YouVersion Logo
Search Icon

ՅՈԲԱՅ 20

20
1Այն ատեն Սոփար Նաամացին պատասխանեց.
2«Ասոր համար իմ խորհուրդներս ինծի պատասխանել կու տան
Ու ասոր համար կ’արտորամ։
3Զիս խայտառակող յանդիմանութիւնը լսեցի,
Բայց իմ հոգիս ունեցած իմաստութենէս կը ստիպէ, որ պատասխանեմ։
4Դուն գիտե՞ս թէ սկիզբէն՝
Մարդս երկրի վրայ դրուելէն ի վեր՝
5Անզգամին յաղթանակը քիչ ժամանակ կը տեւէ
Ու կեղծաւորին ուրախութիւնը մէկ վայրկեանի համար է։
6Թէեւ անոր բարձրութիւնը մինչեւ երկինք ելլէ
Ու գլուխը ամպերուն հասնի,
7Իր աղբին պէս յաւիտեան պիտի ոչնչանայ
Ու զինք տեսնողները պիտի ըսեն՝ ‘Ո՞ւր է անիկա’։
8Երազի պէս պիտի թռչի ու պիտի չգտնուի
Ու գիշերուան ցնորքի պէս պիտի փախչի։
9Զանիկա տեսնող աչքը ա՛լ պիտի չտեսնէ
Ու անոր բնակած տեղը ա՛լ պիտի չնայի անոր։
10Անոր զաւակները #20:10 Եբր., աղքատները պիտի հաճեցնենաղքատներէն շնորհք պիտի խնդրեն՝ ՝
Ու անոր ձեռքերը #20:10 Կամ, հարստութիւնըյափշտակածը ետ պիտի տան։
11Անոր ոսկորները #20:11 Կամ, ծածուկերիտասարդութեան մեղքերուն պատիժովը լեցուն են
Ու անոր հետ հողին մէջ պիտի պառկին։
12Եթէ անզգամութիւնը անոր բերնին մէջ քաղցր է
Եւ եթէ իր լեզուին տակ կը պահէ զանիկա,
13Եթէ զանիկա խնայէ ու չձգէ
Ու իր քիմքին մէջ պահէ զանիկա,
14Կերակուրը անոր աղիքներուն մէջ պիտի փոխուի,
Անոր ներսիդին քարբի լեղի պիտի ըլլայ։
15Անիկա հարստութիւններ կուլ տուաւ, բայց պիտի փսխէ զանոնք։
Աստուած անոր փորէն դուրս պիտի հանէ զանոնք։
16Անիկա քարբին թոյնը պիտի ծծէ
Ու իժի լեզուն զանիկա պիտի մեռցնէ։
17Անիկա պիտի չտեսնէ վտակները,
Մեղրի ու կոգիի հեղեղներուն գետերը։
18Իր աշխատանքով վաստկածը ետ պիտի տայ ու պիտի չկլլէ
Ու ետ տուածը իր հարստութեանը չափ պիտի ըլլայ։
Անոր վրայ պիտի չուրախանայ։
19Քանի որ աղքատները ճնշեց ու երեսի վրայ թողուց
Ու իր չշինած տունը յափշտակեց,
20Անշուշտ իր ներսիդին խաղաղութիւն պիտի չզգայ
Ու ցանկացածը պիտի չկրնայ ազատել։
21Անոր ուտելու բան մը պիտի չմնայ,
Անոր համար անոր յաջողութիւնը հաստատ պիտի չըլլայ։
22Առատութեամբ լեցուն եղած ժամանակն ալ նեղութեան մէջ պիտի ըլլայ.
Թշուառութեան մէջ եղողներուն ամէն #20:22 Եբր., ձեռքըհարուած անոր վրայ պիտի գայ։
23Երբ փորը կշտացնելու վրայ ըլլայ,
Աստուած իր սաստիկ բարկութիւնը անոր վրայ պիտի ղրկէ
Ու անձրեւի պէս անոր վրայ պիտի թափէ՝ կերակուր ուտելու ատենը։
24Երկաթէ զէնքին առջեւէն փախած ատենը
Պղնձէ աղեղը զանիկա պիտի խոցէ։
25 Անոր դէմ արձակուած աղեղը մարմնէն պիտի անցնի
Ու փայլուն տէգը անոր մաղձէն պիտի ելլէ.
Անոր վրայ արհաւիրք պիտի գայ։
26Բոլոր խաւարը անոր գաղտուկ տեղերը պիտի պահուի.
Մարած կրակը զանիկա պիտի լափէ.
Անոր վրանին մէջ մնացողը #20:26 Կամ, պիտի սպառէապերջանիկ պիտի ըլլայ՝ ՝։
27Երկինք անոր ապօրէնութիւնը պիտի յայտնէ,
Երկիր ալ անոր դէմ պիտի ելլէ։
28Անոր տանը եկամուտը պիտի յափշտակուի,
Ամէն բան պիտի անցնի Աստուծոյ բարկութեան օրը։
29Ասիկա է ամբարիշտ մարդուն բաժինը, որ Աստուծմէ պիտի առնէ
Եւ ասիկա է այն ժառանգութիւնը, որ Աստուած անոր համար սահմաներ է»։

Currently Selected:

ՅՈԲԱՅ 20: WARMB

Highlight

Copy

Compare

Share

None

Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in