ԵՐԵՄԵԱՅ 41
41
1Եօթներորդ ամսուան մէջ թագաւորական սերունդէն եղող Եղիսամային որդիին Նաթանիային որդին Իսմայէլը թագաւորին նախարարներովը ու իրեն հետ տասը մարդ Մասփա եկաւ Աքիկամին որդիին Գոդողիային ու հոն մէկտեղ հաց կերան Մասփայի մէջ։ 2Նաթանիային որդին Իսմայէլն ու իրեն հետ եղող տասը մարդը ելան եւ Սափանին որդիին Աքիկամին որդին Գոդողիան սուրով զարկին ու մեռցուցին զանիկա, որ Բաբելոնի թագաւորը երկրին վրայ վերակացու դրեր էր։ 3Իսմայէլը Գոդողիային հետ Մասփայի մէջ եղող բոլոր Հրեաները եւ հոն գտնուած Քաղդէացի պատերազմիկները կոտորեց։
4Գոդողիային սպաննուելուն հետեւեալ օրը՝ դեռ մարդ չիմացած՝ Սիւքէմէն, Սելովէն, 5Սամարիայէն մօրուքնին ածիլած եւ հանդերձնին պատռած ու իրենց մարմնին վրայ կտրածներ ըրած ութսուն մարդ եկան։ Իրենց ձեռքը ընծաներ ու կնդրուկ ունէին՝ Տէրոջը տանը համար։ 6Նաթանիային որդին Իսմայէլը Մասփայէն ելաւ զանոնք դիմաւորելու։ Անիկա գացած ատենը լալով կ’երթար։ Երբ անոնց հասաւ՝ անոնց ըսաւ. «Աքիկամին որդիին Գոդողիային եկէ՛ք»։ 7Ու երբ անոնք քաղաքին մէջտեղը եկան, Նաթանիային որդին Իսմայէլը՝ իրենց հետ եղող մարդոցմով զանոնք մեռցուց ու փոսի մը մէջ նետեց։ 8Անոնց մէջ տասը մարդ գտնուեցան, որոնք Իսմայէլին ըսին. «Մեզ մի՛ մեռցներ, վասն զի մենք դաշտը ցորենի, գարիի, իւղի ու մեղրի ծածուկ շտեմարաններ ունինք»։ Ուստի Իսմայէլ զանոնք իրեն եղբայրներուն հետ չմեռցուց։
9Այն փոսը, որուն մէջ Իսմայէլ Գոդողիային #41:9 Կամ, հետպատճառով բոլոր մեռցուած մարդոց դիակները նետեց, այն փոսն էր, որ Ասա թագաւորը շիներ էր՝ Իսրայէլի Բաասա թագաւորին երեսէն վախնալուն համար. Նաթանիային որդին Իսմայէլը զանիկա մեռելներով լեցուց։
10Իսմայէլ Մասփայի մէջ եղող ժողովուրդին բոլոր մնացորդը գերի բռնեց, թագաւորին աղջիկները ու Մասփայի մէջ մնացած բոլոր ժողովուրդը, որոնց վրայ Նաբուզարդան դահճապետը Աքիկամին որդին Գոդողիան վերակացու դրեր էր։ Նաթանիային որդին Իսմայէլը զանոնք գերի առնելով՝ գնաց Ամմոնին որդիներուն քով։
11Կարէին որդին Յօհանան ու անոր հետ եղող բոլոր զօրավարները, երբ Նաթանիային որդիին Իսմայէլին ըրած չարութիւնը լսեցին, 12Իրենց բոլոր մարդիկը առին ու Նաթանիային որդիին Իսմայէլին դէմ պատերազմելու գացին եւ զանիկա Գաբաւոնին ջուրերուն քով գտան։ 13Իսրայէլին հետ եղող բոլոր ժողովուրդը, երբ Կարէին որդին Յօհանանն ու անոր հետ եղող զօրավարները տեսան, ուրախացան։ 14Իսմայէլին Մասփայէն գերի քշած բոլոր ժողովուրդը երեսնին դարձուցին ու Կարէին որդիին Յօհանանին գացին։ 15Բայց Նաթանիային որդին Իսմայէլը ութ մարդով Յօհանանին երեսէն փախաւ ու Ամմոնին որդիներուն քով գնաց։
16Կարէին որդին Յօհանան ու անոր հետ եղող զօրավարները Նաթանիային որդիէն Իսմայէլէն ետ բերած ժողովուրդին բոլոր մնացորդը Մասփայէն առին՝ Աքիկամին որդիին Գոդողիային մեռցուելէն ետքը, այսինքն Գաբաւոնէն ետ բերած պատերազմող կտրիճներն ու կիները եւ տղաքներն ու ներքինիները 17Ու գացին Բեթլէհէմի քով եղող Քամաամի պանդոկին մէջ նստան, որպէս զի երթան Եգիպտոս մտնեն Քաղդէացիներուն երեսէն, 18Վասն զի վախցան. քանզի Նաթանիային որդին Իսմայէլը Բաբելոնի թագաւորին՝ երկրին վրայ դրած Աքիկամին որդին Գոդողիան մեռցուցեր էր։
Currently Selected:
ԵՐԵՄԵԱՅ 41: WARMB
Highlight
Copy
Compare
Share
Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in
Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981.