ՅՈԲԱՅ 23
23
1Յոբ պատասխանեց.
2«Այսօր ալ իմ գանգատս դառն է,
Անոր #23:2 Եբր., ձեռքըհարուածը հառաչանքէս ծանր է։
3Երանի՜ թէ կարող ըլլայի գտնել զանիկա,
Մինչեւ անոր աթոռը երթայի,
4Իմ դատս անոր առջեւ տարածէի
Ու բերանս փաստերով լեցնէի։
5Պիտի գիտնայի թէ ինծի ի՛նչ պատասխան պիտի տար
Ու պիտի հասկնայի ինչ որ ինծի պիտի ըսէր։
6Միթէ ուժին շատութիւնովը ինծի հետ պիտի վիճէ՞ր։ Ո՛չ։
Հապա ինք զիս պիտի զօրացնէր։
7Ուղիղ մարդը հոն կրնայ վիճաբանիլ անոր հետ
Ու ես իմ Դատաւորէս յաւիտեան պիտի ազատուէի։
8 Բայց ահա դէպի արեւելք կ’երթամ ու անիկա չերեւնար
Եւ դէպի արեւմուտք ու զանիկա չեմ նշմարեր։
9Դէպի հիւսիս կ’երթամ, ուր ինք կը գործէ,
Բայց զանիկա չեմ կրնար դիտել։
Հարաւային կողմը կը պահուի
Ու չեմ կրնար տեսնել զանիկա։
10Իսկ անիկա գիտէ իմ ճամբաս։
Երբ զիս փորձէ, ոսկիի պէս պիտի ելլեմ։
11Ոտքս անոր քայլերուն վրայ հաստատուեցաւ,
Անոր ճամբան պահելով՝ չմոլորեցայ։
12Անոր շրթունքներուն պատուիրանքներէն չզատուեցայ։
Անոր բերնին խօսքերը իմ պիտոյքէս աւելի պահեցի։
13Բայց անիկա մէկ մտքի վրայ է
Եւ ո՞վ կրնայ զանիկա դարձնել.
Իր սրտին ուզածը կ’ընէ։
14Ուրեմն ինծի համար սահմանուածը պիտի կատարէ։
Ասոր պէս շատ բաներ կան անոր քով։
15Անոր համար անոր ներկայութենէն կը շփոթիմ։
Երբ մտածեմ՝ անկէ կը վախնամ։
16Վասն զի Աստուած սիրտս կը կակուղցնէ
Ու Ամենակարողը զիս կը շփոթեցնէ,
17Որովհետեւ ես թշուառութեան խաւարէն չմեռայ
Ու մութը զիս չծածկեց»։
Currently Selected:
ՅՈԲԱՅ 23: WARMB
Highlight
Copy
Compare
Share
Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in
Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981.

:
Highlight
Copy
Compare
Share
Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in
Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981.