ՅՈԲԱՅ 19
19
1Յոբը պատասխանեց.
2«Մինչեւ ե՞րբ հոգիս պիտի վշտացնէք
Ու զիս խօսքերով պիտի ճնշէք։
3Արդէն տասը անգամ է որ զիս կը մեղադրէք։
Չէ՞ք ամչնար որ վրաս կը յարձակիք։
4Եթէ արդարեւ ես սխալեր եմ,
Իմ սխալս իմ քովս կը մնայ։
5Եթէ անպատճառ ամբարտաւանութեամբ խօսիլ կ’ուզէք ինծի դէմ
Ու ամօթս երեսս զարնել,
6Գիտցէք ուրեմն թէ զիս Աստուած կործանեց
Ու իր ցանցը իմ շուրջս դարձուց։
7Ահա ինծի եղած անիրաւութեանը համար կ’աղաղակեմ ու պատասխան տուող չկայ,
Կը բողոքեմ, բայց արդարութիւն չկայ։
8Անիկա իմ ճամբաս գոցեց, այնպէս որ չեմ կրնար անցնիլ.
Իմ շաւիղներուս վրայ խաւար դրաւ։
9Զիս իմ փառքս մերկացուց
Ու գլխէս թագը վերցուց։
10Զիս ամէն կողմէ աւերեց ու ես գացի
Ու իմ յոյսս ծառի մը պէս արմատէն խլեց։
11Անոր բարկութիւնը իմ վրաս բորբոքեցաւ
Ու զիս իր թշնամիներուն կարգը դրաւ։
12Անոր գունդերը մէկտեղ եկան
Ու ճամբանին ինծի դէմ պատրաստեցին
Ու վրանիս բոլորտիքը բանակեցան։
13Անիկա իմ եղբայրներս ինծմէ հեռացուց
Ու արդարեւ ծանօթներս օտարացան ինծմէ։
14Ազգականներս զիս թողուցին
Ու իմ ճանչուորներս զիս մոռցան։
15Իմ տունս բնակողներն ու աղախիններս զիս անծանօթ մէկը սեպեցին
Ու անոնց աչքին առջեւ օտարական եղայ։
16Ծառաս կանչեցի ու անիկա պատասխան չտուաւ,
Թէեւ բերնովս անոր աղաչեցի։
17Իմ շունչս #19:17 Եբր., օտարատելի եղաւ կնոջս
Ու իմ աղաչանքներս՝ իմ մօրս որովայնին որդիներուն։
18Փոքր տղաքն ալ զիս կ’անարգեն
Ու երբ կ’ելլեմ, ինծի դէմ կը խօսին։
19Բոլոր մտերիմ բարեկամներս ինծմէ զզուեցան
Ու իմ սիրականներս ինծի դէմ դարձան։
20Ոսկորներս մորթիս ու մարմնիս փական,
Միայն ակռաներուս կաշիովը ազատեցայ։
21Ո՛վ իմ բարեկամներս, դո՛ւք ողորմեցէք ինծի,
Ողորմեցէ՛ք ինծի, քանզի Աստուծոյ ձեռքը ինծի դպաւ։
22Ինչո՞ւ Աստուծոյ պէս կը հալածէք
Ու մարմինէս չէք կշտանար։
23«Երանի՜ թէ հիմա խօսքերս գրուէին.
Երանի՜ թէ գրքի մը մէջ քանդակուէին։
24Երկաթէ գրիչով կապարի վրայ
Ու քարի վրայ յաւիտենապէս փորագրուէին։
25Վասն զի գիտեմ թէ իմ #19:25 Կամ, ՎրէժխնդիրսՓրկիչս ողջ է
Ու անիկա վերջին ժամանակը պիտի ելլէ #19:25 Եբր., հողիերկրի վրայ։
26Ու թէեւ մորթէս ետքը այս ալ փճանայ,
Բայց իմ մարմնովս Աստուած պիտի տեսնեմ,
27Ես ինծի համար պիտի տեսնեմ
Ու իմ աչքերս պիտի դիտեն զանիկա եւ ո՛չ թէ ուրիշը։
Երիկամունքներս իմ ներսիդիս կը հալին։
28Պէտք էր ըսէիք. ‘Ինչո՞ւ կը հալածենք զանիկա’
Եւ ‘Բանին արմատը իր մէջ գտնուեցաւ’։
29Սուրէն վախցէք. վասն զի բարկութեան պատիժը սուրն է,
Որպէս զի գիտնաք թէ դատաստան մը կայ»։
Currently Selected:
ՅՈԲԱՅ 19: WARMB
Highlight
Copy
Compare
Share
Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in
Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981.

:
Highlight
Copy
Compare
Share
Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in
Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981.