին դէմ կեցողներէն են,
Անոր ճամբաները չեն գիտեր
Ու անոր շաւիղներուն մէջ չեն կենար։
14Մարդասպանը լուսնալուն պէս կ’ելլէ,
Աղքատն ու տնանկը կը սպաննէ
Ու գիշերը գողի պէս կ’ըլլայ։
15Շնացողին աչքն ալ իրիկուան մութին կը սպասէ՝ ըսելով.
‘Զիս աչք չտեսնէ’, ուստի երեսին ծածկոց կը դնէ։
16Մութ ատեն կը ծակեն այն տուները,
Որոնց վրայ ցորեկուընէ նշան դրած են.
Անոնք լոյսը չեն ճանչնար.
17Վասն զի առտուան լոյսը մահուան շուքի պէս է անոնց,
Որովհետեւ մահուան շուքին երկիւղներուն վարժուած են։
18Անիկա ջուրին երեսին վրայ թեթեւ է.
Անոնց բաժինը երկրի վրայ անիծեալ է
Ու այգիներուն ճամբան չի դառնար։
19Չորութիւնն ու տաքութիւնը ձիւնին ջուրը կը հատցնեն
Ու գերեզմանը՝ մեղք գործողները։
20Որովայնը զանիկա պիտի մոռնայ.
Որդերը պիտի ուտեն զանիկա անուշ բանի պէս.
Ա՛լ անիկա պիտի չյիշուի։
Ամբարշտութիւնը ծառի մը պէս պիտի կոտրուի։
21Անիկա զաւակ չծնանող ամուլը կը չարչարէ
Ու որբեւարիին աղէկութիւն չ’ըներ։
22Անիկա իր ուժովը զօրաւորներուն կեանքը կ’երկարաձգէ,
Իսկ երբ ելլէ, մէկո՛ւն կեանքի ապահովութիւն չկայ։
23 Աստուած անոր ապահովութիւն կու տայ, որպէս զի իրեն վստահի,
Բայց իր աչքերը անոնց ճամբաներուն վրայ են։
24Քիչ մը բարձրացան ու ոչինչ եղան,
Ամենուն պէս ընկղմելով կորսուեցան
Ու հասկի պէս կտրուեցան։
25Եթէ այսպէս չէ, ո՞վ զիս սուտ պիտի հանէ
Եւ իմ խօսքիս ոչինչ ըլլալը պիտի ցուցնէ»։

Currently Selected:

ՅՈԲԱՅ 24: WARMB

Highlight

Copy

Compare

Share

None

Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in