ՅՈԲԱՅ 18
18
1Այն ատեն Բաղդատ Սօքեցին պատասխանեց.
2«Ե՞րբ այդ խօսքերը պիտի հատցնէք.
Հասկցէ՛ք ու անկէ ետքը խօսինք։
3Ինչո՞ւ համար անասուններու պէս համարուինք
Ու աչքերնուդ առջեւ անմաքուր սեպուինք։
4(Դուն որ բարկութիւնովդ քեզ կը պատառես),
Միթէ երկիրը քեզի համար երեսի վրայ պիտի ձգուի՞
Ու ապառաժը իր տեղէն պիտի փոխադրուի՞։
5Անշուշտ ամբարշտին լոյսը պիտի մարի
Ու անոր կրակին բոցը լոյս պիտի չտայ.
6Անոր վրանին մէջ լոյսը պիտի խաւարի
Ու անոր ճրագը անոր վրայ պիտի մարի։
7Անոր զօրութեանը քայլերը նեղութիւն պիտի կրեն
Ու անոր խորհուրդը զանիկա գետինը պիտի զարնէ։
8Վասն զի իր ոտքերովը ուռկանի մէջ պիտի բռնուի
Ու ցանցի վրայ պիտի քալէ։
9Վարմը անոր գարշապարը պիտի բռնէ
Ու աւարառուն անոր պիտի յաղթէ։
10Անոր համար գետնին մէջ թակարդ պահուած է
Ու անոր ճամբուն վրայ՝ որոգայթ։
11Արհաւիրքը զանիկա ամէն կողմէն պիտի պաշարէ
Ու զանիկա իր ոտքերովը ասդին անդին պիտի վազցնէ։
12Անոր զօրութիւնը պիտի անօթենայ
Ու կորուստը անոր քով պատրաստ է,
13Որ անոր մորթին ոյժը ուտէ։
Մահուան առջինեկը պիտի ուտէ անոր ոյժը։
14Անոր վստահութիւնը իր վրանէն պիտի կտրուի
Ու անիկա դէպի զարհուրանքի թագաւորը պիտի քշուի։
15Անոր վրանին մէջ զարհուրանք պիտի բնակի, որ այնուհետեւ իրը պիտի չըլլայ.
Ու անոր բնակարանին վրայ ծծումբ պիտի ցանուի։
16Անոր արմատները տակէն պիտի չորնան
Ու վերէն ճիւղերը պիտի կտրուին։
17Անոր յիշատակը երկրէն պիտի կորսուի
Ու անոր անունը հրապարակներուն մէջ պիտի չտրուի։
18Անիկա լոյսէն խաւարը պիտի քշուի
Ու անիկա աշխարհէն պիտի վռնտուի։
19Իր ժողովուրդին մէջ ո՛չ զաւակ պիտի ունենայ եւ ո՛չ թոռ
Ու անոր բնակարաններուն մէջ մէ՛կը պիտի չմնայ։
20 # 18:20 Կամ, Արեւմուտք բնակողները Յետինները անոր օրուանը վրայ պիտի զարմանան
Ու #18:20 Կամ, Արեւելք բնակողներըառաջինները պիտի սոսկան։
21Արդարեւ, ամբարշտին բնակարանները այսպէս պիտի ըլլան
Ու Աստուած չճանչցողին տեղը այսպէս է»։
Currently Selected:
ՅՈԲԱՅ 18: WARMB
Highlight
Copy
Compare
Share
Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in
Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981.

:
Highlight
Copy
Compare
Share
Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in
Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981.