YouVersion Logo
Search Icon

ԵՐԵՄԵԱՅ 16

16
ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԿԱՄՔԸ ԵՐԵՄԻԱՅԻՆ ԿԵԱՆՔԻՆ ՀԱՄԱՐ
1Տէրոջը խօսքը ինծի եղաւ՝ ըսելով.
2«Քեզի կին մի՛ առներ։
Այս տեղ տղաքներ ու աղջիկներ մի՛ ունենար,
3Քանզի այս տեղ ծնած տղաքներուն ու աղջիկներուն համար
Եւ այս երկրին մէջ զանոնք ծնանող մայրերուն ու հայրերուն համար
Տէրը այսպէս կ’ըսէ.
4‘Անոնք մահառիթ հիւանդութիւններով պիտի մեռնին։
Անոնց համար սուգ պիտի չբռնուի ու անոնք պիտի չթաղուին։
Երկրի երեսին վրայ աղբի պէս պիտի ըլլան։
Սուրով ու սովով պիտի հատնին։
Անոնց դիակները երկնքի թռչուններուն
Ու երկրի գազաններուն կերակուր պիտի ըլլան’»։
5Քանզի Տէրը այսպէս կ’ըսէ.
«Սուգի տուն մի՛ մտներ ու լալու մի՛ երթար,
Անոնց համար մի՛ ողբար,
Վասն զի այս ժողովուրդէն վերցուցի իմ խաղաղութիւնս,
Ողորմութիւնս ու գթութիւնս։
6Այս երկրին մեծերն ու պզտիկները
Պիտի մեռնին եւ պիտի չթաղուին,
Անոնց համար սուգ պիտի չընեն,
Իրենց մարմիններուն վրայ կտրածներ պիտի չընեն,
Անոնց համար իրենց մազերը պիտի չփետտեն,
7Մեռելի մը վրայով մխիթարութեան համար
Սուգի հաց պիտի չբաժնեն,
Անոնց հայրերուն ու մայրերուն համար
Մխիթարութեան բաժակը անոնց պիտի չխմցնեն։
8Կոչունքի տուն ալ մի՛ մտներ,
Որ անոնց հետ նստիս ուտելու եւ խմելու համար»։
9Վասն զի զօրքերուն Տէրը, Իսրայէլին Աստուածը, այսպէս կ’ըսէ.
«Ահա ես այս տեղէն, ձեր աչքին առջեւէն ու ձեր օրերուն մէջ
Ցնծութեան ձայնը եւ ուրախութեան ձայնը,
Փեսային ձայնն ու հարսին ձայնը պիտի դադրեցնեմ։
10Ու երբ այս բոլոր խօսքերը այս ժողովուրդին ըսես եւ անոնք քեզի հարցնեն՝
‘Ինչո՞ւ համար Տէրը բոլոր այս մեծ չարիքին վրայ խօսեցաւ
Ու ի՞նչ է մեր անօրէնութիւնն ու մեր մեղքը,
Որ մեր Տէր Աստուծոյն դէմ գործեր ենք’,
11Այն ատեն անոնց ըսէ.
‘Վասն զի ձեր հայրերը զիս թողուցին, կ’ըսէ Տէրը
Եւ ուրիշ աստուածներու ետեւէ գացին,
Անոնց ծառայութիւն ըրին եւ անոնց երկրպագութիւն ըրին.
Զիս թողուցին ու իմ օրէնքս չպահեցին։
12Եւ դուք ձեր հայրերէն աւելի չարութիւն ըրիք,
Ինծի մտիկ չընելով՝
Ձեզմէ ամէն մէկը իր չար սրտին կամակորութեանը ետեւէն գնաց։
13Ես ալ այս երկրին երեսէն ձեզ պիտի փոխադրեմ
Այնպիսի երկիր մը, որ չէք ճանչնար
Ո՛չ դուք, ո՛չ ալ ձեր հայրերը
Ու հոն ցորեկ ու գիշեր օտար աստուածներու ծառայութիւն պիտի ընէք,
Վասն զի ձեզի ողորմութիւն պիտի չընեմ’»։
ԱՔՍՈՐԷՆ ՎԵՐԱԴԱՐՁ
14«Անոր համար ահա օրեր պիտի գան, կ’ըսէ Տէրը,
Երբ ա՛լ պիտի չըսուի թէ ‘Կենդանի է Տէրը,
Որ Իսրայէլի որդիները Եգիպտոսի երկրէն հանեց’։
15Բայց ‘Կենդանի է Տէրը,
Որ Իսրայէլի որդիները հանեց հիւսիսային երկրէն
Եւ այն բոլոր երկիրներէն՝ ուր զանոնք քշեր էր’.
Քանզի զանոնք պիտի դարձնեմ իրենց երկիրը,
Որ իրենց հայրերուն տուած էի»։
ԳԱԼԻՔ ՊԱՏՈՒՀԱՍԸ
16«Ահա ես շատ ձկնորսներ բերել պիտի տամ, կ’ըսէ Տէրը,
Որ զանոնք որսան։
Անկէ ետքը շատ որսորդներ բերել պիտի տամ,
Որ զանոնք ամէն լերան վրայէն
Եւ ամէն բլուրի վրայէն
Ու վէմերուն ծակերէն որսան։
17Վասն զի իմ աչքերս անոնց բոլոր ճամբաներուն վրայ են.
Իմ երեսէս ծածկուած չեն,
Անոնց անօրէնութիւնը իմ աչքերուս առջեւէն պահուած չէ։
18Նախ անոնց անօրէնութեանը ու մեղքին
Կրկնապատիկ հատուցում պիտի ընեմ,
Քանի որ իմ երկիրս պղծեցին
Եւ իրենց գարշութիւններուն ու պղծութիւններուն դիակներովը
Իմ ժառանգութիւնս լեցուցին»։
ԵՐԱՄԻԱՅԻՆ ՎՍՏԱՀՈՒԹԵԱՆ ԱՂՕԹՔԸ
19Ո՛վ Տէր, իմ զօրութիւնս, իմ բերդս
Ու իմ ապաստանարանս նեղութեան օրը,
Երկրի ծայրերէն ազգերը քեզի պիտի գան
Ու պիտի ըսեն.
«Իրաւցընէ մեր հայրերը ստութիւն,
Ունայնութիւն ու անօգուտ բաներ ժառանգեցին։
20Միթէ մարդ իրեն աստուածներ կրնա՞յ շինել»։
Ու անոնք աստուածներ չեն։
21«Անոր համար ահա ես անոնց այս անգամ պիտի գիտցնեմ,
Իմ ձեռքս ու իմ զօրութիւնս պիտի գիտցնեմ անոնց
Եւ պիտի գիտնան թէ իմ անունս Եհովա է»։

Currently Selected:

ԵՐԵՄԵԱՅ 16: WARMB

Highlight

Copy

Compare

Share

None

Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in

Video for ԵՐԵՄԵԱՅ 16